ԱՐԱՐԱՏԷՆ ՔԻԼԻՄԱՆՃԱՐՕ

0 0
Read Time:2 Minute, 20 Second

 

Սփիւռքահայու մարմաջ, կամք, բերկրանք…բարձրանալու լեռն ու գագաթն ի վեր: …Եւ այդ ալ, ոչ թէ միայն դէպի Արարատ, այլ նաեւ այլ ցամաքամաս եւ այլ բարձունք: Արդարեւ, քանի մը հայորդիներ որոնք արդէն իսկ Արարատին գագաթը նուաճելու առիթը ունեցած էին, այս անգամ մեկնած էին Ափրիկէի խորերը, նուաճելու համար, այդ ցամաքամասի բարձրագոյն գագաթը` Քիլիմանճարօն:

Քանի մը տարի առաջ, հայրենի գրագէտ Զoրի Բալայեան եւ ընկերներ, իրենց »Կիլիկիա« նաւուն հետ, աշխարհի չորս կողմերը նաւարկած էին: Այս լեռնագնացներն ալ…Կոստան Զարեանի հետքերով, իրենց “նաւ“ը` կիզակէտը լեռներու վրայ ուղած են: Այսպէս, ութ հայորդիներ այդ սխրագործութիւնը կատարեցին, պայքարելով բնութեան ստեղծած դժուարութիւններուն դէմ: Լեռնագնաց խումբին մաս կը կազմէր, նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին նախկին տնօրէն Յարութիւն Արմէնեան, որ  յատուկ գրութիւն մը պատրաստած է այս արկածախնդրութեան մասին.-


Յարութիւն Արմէնեան

 

Ութ հայորդիներ, մէկ խումբ:

Խումբ որ անցնող տարիներու Արարատի բարձունքի փորձառութեան վրայ կուզէ այսօր աւելցնել Ափրիկէի տանիքը սեպուող այս գագաթն ալ:

Խումբին մէջ են անհատներ որ Արարատի գագաթէն ետք տարիներէ իվեր կերազեն այս մէկը:

Խումբին անդամներն են`

Գնել Անանեան

Արա Թէքեան

Նարինէ Կիլներ

Արթուր Մելքոնեան

Աշոտ Յովհաննէսեան

Սօնա Արմէնեան

Սարօ Արմէնեան

Յարութիւն Արմէնեան

Պատրաստութիւնը ամիսներու վրայ կերկարի: Ամենօրեայ հաղորդակցութիւններով կարեւոր հարցեր իրենց լուծումները կը գտնեն շնորհիւ Սօնայի կազմակերպչական աւանդին:

Ամենէն մտահոգիչը օդի նօսրացման ու բարձրութեան հիւանդութեան կարելի հարցերն են: Վախ չունինք խումբի անդամներու կարողականութենէն ու պատրաստութենէն:

—      Հզօր խումբ ենք.- կըսէ մեր ամենէն փորձառու լեռնագնաց Արթուրը, քաջալերական իր ժպիտով:

Վերջին ամիսներու պատրաստութեան ընթացքին քալիֆորնիացիները բարձրացած են Լոս Անճելըսի շրջանին ամենէն բարձր գագաթները, իսկ Հայաստանի տղաքը մի քանի անգամ ելեր ու իջեր են Արագածի ու նաեւ Աժտահակի գագաթները:

Յունիսի սկիզբը Հայաստան կարճ ճամբորդութեանս ընթացքին ես ալ իրենց հետ եմ, երբ կը բարձրանանք Աժտահակի ու Արագածի գագաթները: Արագածի վրայ, մենք կը մրլտանք պայմանական մեր երգը.-

Քելէ քելէ

Պօյիդ մեռնեմ

Քիլի քիլի

Մանճարօ

Քիչ մը մտահոգ եմ: Եօթանասունամեակս դեռ շաբաթ մը առաջ տօնեցինք. բժիշկս շատ քաջալեր չէր այս արկածախնդրութեանս նկատմամբ: Բայց Սօնային ու մանաւանդ մեր տղուն Սարոյին հետ այս գագաթը որպէս ընտանիք միասին բարձրանալու առիթը չեմ ուզեր փախցնել:

Յունիսի 24-ին արդէն հաւաքուած ենք Մօշի, Թանզանիա:

Առաւօտեան ամէն մարդ պատրաստ է ու ճամբայ կելլենք

Որոշած ենք Րոնկայի դժուար ուղիով բարձրանալ հինգ օրէն:

Առաջին չորս օրերը բաւական դիւրին կանցնին բոլորիս համար:

Մեծ դժուարութիւնը վերջին օրն էր, երբ կէս գիշերին ճամբայ կելլենք: Չափազանց ցուրտը եւ օդին նօսրութիւնը մեզ շատ դանդաղեցուցած են: Մութին` վեց ժամէն կը հասնինք Կիլմըն, որմէ ետք մօտ երկու ժամէն գագաթին ենք` Ուհուրու 5895 մեթր: Յունիս 30-ի առաւօտն է. ժամը 8:30:

Սքանչելի արեւածագ: Ամէն կողմ ծածկող սառին ու ձիւնին հիանալի փայլքը:

Խանդավառութեան եւ ուրախութեան սահման չկայ

Տղաքը երկու եռագոյն դրօշ կը պարզեն մէկը Երեւանէն իսկ միւսը Լոս Անճելըսէն բերուած:

Կը նկարուինք:

Վերադարձը աւելի դիւրին է եւ մեր 76 քիլոմեթրի (մօտաւորապէս 47 մղոն) Ճանապարհորդութիւնը վերջ կը գտնէ մեր այնքան կարօտցած տաք բաղնիքով:

Այսօր, Քիլիմանճարոյի մեր փորձառութիւնը արդէն անուշ ու հաճելի յիշատակներու շարքի մըն է վերածուած:

Ութ հայորդիներ, մէկ ոգի:

Յուլիս 16, 2012

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles