Յօդուածներ

Քաղաքական, Բայց Արդեօ՞ք Քաղաքականութիւն

ՌԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Վերջին քանի մը գրութիւններս` «Մէկ հանրապետութիւն, մէկ ազգ, մէկ դրօշ», «Մէկ դրօշ, բայց ի՞նչ կը նշանակէ «Համահայկական»-ը», «Միասնական, բայց արդեօ՞ք միակարծիք» եւ «Հիմնադիր կուսակցութեան պատասխանատուութիւնը` պետութեան կողքին, ազգային շահի պահապան», համեստ փորձեր են վերադառնալու հայ քաղաքական մտքի քանի մը հիմնարար հասկացութիւններուն եւ մեր այսօրուան իրականութեան մէջ վերաքննելու անոնց իմաստը: Այս շարքը, կատակով, բայց նաեւ որոշ լրջութեամբ, սկսած եմ կոչել «Դաշնակիստ գրութիւնները»: Անունը միաժամանակ կը յիշեցնէ Դաշնակցութիւնը եւ հայութիւնը համախմբելու անոր գաղափարը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան հին դաշնակցային գրութիւնները: Այս յօդուածով կը շարունակեմ այդ մտքերու շարքը:

Հայկական հանրութեան մէջ քաղաքական խօսակցութիւնը արտասովոր կերպով աշխուժ է: Մենք կը հետեւինք, կը քննարկենք, կը քննադատենք եւ արագօրէն կը դիրքորոշուինք գրեթէ ամէն հարցի շուրջ: Սակայն քաղաքական աշխուժութիւնը դեռ քաղաքական կարողութիւն չէ: Այս յօդուածիս հիմնական հարցումը հետեւեալն է. մեր քաղաքական եռանդը ի՞նչ ուժ կը ձգէ իր ետին:

«Քաղաքականութիւն» բառով յաճախ կը խառնենք իրարմէ տարբեր երկու երեւոյթներ: Առաջինը հաւաքական կեանքի կազմակերպման, ուժի կերտման եւ այդ ուժը գործածելու վերաբերող քաղաքական մտածողութիւնն է: Երկրորդը` ներազգային դաշտին մէջ իշխանութեան, դիրքերու եւ լծակներու շուրջ առօրեայ պայքարն է: Վերջինս, այս յօդուածին մէջ, պիտի կոչեմ «փոլիթիքս»` բառը գործածելով ոչ թէ politics-ի ամբողջ իմաստով, այլ անոր նեղ` ներքին իշխանապայքարի իմաստով:

Վերջերս փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի հետ ունեցած խօսակցութիւն մը օգնեց ինծի ճշդելու առաջին եզրը: Արիստոտէլի համար քաղաքականութիւնը նախ եւ առաջ քաղաքական համայնքի կազմակերպման եւ հասարակաց բարիքի հետապնդման հարց էր: Մարդիկ համայնք մը կը կազմեն ոչ միայն միասին ապրելու, այլ նաեւ միասին գործելու համար: Այս իմաստով քաղաքական մտածողութիւնը կարելի է հասկնալ որպէս հայութեան հաւաքական կարողութիւնը կազմակերպելու եւ գործածելու հարց: Ան երկու ուղղութիւն ունի. ներսը` հաւաքական ուժ կերտել, դուրսը` այդ ուժը գործածել ի շահ ազգին:

Հայկական հաւաքական ուժը հայութեան` Հանրապետութեան եւ սփիւռքի տարածքին, մարդիկ, գիտելիք, դրամագլուխ, հաստատութիւններ եւ յարաբերութիւններ ընդհանուր նպատակներու շուրջ մէկտեղելու կարողութիւնն է: Արտաքին քաղաքականութիւնը այն դաշտն է, ուր այս ուժը կրնայ իր դերը խաղալ միջազգային անիշխան միջավայրին մէջ: Այստեղ իշխանութիւնը հաւաքականութեան համար գործիք է, ոչ թէ` նպատակ:

Advertisement Subscribe Today

Փոլիթիքսը ուրիշ բան է: Ան ներազգային դաշտին մէջ պետութեան, կուսակցութիւններու եւ այլ կառոյցներու լծակներուն, պաշտօններուն, միջոցներուն եւ ազդեցութեան ցանցերուն տիրանալու ու զանոնք պահելու պայքարն է: Հայ հանրային կեանքը այսօր կը թուի մեծ մասամբ այս իմաստով քաղաքական ըլլալ: Ասիկա բարոյական մեղադրանք չէ. հայերը աւելի պառակտուած կամ կարճատես չեն, քան ուրիշ ազգեր: Բայց այս ներքին սեւեռումը կրնայ ունենալ երկու տարբեր աղբիւրներ, որոնք իրարու չեն հակասեր:

