Սեպտեմբեր 22-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրեց հրամանագիր մը` Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն նշանակման մասին:
Հրամանագրին համաձայն, կառավարութեան կազմը կը ներկայացնէ հետեւեալը.- Արթուր Աղաբեկեան` փոխ վարչապետ, Զոյա Լազարեան` առողջապահութեան նախարար, Արարատ Դանիէլեան` արդարադատութեան նախարար, Լեւոն Մնացականեան արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար, Կարէն Միրզոյեան` արտաքին գործոց նախարար, Անդրանիկ Խաչատրեան` գիւղատնտեսութեան նախարար, Սլաւիկ Ասրեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, Նարինէ Աղաբալեան` մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար, Մովսէս Յակոբեան` պաշտպանութեան նախարար, Նարինէ Նարիմանեան` աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար, Կարէն Շահրամանեան` քաղաքաշինութեան նախարար եւ Սպարտակ Թեւոսեան` ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարար:
Նախագահական այլ հրամանագիրով մը Արարատ Դանիէլեան` արդարադատութեան նախարար նշանակուելով ազատ կացուցուած է նախագահի խորհրդականի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ նախագահի մնայուն ներկայացուցիչի պաշտօնէն, Լեւոն Գրիգորեան, որ նշանակուած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար, ազատ կացուցուած է Արցախի կառավարութեան առընթեր անշարժ գոյքի պետական կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն, զոր ստանձնած է Կարլեն Ռուբէնի Պետրոսեան:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հ.Օ.Մ.-Ի ՀԵՏ
Սեպտեմբեր 24-ին, նախագահ Սահակեան հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան խումբ մը անդամներու հետ` ատենապետ Վիքի Մարաշլեանի գլխաւորութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին եւ հեռանկարներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Հիւրերը երկրի ղեկավարին վստահեցուցին, որ պատրաստ են ընդլայնելու Արցախի մէջ իրենց գործունէութիւնը:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց տարիներ շարունակ Հ.Օ.Մ.-ի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած աշխատանքները` զանոնք գնահատելով իբրեւ հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորում:
Հանդիպման կը մասնակցէր Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: