Հ.Յ.Դ.-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 54 Second
Մարիօ Նալպանտեան

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, թէ  Յուլիս 23-24-ին Ընկերվար Միջազգայնականի Ա.Պ.Հ.-ի (Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութիւն), Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ Մոլտավիոյ մայրաքաղաք Քիշինիեւի մէջ, տեղւոյն Ժողովրդավարական կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ:

Ժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ Մոլտաւիոյ, Պիելոռուսիոյ, Վրաստանի, Ուքրայինիայի, Ռուսաստանի, Ղազախստանի, Հայաստանի, Լեհաստանի, Հունգարիոյ եւ Յունաստանի անդամ կուսակցութիւններէն: Ներկայ էր նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալա:

Ժողովին մասնակից Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը կը բաղկանար ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանէն եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանէն: Ժողովին նախագահեցին յանձնախումբի համանախագահներ Մարիօ Նալպանտեան եւ Ալեքսանտրա Տոպոլին (Հունգարիա):

Նշենք թէ Ընկերվար Միջազգայնականը  ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց մըն է: Անիկա կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասերէ աւելի քան 140 երկիրներու 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

Ա.Պ.Հ. երկիրներու կուսակցութիւններէն միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի լիիրաւ անդամի կարգավիճակ: Հ.Յ.Դ. անդամ Մարիա Թիթիզեան կազմակերպութեան փոխնախագահ է, իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան` Ա.Պ.Հ., Կովկասի եւ Սեւծովեան երկիրներու յանձնախմբի համանախագահ:  Հ.Յ.Դ.-ի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY):

Կիրօ Մանոյեան

Ժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Մոլտաւիոյ Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար եւ խորհրդարանի նախագահ Մարիան Լուփու եւ նոյն կուսակցութեան ու խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Վլատիմիր Փլահոթնիք: Ժողովին մասնակցեցան եւ ելոյթ ունեցան կուսակցութեան պատուոյ նախագահ ու խորհրդարանի նախկին նախագահ Տումիթրու Տիաքով եւ իշխող համաձայնական կառավարութեան միակ կին նախարարը` Ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Վալենթինա Պուլիկա:

Ժողովի օրակարգը կազմուած էր Ընկերվար միջազգայնականի յառաջիկայ համագումարի օրակարգի նիւթերուն հիման վրայ` նպատակ ունենալով այդ նիւթերուն շուրջ կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովի որոշումներուն եւ բանաձեւերուն մշակման ժամանակ նկատի ունենալ նաեւ շրջանի տեսակէտները: Օրակարգի հարցերն էին.

1.- Ա.Պ.Հ.-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու տնտեսական հեռանկարը` ներառելով շրջանային հեռանկարները համաշխարհային ընկերվար-ժողովրդավարական հայեացքին մէջ:

2.- Ժողովրդավարութեան ամրապնդում եւ մենատիրութեան յաղթահարում` շրջանի երկիրներուն մէջ իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ապահովում:

3.- Շրջանային վէճերու եւ տագնապներու յաղթահարման համար երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու ուղին:

4.- Շրջանի երկիրներու ազգային իրավիճակին մասին զեկուցումներ:

Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչները ելոյթներ ունեցան օրակարգի բոլոր հարցերուն շուրջ: Աւարտին ժողովը որդեգրեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.-

 

2012ի Յուլիս 23-24ին, Քիշնեւի մէջ համախմբուած Ընկերվար Միջազգայնականի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւ Ծովեան յանձնախումբը քննարկեց տարածաշրջանի տնտեսական հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման համար` երկխօսութեան ու բանակցութիւններու ամրապնդումը: Մեկնելով իր անդամ կուսակցութիւններու եւ տարածաշրջանէն հրաւիրուած հիւրերու փորձառութենէն, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան ու հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ անհաւասար եւ դժուար յառաջընթացի լոյսի տակ, յանձնախումբը համաձայնութիւն գոյացուց հետեւեալին շուրջ.

Կը շարունակուի 2010ին Պիելոռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու Միքալա Սթաթքեւիչի բանտարկութիւնը: Օրական դրութեամբ տեղի կ՛ունենան մարդու իրաւունքներու բացայայտ խախտումներ, ներառեալ` քաղաքական բանտարկեալներու խոշտանգումներ եւ վարչակարգի նկատմամբ իրենց տեսակէտը արտայայտող ընդդիմադիրներու հալածանքներ: 2010 թուականի ընտրութիւններէն  ի վեր, Պիելոռուսիոյ մէջ առաւել եւս խորացած է բռնատիրական, մենատիրական վարչակարգը: Այդ վարչակարգին նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցները պէտք է շարունակուին, սակայն պէտք է աւելին ընել եւ իշխանութիւններուն վրայ ճնշումը սաստկացնել  այնքան, որ կարելի ըլլայ դրական փոփոխութիւններ ձեռք բերել: Այս կ՛ենթադրէ նուազագոյնը Միքալա Սթաթքեւիչեւ Պիելոռուսիոյ մէջ բոլոր միւս քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներուն նկատմամբ ճնշումներու աւարտը:

Ուքրայինայի մէջ նախագահին եւ իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերը խստօրէն սահմանափակած են ժողովրդավարական ազատութիւնները: Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարները հալածանքի կ՛ենթարկուին քաղաքական պատճառներով, եւ յառաջ կը մղուի պետական կառոյցներու օգտագործումը` իբրեւ քաղաքական վրէժխնդրութեան գործիք եւ ընտրովի արդարութիւն: Պէտք է վերջ տալ դէպի մենատիրութիւն տանող այս անկումին, յարգելով այն սկզբունքը, թէ քաղաքական վէճերը պէտք է լուծել ժողովրդավարական միջոցներով` քուէատուփի ճամբով եւ խորհրդարանին մէջ, առանց դիմելու քաղաքական նպատակներով հալածանքներու եւ քրէական դատարաններուն մէջ կեղծուած վճիռներու: Քաղաքական բանտարկեալները, ներառեալ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքոն, պէտք է ազատ արձակուին 2012ի աշնան կայանալիք ընտրութիւններէն առաջ, որպէսզի կարելի ըլլայ բաց, մրցակցային ընտրարշաւ կայացնել:

Հոկտեմբեր 2012ին Վրաստանի մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները վճռական նշանակութիւն ունին ժողովրդավարութեան զարգացման համար, որպէսզի հող պատրաստուի 2013 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն` անկախութենէն ի վեր առաջին անգամ ժողովրդավարական միջոցներով իշխանութեան փոխանցման, երբ կ՛աւարտի գործող նախագահի պաշտօնավարման երկրորդ եւ վերջին ժամկէտը: Այս տեսանկիւնէ կենսական է վերջ տալ քաղաքական գործընթացի վրայ դրուած ճնշումներուն եւ ստեղծել արդար ու մրցակցային պայմաններ` քաղաքական մրցակցութեան համար: Վրաստանը պէտք ունի մամուլի ազատութեան, վերջ պէտք է տրուին գործող ուժին ի նպաստ վարչական միջոցներու օգտագործման եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ գործիչներու դէմ ճնշումներուն:

Հիմնուած Ընկերվար Միջազգայնականի 2010ի Նոյեմբերի Փարիզի Խորհուրդի ժողովին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ միաձայնութեամբ ընդունուած յայտարարութեան վրայ, յանձնախումբը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանի վերջին յայտարարութիւններուն առնչութեամբ, որոնց համաձայն, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծէն պիտի չհեռացնէ իր արձակազէնները, ինչպէս նաեւ, հակառակ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն տրուած երաշխիքներուն, Ղարաբաղ-Հայաստան քաղաքացիական թռիչքներու վերսկսման դէմ ուղղուած սպառնալիքներու առնչութեամբ: Հակամարտութեան երկու կողմերուն դերակատարներուն հետ իր աշխատանքը շարունակելու համար, Ընկերվար Միջազգայնականը կապեր պիտի ստեղծէ եւ երկխօսութիւն հաստատէ Ատրպէյճանի մէջ նման ուղղութիւններու տէր քաղաքական զրուցակիցներու հետ:

Մասնակիցներ դրական գնահատեցին այն փաստը, որ միջազգային համայնքը հետզհետէ պիտի ընդունի, թէ չճանչցուած պետութիւններուն մէջ ապրիլը այդ միաւորի քաղաքացիները պիտի չզրկէ մարդու հիմնական իրաւունքներէ եւ ազատութիւններէ, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներէ, ներառեալ` “ուղղակի կամ ազատօրէն ընտրուած ներկայացուցիչներու միջոցով հասարակական կեանքը վարելու մասնակցութեանե իրաւունքէն, ինչպէս ամրագրուած է Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր ժողովի 2200A (XXI) բանաձեւով որդեգրուած Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային պայմանագիրի 25a յօդուածին մէջ: Այս տեսանկիւնէ պէտք է դիտարկել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայացած վերջին ընտրութիւնները:

Յանձնախումբը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Մոլտովայի դեմոկրատական կուսակցութեան` հիւրընկալելու համար ժողովը եւ կը գնահատէ անոր աւանդը Մոլտովայի հանրապետութեան քաղաքական կեանքին եւ զարգացման իմաստով, որովհետեւ ամուր կերպով կը հաստատէ ընկերվար ժողովրդավարութիւնն ու կ՛ամրացնէ բազմակուսակցական ժողովրդավարութիւնը երկրին մէջ: Մերձդնեստրի հարցով յանձնախումբը կը պաշտպանէ Մ.Դ.Կ.-ի եւ Մոլտովայի կառավարութեան մէջ իր գործընկերներու նախաձեռնութիւնները` աստիճանաբար քայլերու ձեռնարկելու` տեւական լուծումի համար պայմաններ ստեղծելու նպատակով:

Յանձնախումբը կը վերահաստատէ միջքոնկրէսական ժամանակահատուածի ընթացքին Ընկերվար Միջազգայնականի դրական դերակատարութիւնը` տարածաշրջանի ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւնները ի մի բերելու, ընդհանուր քաղաքականութիւն մշակելու եւ մեր շարժման ընդհանրական նպատակները հետապնդելու տեսանկիւնէ: Մեր կազմակերպութիւնը յանձնառու պիտի մնայ Ա.Պ.Հ.-ի, Կովկասի եւ Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի այլ մասերուն մէջ ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր արժէքներու նկատմամբ եւ պիտի շարունակէ այս օրակարգը հետապնդել ապագային:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles