Լրահոս

Տեղի Ունեցաւ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան 25-րդ Բանակումը

 

18-էն 23 Օգոստոսին, Կոտայքի մարզի Աղաւնաձոր գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան 25-րդ բանակումը, որ կը կրէր «Հայրենիքը գերագոյն նպատակ է, մենք՝ միջոց» խորագիրը։

Բանակումին մասնակցեցան շուրջ 120 երիտասարդներ՝ Հայաստանի տարբեր մարզերէն։

Յայտագիրը հարուստ էր մարզական ու մտաւորական խաղերով, խմբային մարտահրաւէրներով, դժուար եւ հետաքրքրական արշաւներով, ազգային երգ ու պարով, ինչպէս նաեւ երկրի կարեւորագոյն հարցերուն շուրջ քննարկումներով։

Բանակումի ընթացքին դասախօսութիւններով հանդէս եկան շարք մը գործիչներ՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Արսէն Համբարձումեանն ու Տարօն Տօնոյեանը, Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը, Հ.Յ.Դ. երկարամեայ ներկայացուցիչ եւ «Կամաւորական շարժում»-ի նախագահ Հրանդ Մարգարեանը, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Քրիստինէ Վարդանեանն ու Գեղամ Մանուկեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեանը, Հ.Հ. պաշտպանութեան նախկին նախարար, Ազգային Ժողովի գումարման պատգամաւոր Սէյրան Օհանեանը, Գերագոյն Մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեանը եւ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան երկարամեայ ներկայացուցիչ Տարօն Ղազարեանը։

Advertisement Subscribe Today

Փակման արարողութեան ընթացքին բանակումը հիւրընկալեց միութեան բոլոր սերունդներու ընկերները՝ հիմնադիրներէն մինչեւ մեր օրերու միութենականները։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button