ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ ՀԱ­ՍԱԾ ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՀԱ­ՅԵ­ՐՈՒ… ԽՆԴԻՐ­ՆԵՐ, ԼՈՒ­ԾՈՒՄ­ՆԵՐ, ԱՆՈ­ՐՈ­ՇՈՒ­ԹԻՒՆ

0 0
Read Time:12 Minute, 44 Second

ՆԱ­ՅԻ­ՐԻ ՄԿՐՏԻՉ­ԵԱՆ ՏԱՂԼ­ԵԱՆ

 

ե­րէն աւե­լի քան տա­րի մը ետք, սկսաւ սուր­ի­ա­հա­յե­րու հոս­քը դէ­պի Հա­յաս­տան: Ամէն տա­րի, ամառ­նա­յին ար­ձա­կուրդ­նե­րուն, ինչ­պէս միւս գա­ղութ­նե­րու հա­յե­րը, սուր­ի­ա­հա­յու­թեան զգա­լի մա­սը նոյն­պէս իր ամառ­նա­յին հան­գիս­տը կ՛անց­նէր Հա­յաս­տա­նի մէջ, բայց այս տա­րի պա­րա­գա­նե­րը այլ էին: Շա­տեր, սո­վո­րա­կա­նի նման, եկան ու գա­ցին, շա­տեր եկան ըսե­լով` տես­նենք յե­տոյ ինչ կ՛ըլ­լայ… մէկ մասն ալ եկաւ հայ­րե­նիք, հաս­տատ­ուիլ փոր­ձե­լու:

ՀՀ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան փո­խան­ցած Սեպ­տեմ­բեր 3-ի տու­եալ­նե­րով, Սուր­իոյ մէջ քա­ղա­քա­կան ան­կա­յուն իրա­վի­ճա­կի սրու­մէն ետք, Հա­յաս­տան եկան մօտ 5000 սուր­ի­ա­հա­յեր, որոնց­մէ 3300-ը ար­դէն վե­րա­դար­ձած է: Մօտ 1700 անձ դեռ կը մնայ հայ­րե­նի­քի մէջ. առայժմ հայ­րե­նիք մնալ ծրագ­րած է մօտ 60 ըն­տա­նիք (200 անձ), մօտ 300-ը Հոկ­տեմ­բե­րին պի­տի վե­րա­դառ­նայ Սուր­իա, իսկ մնաց­եա­լը անո­րո­շու­թեան մէջ են, անոնց մէջ կան նա­եւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ եր­թալ ծրագ­րող ան­ձինք:

Հա­յաս­տան ու­ղե­ւո­րուող իւ­րա­քան­չիւր հայ, Սուր­իոյ սահ­մա­նէն սկսեալ մին­չեւ Հա­յաս­տան հաս­նիլն ու տե­ղա­­ւոր­ուի­լը, կը հան­դի­պի բազ­մա­թիւ խնդիր­նե­րու: Այդ առու­մով ամե­նա­բար­դը հե­ռա­ւոր շրջան­նե­րու (Գա­միշ­լի, Հա­սի­չէ) մէջ ապ­րող հա­յու­թեան վի­ճակն է. նախ անոնք վի­զա ստա­նա­լու հա­մար պէտք է կապ հաս­տա­տեն Հա­լէ­պի հետ, սպա­սեն պա­տաս­խա­նի: Օդա­նա­ւի տոմ­սի անբ­նա­կան գի­նէն բա­ցի, վտան­գա­ւոր ու ծախ­սա­լից է մին­չեւ Հա­լէպ կամ Դա­մաս­կոս հաս­նի­լը, եր­բեմն վտանգ­նե­րու մէ­ջէն անց­նե­լով կը հաս­նին Հա­լէ­պի օդա­կա­յան, սա­կայն այդ օր­ուան թռիչ­քը տե­ղի չ՛ու­նե­նար, ոմանք կը փոր­ձեն օդա­նա­ւով կամ հան­րա­կառ­քով (Գա­միշլի­էն Դա­մաս­կոս օդա­նա­ւը շա­բա­թը եր­կու օր կը գոր­ծէ) մէկ օր առաջ հաս­նիլ Դա­մաս­կոս, այդ օրը գի­շե­րել տեղ­ւոյն օդա­կա­յա­նին մէջ եւ ապա օդա­նա­ւով մեկ­նիլ Հա­լէպ ու ան­կէ` Երե­ւան:

Օգոս­տոս 28-ին, Գա­միշլի­էն Հա­յաս­տան եկող ըն­տա­նիք մը, օդա­նաւ չըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով ստիպ­ուած եղած է հան­րա­կառ­քով եր­թա­լու Դա­մաս­կոս. եօթ ժամ ու­ղե­ւոր­ուե­լէն ետք, երբ Հոմս հա­սած են վա­րոր­դը մեր­ժած է ճա­նա­պար­հը շա­րու­նա­կել, պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով Դա­մաս­կո­սի մէջ եղած պայ­թիւն­նե­րու վտան­գը: Ըն­տա­նի­քը, որոնց մէջ կա­յին եր­կու ան­չա­փա­հաս երե­խայ, ստիպ­ուած եղած են երե­կոյ­եան իջե­ւա­նե­լու Հոմս, ան­մար­դաբ­նակ ու աւե­րակ դար­ձած քա­ղա­քին մէջ, անո­րո­շու­թեան մէջ: Թէ ո՞ր կողմ եր­թալն է ճիշդ` Գա­միշ­լի՞, շրջա­փակ­ուած օդա­կա­յա­նի ճա­նա­պար­հով Հա­լէ՞պ, թէ պայ­թում­նե­րու թի­րախ դար­ձած Դա­մաս­կոս: Քիչ մը սպա­սե­լէն ետք, իմա­ցած են, որ Դա­մաս­կո­սի ճա­նա­պար­հը բաց­ուած է եւ անոնք մայ­րա­քա­ղաք ուղղ­ուած են սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի զին­ուորա­կա­նի մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ եւ վեր­ջա­պէս 9 ժամ տե­ւող ճա­նա­պար­հը 14 ժա­մէն հաս­նե­լէն ետք, ժա­մա­նած են իրենց բա­րե­կամ­նե­րուն տու­նը եւ այն­տեղ գի­շե­րած` յու­սա­լով, որ առա­ւօտ­եան ան­փոր­ձանք կը հաս­նին Դա­մաս­կո­սի օդա­կա­յան:

Հաս­նե­լով օդա­կա­յան, հոն ծա­գած է այլ խնդիր մը. մեկ­նող­նե­րը ապա­ւի­նե­լով վեր­ջերս ըն­դուն­ուած այն օրէն­քին, որ այն սուր­ի­ա­հա­յե­րը, որոնց իրենց անուն ազ­գա­նու­նը կը փաս­տէ, որ իրենք հայ են, հնա­րա­ւու­րու­թիւն ու­նին իրենց վի­զա­նե­րը Երե­ւա­նի օդա­կա­յա­նէն ստա­նա­լու, Դա­մաս­կո­սի օդա­կա­յան հա­սած են առանց վի­զա­յի, սա­կայն “Սուր­ի­ա­կան օդա­նա­ւի ըն­կե­րու­թիւն“ը ան­պայ­ման վի­զա պա­հան­ջած է: Սուր­իոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նին միջ­նոր­դու­թեամբ եւ ՀՀ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աջակ­ցու­թեամբ, ի վեր­ջոյ ըն­տա­նի­քը հա­սած է Երե­ւան:

Նիւ­թա­կան բա­րեն­պաստ վի­ճա­կի մէջ գտնուող ըն­տա­նիք­ներ փոր­ձած են Գա­միշլի­էն եր­թալ Թէլ Ապ­ի­ատ եւ Թուրք­իոյ ճա­նա­պար­հով մէկ ու կէս օրէն հա­սած են Հա­յաս­տան, ապ­րե­լով ճա­նա­պար­հի դժուա­րու­թիւն­ներն ու վտանգ­նե­րը:

Այլ հարց է հա­լէպ­ցի­նե­րու օդա­կա­յան հաս­նի­լը. դարձ­եալ վտանգ­նե­րու մէ­ջէն անց­նե­լով, եր­բեմն նոյ­նիսկ հա­ւա­նա­կան թռիչ­քի մը յոյ­սով կը հաս­նին օդա­կա­յան: Օգոս­տոս 28-ին, Զուարթ­նոց օդա­կա­յա­նի մէջ վայ­րէջք կա­տա­րած օդա­նա­ւե­րէն երե­քին (մէ­կը ու­ղե­ւոր­ուած էր Լի­բա­նա­նէն, եր­կու­քը` Հա­լէ­պէն) ու­ղե­ւոր­նե­րը սուր­ի­ա­հա­յեր էին: Օդա­կա­յա­նին մէջ հան­դի­պե­ցայ հին ու վա­ղե­մի բա­րե­կամ­նե­րու, ար­դէն երի­տա­սարդ դար­ձած աշա­կերտ­նե­րուս, պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուս, որոնք իրենց ապաս­տա­նը գտած էին հայ­րե­նի­քի մէջ: Տա­րօ­րի­նակ զգա­ցում էր: Ցա­ւա­լի էր, որ անոնք եկած էին պար­տադ­րա­բար` մէկ մա­սը հայ­րե­նի­քը կամր­ջե­լով պի­տի եր­թար Եւ­րո­պա, միւս մա­սը` ռում­բե­րու թի­րախ դար­ձած իրենց տու­նե­րէն փախ­չե­լու, իսկ զգա­լի մաս մըն ալ մտա­ծե­լով տես­նենք ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ եւ ի՞նչ կրնանք ընել:

***

 

Հար­ցը դիւ­րին է, եթէ Երե­ւան հաս­նե­լով ամէն խնդիր լուծ­ուի: Նախ տուն չու­նե­ցող­նե­րը պէտք է վար­ձու տուն գտնեն: Բայց չկան աժան ու յար­մար գի­նե­րով բնա­կա­րան­ներ: Անվ­ճար ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ցա­րան­ներ կը տրա­մադր­ուին, բայց անոնք ալ քա­ղա­քէն դուրս են, որ ձեռն­տու չէ եկող­նե­րուն հա­մար (փախս­տա­կա­նի կար­գա­վի­ճակ ստա­նա­լու հա­մար դի­մում կա­տա­րած է 45 ըն­տա­նիք, որոնց­մէ 21-ը միայն դի­մած է կա­ցա­րան ստա­նա­լու եւ կա­ցա­րան ստա­ցած է Երե­ւա­նի 3-րդ Մա­սիվ թա­ղա­մա­սի եւ Մա­սի­սի շրջա­նի Դարբ­նիկ գիւ­ղին մէջ): Մնաց­եա­լը նա­խընտ­րած է բնա­կա­րան վար­ձել: Կան հա­տու­կենտ մար­դիկ, որոնք իրենց տու­նե­րը անվ­ճար կը տրա­մադ­րեն նիւ­թա­պէս ան­կա­րող ըն­տա­նիք­նե­րու, մին­չեւ որ անոնք լու­ծում մը գտնեն:

Շա­տե­րը յուզ­ուե­ցան ինք­նա­սի­րու­թիւն ու­նե­ցող սուր­ի­ա­հայ կնոջ մը կեց­ուած­քէն. Ամե­րի­կա ապ­րող, ար­մատ­նե­րով սուր­ի­ա­հայ կին մը հա­յաս­տան­ցի ըն­կե­րուհի­ին ըսած է իմ տունս անվ­ճար կը տրա­մադ­րեմ սուր­ի­ա­հա­յե­րուն, այդ առա­ջար­կին հի­ման վրայ` եր­կու երե­խայ ու­նե­ցող սուր­ի­ա­հայ կնոջ մը առա­ջարկ­ուած էր եր­թալ եւ ապ­րիլ այդ տան մէջ, վեր­ջինս մեր­ժած էր ըն­դու­նիլ այդ առա­ջար­կը, ըսե­լով` ես չեմ կրնար ըն­դու­նիլ այդ առա­ջար­կը, ես կա­րո­ղու­թիւնը ու­նիմ վարձք վճա­րե­լու, կրնամ տուն վար­ձել, թող չու­նե­ւոր մը օգտ­ուի այդ տու­նէն, այժմ այդ տան մէջ կ՛ապ­րին սուր­ի­ա­հայ չորս ու­սա­նող­ներ:

Բնա­կա­րա­նի ապա­հո­վու­մը դեռ հար­ցե­րու սկիզբն է: Ինչ­պէ՞ս ապ­րիլ, ի՞նչ աշ­խա­տիլ, ո՞ր դպրո­ցը յա­ճա­խել, առանց փաս­տա­թուղ­թե­րու ինչ­պէ՞ս հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը շա­րու­նա­կել, հիւանդ եւ այ­լե­ւայլ իրա­վի­ճակ­նե­րու մէջ գտնուող մար­դիկ ինչ­պէ՞ս բուժ­ուին:

Մի քա­նի ժամ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն մնա­լով ակա­նա­տես եղայ, որ նման բազ­մա­թիւ հար­ցեր գործ­նա­կա­նօ­րէն կը լու­ծէ նա­խա­րա­րու­թիւնը, երեք ժամ­ուան ըն­թաց­քին: Այն­տեղ իրենց խնդիր­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու եկան եր­կու տասն­եա­կէ աւե­լի սուր­ի­ա­հա­յեր, որոնք ստա­ցան զի­րենք գո­հաց­նող պա­տաս­խան­ներ ու լու­ծում­ներ, իւ­րա­քան­չիւր դի­մո­ղի հետ ցաւ եւ ապա գո­հու­նա­կու­թիւն ապ­րե­լով, ակա­մայ մե­ղադ­րե­ցի յա­ճախ այս նա­խա­րա­րու­թեան հան­դէպ հնչող անի­մաստ խօս­քե­րը, ի՞նչ կ՛ընէ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնը… երեք ժամ­ուան այ­ցի ըն­թաց­քին հասկ­ցայ, որ շատ բան կ՛ընէ, հա­ւա­նա­բար շատ աւե­լին կրնայ ընել (եթէ անոր տրուին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ իրա­ւա­սու­թիւն­ներ), սա­կայն այս­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ նոյ­նիսկ շատ բան կ՛ընէ. չնչին աշ­խա­տա­վար­ձով աշ­խա­տող պաշ­տօն­եա­նե­րը կ՛աշ­խա­տին նոյ­նիսկ աշ­խա­տան­քա­յին ժա­մե­րէն ետք, Ար­մավ­իա­յի ար­տա­կարգ թռիչք­նե­րու ժա­մա­նակ նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօն­եա­նե­րը նոյ­նիսկ կէս գի­շե­րին ու­ղե­ւոր­նե­րը կը դի­մա­ւո­րէ­ին, անոնց փո­խան­ցե­լով անհ­րա­ժեշտ հե­ռա­ձայն­նե­րու թիւե­րը եւ կու տա­յին պէտք եղած ցուց­մունք­նե­րը, իրենց հար­ցե­րը լու­ծե­լու հա­մար: Այդ ցուց­մունք­նե­րուն հի­ման վրայ անոնք եկած էին նա­խա­րա­րու­թիւն, ուր պաշ­տօն­եա­նե­րը առող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն միջ­նոր­դե­լով կը լու­ծէ­ին դի­մող­նե­րու բու­ժում­նե­րը անվ­ճար լու­ծե­լու հար­ցը, կը միջ­նոր­դէ­ին դպրոց­ներ ու հա­մալ­սա­րան­ներ ըն­դուն­ուե­լու հար­ցին, ապա­հո­վե­լով անվ­ճար կամ զեղ­ջով ու­սում ստա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն, ինչ­պէս նա­եւ հա­ւա­քագ­րած էին 500 աշ­խա­տա­տե­ղի ցու­ցակ, դի­մող­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան գործ ապա­հո­վե­լու հա­մար: Կը կազ­մա­կեր­պէ­ին բազ­մա­թիւ սուր­ի­ա­հայ երե­խա­նե­րու հան­գիս­տը ամառ­նա­յին ճամ­բար­նե­րու մէջ: Հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին եղած դժգո­հու­թիւն­ներն ու առա­ջարկ­նե­րը լսե­լով մշա­կած էին նոր օրէնք­նե­րու ծրագ­րեր, դի­մած կա­ռա­վա­րու­թեան եւ մեծ մա­սը ար­դէն ար­ժա­նա­ցած հա­ւա­նու­թեան (վեր­ջին շրջա­նին ՀՀ քա­ղա­քա­ցիու­թեան դի­մում կա­տա­րած սուր­ի­ա­հա­յերն ու լի­բա­նա­նա­հա­յե­րը իրենց անձ­նագ­րե­րը կրնան ստա­նալ այն երկ­րէն ուր­կէ դի­մած են, փաս­տացի­օ­րէն հայ սուր­ի­ա­հա­յե­րը կրնան Հա­յաս­տա­նի մուտ­քի վի­զա ստա­նալ Հա­յաս­տա­նէն, շու­տով օրէնք պի­տի ըն­դուն­ուի ար­տա­կարգ իրա­վի­ճակ­նե­րու մէջ գտնուող հա­յե­րու վի­զա­նե­րը անվ­ճար եր­կա­րե­լու մա­սին օրէն­քը):

Այժմ ար­դէն բաց­ուե­լու շե­մին է սուր­ի­ա­կան կրթա­կան ծրագ­րով գոր­ծող դպրո­ցը, որ­պէս­զի Հա­յաս­տան ժա­մա­նա­կա­ւոր մնա­ցող սուր­ի­ա­հայ աշա­կերտ­նե­րը այն­տեղ կրթու­թիւն ստա­նան եւ Սուր­իա վե­րա­դար­ձին դժուա­րու­թիւն­ներ չու­նե­նան: Կը կազ­մա­կերպ­ուին նա­եւ արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի դա­սըն­թացք­ներ, որ­պէս­զի նոյ­նիսկ ժա­մա­նա­կա­ւոր հայ­րե­նիք մնա­ցող ան­ձեր տե­ղա­ցի­նե­րուն հետ շփուե­լու թնթաց­քին դժուա­րու­թիւն­ներ չու­նե­նան: Այո նա­խա­րա­րու­թիւնը մեծ աշ­խա­տանք կը տա­նի իրեն դի­մող սուր­ի­ա­հա­յե­րու խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու, բայց կան հար­ցեր, որոնք շատ աւե­լի բարդ են քան նա­խա­րա­րու­թեան ու մեր ողջ երկ­րի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը զա­նոնք լու­ծե­լու հա­մար, ինչ­քան ալ Հա­յաս­տա­նի մէջ յա­ռա­ջա­ցած խնդիր­նե­րը լուծ­ուին, մի­եւ­նոյնն է եկող­նե­րու հայ­եացք­նե­րը ուղղ­ուած են իրենց ծննդա­վայ­րե­րը, ուր հա­սակ առած են իբ­րեւ լի­ի­րաւ քա­ղա­քա­ցի­ներ, այն­տեղ կերտ­ուած է անոնց կեան­քի պատ­մու­թիւնը, այն­տեղ է անոնց անց­եալն ու մռայլ ներ­կան, անոնց հայ­եացն­քե­րը ուղղ­ուած են դէ­պի Սուր­իա, դէ­պի անո­րոշ ապա­գայ:

Այս օրե­րուն, երբ նոյ­նիսկ ամառ­նա­յին օրե­րը ան­ցած են, Երե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րէն քա­լե­լու ըն­թաց­քին արեւմ­տա­հա­յե­րէն լսե­լը շատ սո­վո­րա­կան երե­ւոյթ է: Որ­քա՞ն պի­տի տե­ւէ այս իրա­վի­ճա­կը դեռ անո­րոշ է: Հա­ւա­նա­բար ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին բո­լոր խնդիր­նե­րը իրենց լու­ծում­նե­րը գտնեն, բայց թէ ինչ­պէ՞ս դեռ կը մնայ անո­րոշ…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles