Պաքուն Կրնայ Զղջալ, Որ «Սի.Էն.Էն.»-ին Դէմ Դատ Բացաւ՝ Ատրպէյճանի Մէջ Իսրայէլեան Ուժերու Մասին Տեղեկագրութեան Համար
Յարութ Սասունեան
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարանին մօտ դատ բացաւ «Սի.Էն.Էն.»-ի դէմ՝ «Իրանի դէմ պատերազմին ընթացքին Իսրայէլ զօրք ուղարկած է Ատրպէյճան» յօդուածին համար։
Վկայակոչելով անանուն աղբիւրներ՝ «Սի.Էն.Էն.»-ը 5 յունիս 2026-ին հաղորդած է, որ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժերը՝ «բաղկացած են քանի մը տասնեակ զինուորականներէ, որոնց շարքին՝ Իսրայէլի յատուկ գործողութիւններու ուժերէն, անոր ուղղաթիռի յատուկ մարտական ու փրկարարական ստորաբաժանումներէն եւ «Մոսատ»-ի անձնակազմէն»։ «Սի.Էն.Էն.»-ը հաղորդած է, որ իրեն տեղեկութիւններ փոխանցուած են այն մասին, թէ Իրանի սահմանին մօտ՝ Ատրպէյճանի հարաւը գտնուող քանի մը ռազմակայաններու մէջ տեղակայուած իսրայէլեան խումբերը հետախուզական տուեալներ հաւաքած են եւ անօդաչու թռչող սարքերու գործողութիւններ կատարած, ինչպէս նաեւ պատրաստութեան բերած են դիրքեր, որոնք կրնային աջակցիլ օդային փրկարարական առաքելութիւններու՝ Իրանի օդային տարածքին մէջ իսրայէլցի օդաչուներու վար առնուելու պարագային։
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդած է, որ Իսրայէլ ամիսներ տրամադրած է իրանեան-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքին հետախուզական ենթակառոյցներ նախապատրաստելու համար՝ նախքան ռազմական գործողութիւններուն սկսիլը։ Լրատուական ցանցին վկայակոչած աղբիւրներուն համաձայն՝ իսրայէլացի գործակալները 2026-ի սկիզբը սահմանամերձ հատուածին մէջ տեղադրած են տեսահսկողութեան եւ հետախուզական տուեալներու հաւաքման սարքաւորումներ, ինչ որ կ՛արտացոլացնէր Իսրայէլի մտահոգութիւնները, թէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ դիւանագիտական ջանքերը ի վերջոյ ձախողութեան պիտի մատնուին։
«Սի.Էն.Էն.» նաեւ հաղորդած է, որ Իսրայէլի հետ այս յարաբերութիւնները «Ատրպէյճանին հասողութիւն կու տան դիւանագիտական կարեւորագոյն կարելիութեան մը. ըստ «Ճգնաժամային խումբ»-ի աւագ վերլուծաբան Ճոշուա Քուչերայի՝ արտօնելով Պաքուն օգտագործելու Իսրայէլի լոպին Ուաշինկթընի մէջ»։
Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի, Ատրպէյճանէն իրականացուած հիմնական բանալի գործողութիւններէն մէկը 4 մարտ 2026-ին սպանութիւնն էր Ռահման Մողատամի, որ կը ղեկավարէր Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի հետախուզական ստորաբաժանումը։
«Սի.Էն.Էն.»-ի յօդուածին մէջ լուսարձակի տակ առնուած են Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած երկարամեայ ռազմավարական յարաբերութիւնները: Պաքուն կ՛ապահովէ Իսրայէլի նաւթի ներածման 40 առ հարիւրը, մինչդեռ Իսրայէլ Ատրպէյճանին կը մատակարարէ անոր արդիական սպառազինութեան 70 առ հարիւրը: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ Իսրայէլի հետ Պաքուի յարաբերութիւնները համեմատած էր սառցալերան մը հետ, որուն 90 առ հարիւրը թաքնուած է ջուրին մակերեսին տակ:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն քիչ անց Իսրայէլ հանդիսացաւ առաջին երկիրներէն մէկը, որ ճանչցաւ Ատրպէյճանի անկախութիւնը, եւ երկու երկիրները լայնածիր համագործակցութիւն ծաւալած են պաշտպանութեան, հետախուզութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն մէջ։
Ո՛չ Իսրայէլը, ո՛չ ալ Ատրպէյճանը հրապարակաւ ընդունած են Իրանի դէմ պատերազմին առնչուող որեւէ ռազմական համագործակցութիւն՝ իրենց միջեւ առկայ պաշտպանական յարաբերութիւններէն դուրս: Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան խօսնակը հերքած է «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդումը։ «Մենք կտրականապէս կը մերժենք անհիմն պնդումները այն մասին՝ իբր թէ Ատրպէյճանի տարածքը կ՛օգտագործուի երրորդ երկիրներու դէմ գործողութիւններու համար», «Սի.Էն.Էն.»-ին ուղղուած յայտարարութեան մէջ նշած է դեսպանատունը: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդումը որակած է «լիովին անհիմն» եւ քանի մը անգամ կոչ ուղղած է վերցնելու յօդուածը: «Սի.Էն.Էն.» մերժած է Ատրպէյճանի պահանջը: «Մենք հաւատարիմ ենք մեր հաղորդումին», պնդած է «Սի.Էն.Էն.»-ի խօսնակը: Յատկանշական է, որ Իսրայէլի վարչապետի աշխատակազմը եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը չեն արձագանգած այս գծով «Սի.Էն.Էն.»-ի հարցումին:
17 օգոստոս 2026-ին Ատրպէյճանի կառավարութիւնը դատ բացաւ Միացեալ Նահանգներու Տելաուէր նահանգի շրջանային դատարանին մէջ՝ ընդդէմ «Սի.Էն.Էն.»ին՝ ներկայացնելով երկու մեղադրանք.
Առաջին մեղադրանք՝ զրպարտութիւն – Ատրպէյճանը յայտարարած է, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը անտեսած է իր հերքումները եւ ցուցաբերած է համակարգուած կողմնակալութիւն։ Ան նաեւ պնդած է, որ «Սի.Էն.Էն.» իր յօդուածը պատրաստած է «ակնյայտ չարամտութեամբ», այսինքն՝ գիտնալով, որ իր յայտարարութիւնները կեղծ են, կամ անփութօրէն արհամարհելով ճշմարտութիւնը։
Երկրորդ մեղադրանք՝ դիտաւորեալ վնաս պատճառել – Առանց արդարացման կամ հիմնաւորման, «Սի.Էն.Էն.» դիտաւորեալ կերպով վնաս հասցուցած է Ատրպէյճանին՝ պատճառելով ելեւմտական կորուստներ։
Ատրպէյճանի դատական հայցին մէջ լրատուական ցանցը մեղադրուած է «Ատրպէյճանի հեղինակութեան մեծ վնաս հասցնելու եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիները վտանգի ենթարկելու մէջ … «Սի.Էն.Էն.»-ի անպատասխանատու տեղեկագրութիւնը սպառնալիք էր Ատրպէյճանը պատերազմի մէջ ներքաշելու… Այս գծով «Սի.Էն.Էն.»-ի պնդումները ապացուցելիօրէն եւ գիտակցաբար կեղծ են ու ակնյայտօրէն կը սրեն աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնը առանց այդ արդէն պայթունավտանգ տարածաշրջանին մէջ»։
Ատրպէյճան խնդրած է դատարանէն՝ «կայացնել վնասուց փոխհատուցման որոշում (ընդդէմ «Սի.Էն.Էն.»-ին)՝ դատաքննութեան ընթացքին սահմանուելիք չափով, նկատի ունենալ նաեւ դատավճիռին նախորդող եւ յաջորդող գումարները, տնօրինել, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը հրապարակէ զրպարտիչ նիւթին ամբողջական, ակնյայտ եւ յստակ հերքումը, տնօրինել, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը հեռացնէ զրպարտիչ նիւթը իր կայքէն, տպագիր հրատարակութիւններէն, ընկերային ցանցերու էջերէն եւ «Սի.Էն.Էն.»-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող բոլոր թուային արխիւներէն, ինչպէս նաեւ տրամադրել այնպիսի յաւելեալ փոխհատուցում, զոր դատարանը պիտի նկատէ արդար եւ պատշաճ»։
Հետաքրքրական է, որ իսրայէլեան ուժերու ներկայութեան մասին նմանօրինակ հրապարակումներ միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ յայտնուած են տարիներէ ի վեր, սակայն անյայտ պատճառներով Ատրպէյճանի կառավարութիւնը դատական հայց չէ ներկայացուցած այդ կազմակերպութիւններէն ոեւէ մէկուն դէմ: 2012-ին «Foreign Policy»-ի մէջ հրապարակուած ծաւալուն յօդուածին մէջ «Քուինսի» հաստատութեան փորձագէտ Մարք Փերրի գրած էր, որ Ատրպէյճանը՝ «Իսրայէլի գաղտնի յենակէտն» է Իրանի դէմ:
«Սի.Էն.Էն.»-ի դէմ Ատրպէյճանի ներկայացուցած դատական հայցին մէջ առկայ են քանի մը բարդ իրաւական հարցեր.
1.- Արդեօք Ատրպէյճան՝ իբրեւ օտար պետութիւն, իրաւունք ունի՞ Միացեալ Նահանգներու դատարանին մէջ դատ բանալու ամերիկեան լրատուական կազմակերպութեան մը դէմ՝ քննադատական յօդուած հրապարակելուն համար։
2.- Արդեօք Ատրպէյճան կրնա՞յ ապացուցել, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը գործած է «ակնյայտ չարամտութեամբ», որ կը նշանակէ, թէ հրապարակած է յօդուածը՝ գիտնալով, որ անիկա կեղծ է, եւ անփութօրէն արհամարհելով ճշմարտութիւնը։
3.- Արդեօք Ատրպէյճան կրնա՞յ դիմել դատարան՝ պահանջելով «Սի.Էն.Էն.»-էն բացայայտել իր լրագրողական գաղտնի աղբիւրները։
4.- Արդեօք Ատրպէյճանի դատական հայցը կը խախտէ՞ «Սի.Էն.Էն.»-ի՝ Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան Առաջին բարեփոխումով երաշխաւորուած խօսքի եւ մամուլի ազատութեան իրաւունքը։
5.- Զրպարտութեան վերաբերող հայցապահանջին մէջ Ատրպէյճան պէտք է կարենայ ոչ միայն ապացուցել, որ «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդումը կեղծ էր եւ հրապարակուած էր չարամտութեամբ, այլ նաեւ, որ՝ աւելի կարեւոր է, Պաքուն «Սի.Էն.Էն.»-ի յօդուածին իբրեւ հետեւանք կրած է փաստացի ելեւմտական կորուստ։
Այս դատին հաւանական մեծագոյն ցնցող մասը «Սի.Էն.Էն.»-ի կողմէ՝ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի գաղտնի ներքին փաստաթուղթերը դատարանին միջոցով պահանջելու կարողութիւնն է, որպէսզի բացայայտէ, թէ ի՛նչ ռազմական համաձայնագիրներ ստորագրած են իրարու հետ: Եթէ դատաւորը հաստատէ նման ծանուցագիրի տրամադրումը, Ատրպէյճան կրնայ հասնիլ այն եզրակացութեան, որ իր շահերէն կը բխի դատը ետք քաշելը, քան վտանգի դիմել՝ բացայայտելու Իսրայէլի հետ իր գաղտնի ռազմական համաձայնագիրները: Այս առումով արտակարգ կարեւորութիւն կը ստանայ նախագահ Ալիեւի նկարագրութիւնը Ատրպէյճան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն՝ իբրեւ սառցալեռ, որուն 90 առ հարիւրը թաքնուած է ջուրին մակերեսին տակ։