Առաջին բացատրութիւնը մեր արտաքին քաղաքական կարողութեան սահմանափակումն է: Երբ հայութիւնը չի կրնար էական չափով ազդել այն որոշումներուն վրայ, որոնք կը ձեւաւորեն իր անվտանգութիւնը, իր տարածական միջավայրը կամ իր ապագայի պայմանները, քաղաքական եռանդը չի վերանար: Ան կը տեղափոխուի այն դաշտը, ուր ազդեցութեան լծակները աւելի հասանելի են` ներազգային դաշտ: Անգարայի, Մոսկուայի կամ Ուաշինկթընի որոշումները մեծ մասամբ մեզմէ կախեալ չեն. իսկ Երեւանի իշխանութեան, կուսակցութիւններու կամ մեր սեփական կառոյցներուն վրայ պայքարը կրնայ յաճախ անմիջական հետեւանքներ ունենալ: Այսպէս, արտաքին անզօրութիւնը քաղաքական եռանդը կը մղէ դէպի ներս, ոչ թէ որովհետեւ ներքին հարցերը աւելի կարեւոր են, այլ որովհետեւ հոն ազդեցութիւն գործադրելը աւելի հնարաւոր է:

Երկրորդ բացատրութիւնը մեր քաղաքական կեանքին պարբերաբար պատահած խոր ցնցումներուն մէջն է կարծես: 1998-ի իշխանութեան փոփոխութիւնը, 2018-ի զանգուածային շարժումը եւ 2020-ի պատերազմն ու պարտութիւնը տարբեր բնոյթի էին, բայց երեքն ալ խախտեցին նախորդ քաղաքական համաձայնութիւնները եւ վերաձեւակերպեցին պետութեան ուղղութեան մասին վէճը: Իւրաքանչիւր ցնցում ոչ միայն փոխեց իշխանութեան դասաւորումը, այլ նաեւ խորացուց քաղաքական բաժանումներն ու անվստահութիւնը` հարցականի տակ դնելով, թէ ո՛վ իրաւասու է խօսելու պետութեան եւ ազգին անունով: Իւրաքանչիւր փուլ թուլցուց վստահութիւնը եւ քաղաքական մրցակցութիւնը վերածեց աւելի խոր պայքարի` անցեալին հետ հաշուեյարդարի, պետութեան ուղղութեան եւ ազգային ինքնութեան շուրջ: Այս պատճառով ներքին քաղաքականութիւնը մեզի համար սովորական իշխանապայքար չի մնար. ամէն նոր փուլ կրնայ ընկալուիլ որպէս նախորդ շրջանի մերժում եւ նոր սկիզբի հաստատում:

Այս երկու բացատրութիւնները զիրար չեն բացառեր: Արտաքին աշխարհին վրայ ազդելու սահմանափակ կարողութիւնը մեր քաղաքական եռանդը կը մղէ դէպի այն ներքին դաշտը, ուր ազդեցութիւնը աւելի հասանելի է: Իսկ 1998-ի, 2018-ի եւ 2020-ի ցնցումները այդ նոյն դաշտը պարբերաբար կը ցնցեն` խորացնելով անվստահութիւնը եւ մրցակցութիւնը: Առաջինը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ քաղաքական եռանդը ներքին կը դառնայ, երկրորդը` ինչո՛ւ այդ ներքին պայքարը ամէն անգամ այսքան սուր եւ գոյութենական կը դառնայ: 2020-էն ետք լարուածութեան սուր աճը, հետեւաբար, պէտք է հասկնալ երկու գործօններու միացեալ ազդեցութեամբ` արտաքին անզօրութեան երկարատեւ պայմանին եւ պատերազմի ու պարտութեան ստեղծած խոր ճգնաժամին:

Այսպիսով կը ստեղծուի ինքնիրեն սնուցանող ընթացք մը: Արտաքին աշխարհին վրայ սահմանափակ ազդեցութիւնը քաղաքական եռանդը կը մղէ դէպի ներքին պայքարներ, մինչ այդ պայքարներուն մէջ սպառուող եռանդը կը խոչընդոտէ նոր հաւաքական ուժի կերտումը:

Այսօրուան հայկական փոլիթիքսը հասկնալու համար բաւական է նայիլ, թէ տարբեր կողմեր ինչպէ՛ս կը սահմանեն իրենք զիրենք իրարու հակադրութեամբ` կուսակցութիւններու, իշխանութեան եւ ընդդիմութեան, Եկեղեցւոյ ու պետութեան, Երեւանի եւ սփիւռքի միջեւ: 1991-ը 2018-ի դէմ է, իսկ 2018-ը` 1991-ի: Ասոնք սովորական տարակարծութիւններ չեն: Կողմերէն իւրաքանչիւրը յաճախ իր գոյութիւնը կը սահմանէ միւսին ժխտումով: Առանց հակառակորդին, շատերու քաղաքական ինքնութենէն կարեւոր մաս մը կը տկարանայ: Ասիկա պատահական վատնում չէ. այսօր ան կարծես քաղաքական մշակոյթի մը վերածուած է:

Ասիկա միայն հայկական երեւոյթ մը չէ: Անտոն JՊger-ի «Hyperpolitics» գիրքը կը նկարագրէ ժամանակակից այն հակասութիւնը, ուր քաղաքական խօսակցութիւնը եւ քաղաքականացումը կը շատնան, բայց մնայուն կերպով հաւաքաբար գործելու կարողութիւնը կը նուազի: Մարդիկ կը միանան համացանցին վրայ կամ փողոց կ՛իջնեն պահուան մը համար, ապա կը ցրուին` առանց նոր հաստատութիւն, շարունակուող կառոյց կամ յաջորդ գործողութեան հիմք ձգելու: Հայկական կեանքին մէջ ալ նման պոռթկումներ նուազ ծանօթ չեն:

Քաղաքական աշխուժութիւնը ինքնաբերաբար հաւաքական ուժ չի ստեղծեր: Անոր համար անհրաժեշտ են կուսակցութիւններ, քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, հետազօտական կեդրոններ, հիմնադրամներ, լրատուական հաստատութիւններ եւ մասնագիտական ցանցեր, որոնք ցրուած անհատները, գիտելիքն ու միջոցները կը վերածեն տեւական կարողութեան: Ուստի ամէն վէճէ, արշաւէ կամ ժողովէ ետք պէտք է հարցնել` ի՞նչ մնաց կանգուն: Նոր կարողութի՞ւն, նոր յարաբերութի՞ւն, նոր կառո՞յց, թէ՞ միայն նոր դիրքաւորում:

Հոս նաեւ պէտք է զգոյշ ըլլալ. վէճը ինքնին ախտ չէ: Առողջ քաղաքական կեանքը տարակարծութիւն կ՛ենթադրէ: Խնդիրը կը ծագի այն ժամանակ, երբ տարակարծութիւնը կը դադրի տարբեր նպատակներու շուրջ բանավէճ ըլլալէ եւ կը վերածուի կողմերու փոխադարձ ժխտման: Այդ պահուն քաղաքական պայքարը այլեւս միջոց չի մնար` հասարակաց նպատակներու շուրջ որոշումներ գտնելու համար, այլ կը դառնայ ինքնութեան եւ գոյութեան հաստատման ձեւ. ասիկա է, որ ներքին տարակարծութիւնը երբեմն կը վերածէ աւելի խոր եւ երկարատեւ հակադրութեան:

Հաւաքական ուժը միայն կառոյցներով չի ստեղծուիր. ան նաեւ ընդհանուր կապի եւ նպատակի կը կարօտի: Ազգայնականութիւնը (ոչ թէ մոլեռանդ իմաստով), այն ձեւերէն մէկն է, որով դարաւոր պատմութիւն ունեցող ազգ մը (ինչպէս հայերը) կը կապուի ինքնիր հետ եւ կը կազմէ ընդհանուր կամք: Հայ քաղաքական եռանդի հիմնական ճգնաժամը այսօր ոչ թէ անոր պակասն է, այլ զայն դուրսի աշխարհին վրայ ազդեցութեան եւ տեւական հաւաքական կարողութեան վերածելու անկարողութիւնն է` կարծես: Ինչպէ՞ս այդ կապը վերածել ուժի եւ զայն գործածել իրատեսօրէն` մեր ձգտումները չշփոթելով մեր կարողութիւններուն հետ: Այդ մասին պիտի փորձեմ համեստաբար գրել յաջորդ յօդուածիս մէջ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button