ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1898-1937)

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծագման ու զարգացման շրջանը՝ մինչեւ թեմական կազմակերպութիւնը (1937), պայմանաւորուած են նաեւ Ամերիկայի թեմի հետ յարաբերութիւններով[1]։ Դիւաններու եւ մամուլի տեղեկութիւնները թոյլ կու տան անոնց պատկերը վերակազմել իրենց գլխաւոր գիծերով։
1898ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Խրիմեան նախաձեռնած արտասահմանի թեմական վերակազմակերպումի ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու հայութեան թուական աճը առաջնորդած է առանձին թեմի ստեղծման։ Խրիմեան Հայրիկի անդրանիկ կոնդակը կ՚ողջունէր «(. . .) տարագիր զաւակացդ Մօրդ Լուսոյ Սրբոյ Կաթողիկէ Էջմիածնիս՝ Ձեզ ամենեցուն, որ բնակեալ կայք ի նոր աշխարհն Ամերիկա եւ ի քաղաքս նորին (. . .) եւ այլ քաղաքս եւ յաւանս նորին (. . .)»[2]։ Ըստ անոր կողմէ Սեպտեմբեր 1902-ին հաստատուած «Սահմանադրութիւն»ին, նոր թեմի առաջնորդի «տեսչութեան ենթարկուած պիտի լինին Ամերիկայի մէջ հաստատուած Եկեղեցիք՝ Եկեղեցական հոգեւոր եւ աշխարհական պաշտօնեայք եւ Եկեղեցական սեփհականութիւնը»[3]։ Ըստ Մաղաքիա արք. Օրմանեանի յստակացման, «(. . .) Ամերիկոյ համար Ուսթըր առաջնորդանիստ եւ Միացեալ Նահանգաց կամ Միացեալ պետութեան հիւսիսային երկիրները իբրեւ սահման իրաւասութեան, եւ պատահաբար Հարաւային Ամերիկոյ հանրապետութիւններն ալ»[4]։ Անցեալ դարասկիզբին հատուկենտ հայեր կային միայն Հարաւային Ամերիկայի մէջ. այդ իրաւասութիւնը պիտի սկսէր գործադրուիլ 1914ին եւ ի զօրու պիտի մնար մինչեւ 1937։
Այսուհանդերձ, 1912ին, Պաղտասար քհնյ. Պարասաթեան՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պուէնոս Այրէսի առաջին հոգեւոր հովիւը, քաղաքին մէջ առաջին հայկական Ս. Պատարագը մատուցած է եւ իր ճանաչումը ստացած է Պոլսոյ Պատրիարքարանէն։ Հաւանական է, որ Ամերիկայի թեմի քաոսային վիճակը 1906-1913-ին եւ ի մասնաւորի՝ 1910-13ին, կանխած ըլլայ իրաւասութեան կամ կապերու հաստատման փորձեր։ Թէեւ Պուէնոս Այրէսի մէջ եկեղեցական գործունէութիւնը վկայուած էր, մամուլը թիւրիմացաբար հաղորդած է, որ «անոնք թէեւ քահանայ մը ունին, բայց իրենց հաստատած մատուռը տակաւին Ամերիկայի Առաջնորդութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած չըլլալուն, պատարագ մատուցանել չեն տար»[5]։
Լուրերը, բնականաբար, Ս. Էջմիածին կը հասնէին։ 1914ին, Կոչնակ կը տեղեկագրէր, թէ Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի կոնդակով, «Ամերիկայի Առաջնորդին յանձնարարուած է նաեւ հոգալ Արժանթինի Հայոց հոգեւոր պէտքերը»[6]։ Ըստ երեւոյթին, առաջնորդը՝ Արսէն Ծ. վ. Վեհունի թղթակցած է Պուէնոս Այրէսի հետ[7], թէեւ առայժմ յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը պակսին։
Հիւսիսի եւ հարաւի շփումներու յաջորդ շրջանը սկսած է 1920-ական թուականներուն։ Հիմք չունի այն պնդումը, թէ 1922-ին, Գէորգ Ե.ի տնօրինութեամբ, Արժանթինը «դադրած էր ենթակայ ըլլալէ Միացեալ Նահանգաց թեմին»[8]։ Պուէնոս Այրէսէն թղթակից մը 1925-ին գրած է, թէ «տեղւոյս Հայ Առաք. Եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդարանին թեմը ըլլալով, մեզ համար բաղձալի է որ Ամեր. Առաջնորդ Տիրայր Եպիսկոպոս իր հայրական հոգածութեամբ հսկէ այս տեղի մասին»[9]։ 1922-1930-ին, Հայ Գաղութային Կեդրոնը՝ համագաղութային կազմակերպութիւն մը երեք յարանուանութիւններու մասնակցութեամբ (մինչեւ 1927-ի բաժանումը), բայց առանց պետական ճանաչումի, նաեւ կատարած է Թաղական Խորհուրդի դերը Պուէնոս Այրէսի մէջ։
Կապը արդէն հաստատուած էր Մայիս 1924-ին։ Հիւսիսային Ամերիկայէն խնդրած էին «կրօնական գործերու տեղեկագիրը» Պարասաթեանէն, եւ Գաղութային Կեդրոնի 28 Մայիսի նիստին «որոշուեցաւ նամակով մը պարզել գաղութիս մտաւորական, նիւթական եւ տնտեսական վիճակը եւ կեդրոնիս լիազօրութեան սահմանը գաղութիս գործերուն մէջ, որու պատճէնը յանձնարարուեցաւ պատրաստել պր. Արծրունիի կարդացուելու համար մեր յաջորդ ժողովին մէջ»։ Այդ նիստին ալ, «խնդիր եղաւ թէ գաղութս պէտք է ճանչնալ Պոլսոյ Պատրիարքարանը թէ Հիւս. Ամերիկիոյ։ Որոշուեցաւ ճանչնալ վերջինը»[10]։
Միւս կողմէ, երկրորդ հայաշատ քաղաքի՝ Գորտոպայի եկեղեցւոյ կազմակերպումը սկսած էr 1923-ին, երբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան տեղական մասնաճիւղը (հիմնուած՝ 1915ին, բայց աշխուժացած՝ 1918ին) ձեռնարկած է եկեղեցւոյ ու դպրոցի հիմնումին։ Նոյն տարին մատուցուած է առաջին հայկական պատարագը քաղաքին մէջ, Տ. Պաղտասար քհնյ. Պարասաթեանի ձեռամբ[11], իսկ Յունուար 1924-ին կազմուած է Հայ Գաղութային Միութիւնը, որ համայնքի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան դերը կը կատարէ մինչեւ այսօր[12], եւ Նոյեմբեր 1924-ին, հոգեւոր հովիւ խնդրած է Ս. Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդէն[13]։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Փետրուար 1925ին դիմած է Ամերիկայի առաջնորդ Տիրայր եպս. Յովհաննիսեանին, որուն նոյնպէս դիմած էր Պոլսոյ պատրիաքական տեղապահ Գէորգ արք. Արսլանեանը[14]։
Ըստ երեւոյթին, Խորհուրդը տեղեակ չէր, որ Պուէնոս Այրէսը շատ աւելի հայաշատ էր եւ հնօրեայ եկեղեցական կազմակերպութիւն մը ունէր։ 20 Ապրիլին, արդարեւ, կրկին գրած է Յովհաննիսեանին, առաջարկելով Շահէ Ծ. վրդ. Գասպարեանի Գորտոպա մեկնումը իբրեւ Արժանթինի ընդհանուր փոխանորդ։ Առաջնորդը մէկ ու կէս ամիս ետք պատասխանած է, ի միջի այլոց բերելով Գորտոպայի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի նախկին ատենապետ (1920) Յարութիւն Պիւլպիւլեանի վկայութիւնը, որ 22 Ապրիլին գրած էր, թէ քաղաքը 70 հայ ընտանիք եւ շուրջ 300 անհատ ունէր, ներառեալ՝ քանի մը բողոքական եւ կաթոլիկ հայեր. «Այս Գաղութը շատ նոր եւ մեծ մասով գործաւոր դասէ կազմուած ըլլալով մեծահարուստ Հայեր չկան հոս։ Հետեւաբար ինծի կու գայ թէ առ այժմ Գորդովայի մէջ… Գաղութը չկրնար քահանայ մը պահել եւ մատուռի մը վարձքը ապահովել մնայուն կերպով»։ Իր կարգին, Տիրայր եպս. կ՚աւելցնէր, թէ Առաջնորդը կ՛աւելցնէր, թէ Միացեալ Նահանգներու եկեղեցականները երկրէն ելլելու տրամադրութիւն չունէին՝ անհրապոյր պայմաններու բերումով[15]։ Այս հարցի մասին ուրիշ նամակագրութիւն կամ արձագանգ տրամադրելի չէ մեզի։
Սեպտեմբեր 1923ին, Գաբրիէլ քհնյ. Սամուէլեան ժամանած է Սան Փաւլօ (Պրազիլ)։ Խումբ մը հայեր ձեռնարկած են եկեղեցի մը ունենալու գործին՝ արաբախօս մեծահարուստ Ռզգալլահ Ժորժի գլխաւորութեամբ, եւ ստեղծած՝ Գաղթային Հիմնադիր Յանձնախումբ մը, որ շէնք մը վարձած։ Տ. Գաբրիէլ դիմած է Պոլսոյ Պատրիարքարանին՝ հոգեւոր հովիւ նշանակուելու եւ եկեղեցական զգեստ ստանալու համար։ Քաղաքին մէջ 60 ընտանիք կար, իսկ այլ քաղաքներու մէջ՝ 31 ընտանիք եւ 67 հոգի եւս. «Հոգեւոր հովիւը կ՚աւելցնէ իր նամակին մէջ որ եթէ հոն գաղթողներ ըլլան, թէ՛ ասպնջականութիւն պիտի վայելեն եւ թէ պիտի կրնան ամէն ձեւով հանգիստ ապրիլ»[16]։ 25 Հոկտեմբեր 1923-ին, պատրիարքական տեղապահ Գէորգ եպս. Արսլանեան դըական տեղեկութիւններ հաղորդած է Սամուէլեանի մասին[17]։ Առաջին պատարագը մատուցուած է 6 Յունուար 1924-ին։
Տիրայր եպս. Յովհաննիսեան անմիջապէս գրած է Պոլիս, Պատրիարքարանի հետ Պրազիլի կապը իր հեղինակութեան ոտնձգութիւն համարելով։ 26 Հոկտեմբեր 1923-ին, Պատրիարքարանը գրած է Գաբրիէլ քհնյ. Սամուէլեանին.
«Պոսթոնէն Ամերիկահայոց Առաջնորդ Տիրայր Եպիսկ. Պատրիարքարան ուղղած գրով մը դիտել կուտայ թէ Հարաւային Ամերիկայի բոլոր հայ գաղութներու հոգեւոր հովիւները՝ հոգելոյս Տ. Մկրտիչ Ա. Կաթուղիկոսի օրով Ամերիկահայոց համար հաստատուած Սահմանադրութեան տրամադրութեանց համաձայն՝ իր հոգեւոր իրաւասութեան կը պատկանին։ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօն. Ժողովը իրաւացի գտաւ Ամերիկահայոց Ս. Առաջնորդին այս դիտողութիւնը։ Ուստի կը յանձնարարենք Ձեր սիրելութեան՝ գաղութիդ վերաբերեալ բոլոր հոգեւոր եւ աշխարհական գործերու համար դիմել ուղղակի Ամերիկահայ Առաջնորդութեան, իբրեւ գաղութիդ անմիջական հոգեւոր պետը…»[18]։
Առաջնորդը եւ համայնքը կապ հաստատած են Յունուար-Փետրուար 1924-ին, սակայն, ինչոէս Գիւտ Մխիթարեան դիտել տուած է, համայնքը «շատ հեռու եղած է բարեկեցիկ եւ պարտաճանաչ թեմ մը ըլլալէ, եւ հակառակ յաճախակի եղած ազդարարութեանց, Առաջնորդարանին գրեթէ բան մը չէ ղրկած»[19]։ Եզնիկ քհնյ. Վարդանեան, աւելցուցած է, թէ այդ կապը անուանական եղած է, իսկ յարաբերութիւները՝ ձեւական[20]։
Իրաւասութեան հարցերը շարունակուած են Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Մայիս 1926ին հաղորդուած է, թէ պոլսաբնակ Յովհաննէս Ամիրեանց յանձնարարուած էր որպէս քահանայացու, եւ թէ Գէորգ արք. Արսլանեանին պիտի գրուէր՝ ձեռնադրութեան խնդրանքով[21]։ Արսլանեան կը պատասխանէր, թէ «Հարաւային Ամերիկան ալ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդութեան թեմին կը պատկանի եւ պէտք է այն տեղի առաջնորդին հաւանութիւնը առնել ձեռնադրուելիք քահանայացուի համար. ժողովը նկատի առաւ որ բաւական դժուարութիւններ կան, որոշում տուաւ Պատրիարքարանի նամակին պատասխանել, Յունաստան եւ այլուր նամակ գրել եւ հոս գալու տրամադիր եղող քահանաներու մասին տեղեկութիւն առնել, եւ կամ նոր քանթիտա [«թեկնածու»] մը գտնել»[22]։ Սակայն, Հոկմեմբերին Կեդրոնը նախ առաջնորդին կը գրէր[23], իսկ ապա Ամիրեանցին կը հաղորդէր, թէ վարչութիւնը «Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Տ. Տիրայր եպսկպ. Յովհաննէսեանին պաշտօնապէս դիմում ընելով իր հաւանութիւնը խնդրած է գաղութիս համար Ձեր հոգեւոր հովիւ ընտրուելու մասին եւ միանգամայն խնդրած է որպէս զի առ այդ Կ. Պոլիս հարկ եղած հրահանգները ղրկէ առ որ անկ է»[24]։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը (Հ.Ա.Ե.Հ.) հիմնուած էր Նոյեմբեր 1925-ին, իսկ ծրագիր-կանոնագիրը պետական վաւերացման ներկայացուած՝ 1928-ին։ 13 Յունիս 1930ի Հայ Գաղութային Կեդրոնի ընտրութիւններէն ետք, որոշուած է, որ նորընտիր վարչութիւնը թէ՛ Հոգաբարձութիւնը եւ թէ՛ Գաղութային Կեդրոնը վարէ, «մինչեւ որ կարելի ըլլայ Հ. Գ. Կեդրոնը բարեփոխել Ծրագիր-Կանոնագրի համաձայն՝ առանց յարանուանական խտրութեան ընդհ. գաղութի կողմանէ վաւերացուած վարչութիւն մը կազմուի»[25]։ Նպատակը իրականացած չէ, եւ Գաղութային Կեդրոնը 1931-ին դադրած է գոյութիւն ունենալէ։
Միւս կողմէ, դարձեալ Յունիս 1930-ին, Հ.Ա.Ե.Հ.-ը «տեղեկագրեց Ամերիկահայ Ազգ. Առաջնորդարան՝ տեղւոյս մէջ Հայ Առաքել. Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան մը կազմուած ըլլալը, եւ խնդրեց որ կազմը վաւերացուի», գրած է Ամիրեանց 1937-ի զեկոյցի մը մէջ, «թէպէտեւ այն ատեն Առաջնորդարանէն դիտել տրուեցաւ թէ՝ կը վաւերացուի այն ատեն՝ երբ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը որպէս ժողովին նախագահ ստորագրէ տեղեկագրին ներքեւ, ըստ Ամերիկահայ սահմանադրութեան։ Օրինական այս կէտը աննկատ առնուեցաւ եւ հոգաբարձութեան կազմն ալ մնաց անվաւեր»[26]։
Հ.Ա.Ե.Հ..-ի ծրագիր-կանոնագիրը, որ պետական վաւերացում ստացած է Սեպտեմբեր 1930ին, իբրեւ նպատակ դրած է «հասկացողութեան գալ Արժանթինի հանրապետութեան ներքին գաւառներու մէջ գոյութիւն ունեցող զանազան Հայկական Կազմակերպութեանց եւ Կեդրոններու հետ, որպէսզի Հայ հաստատութիւնը միաւորէ եւ զայն ներկայացնէ Հայաստանեայց Առաք. Եկեղեցւոյ Գերագոյն Պետին – Էջմիածնի Կաթողիկոսին առջեւ, ի հարկին իր Առաջնորդներու ընտրութիւնը առաջարկելով, ինչ որ պէտք է կատարուի իր խնդրանքին համաձայն»[27]։ Արժանթինը թեմական աւանդական կազմակերպութիւն ունեցած չըլլալով, Հ.Ա.Ե.Հ.-ը ստանձնած է Պուէնոս Այրէսի Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու ներկայացուցիչի պաշտօնը մինչեւ օրս։
1931ին, Հ.Ա.Ե.Հ.-ը ընդունած է ուրոյն թեմ մը ստեղծելու Սան Փաւլոյի Թաղական Խորհուրդի առաջարկը, Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի թեկնածութեամբ[28], որ սակայն, գործնական շարունակութիւն չի թուիր ունեցած ըլլալ։
Յունուար 17, 1932ին, Հ.Ա.Ե.Հ.-ը նամակ ստացած է Ամերիկայի հայոց նորընտիր առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Դուրեանէն։ Տոմարը ոչինչ արձանագրած է բովանդակութեան մասին[29]։ Նիւթերէն մէկը եղած ըլլալու է աւագութեան աստիճանի եւ լանջախաչ կրելու իրաւունքի տուչութիւնը Ամիրեանցին[30], ոըոնք շնորհուած են Յունուար 1932-ին[31]։ Հաւանական է, որ առաջնորդը հաղորդած ըլլայ նաեւ Հարաւային Ամերիկա այցելելու իր ծրագիրը[32]։ Ըստ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի 1934-ի զեկուցման, Պուէնոս Այրէսի հոգաբարձութիւնը նախ անպատասխան ձգած է գրութիւնը, իսկ յետոյ «մերժողական պատասխան տուաւ եւ արգելք հանդիսացաւ նորա գնալուն»[33]։
1932-ին, Դուրեան առաջնորդական փոխանորդ նշանակած է Ամիրեանցը[34], բայց Հոգաբարձութեան Վարչական Խորհուրդը նշանակումը ընդունած չէ։ Ըստ Ամիրեանցի, այդ տարուան առաջին ամիսներուն Հոգաբարձութիւնը նախաձեռնած է համագաղութային միոթեան մը կազմութեան, որուն պիտի ենթարկուէին համայնքի բոլոր վարժարանները։ Ան Վարչական Խորհուրդին գրած իր նամակին պատճէնն ու տեղեկագիր մը ղրկած է Ամերիկայի Առաջնորդարանին, խնդրելով որ (չբացայայտուած) «արտաքին ճնշումի մը հետեւանք» եղող «հակասահմանադրական այդ քայլը» արգիլուի, եւ աւելցուցած է, որ «բարեբաղդաբար հակազդելու յաջողեցայ եւ ծրագիրը մնաց անգործադրելի»։ Այլապէս, ըստ անոր մեկնաբանութեան, բոլոր դպրոցները պիտի փակուէին կառավարութեան կողմէ, «քանի որ Արժանթինի կառավարութիւնը արտօնած է միմիայն Հայ Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան իրեն համար վարժարաններ ունենալու երկրին մէջ», ինչ որ չհիմնաւորուած պնդում մըն է։ Ամիրեանց աւելցուցած է 1937-ի իր տեղեկագրին մէջ.
«Իմ այս յաջողութեանս վրայ էր որ գնահատուելով Ամերիկահայ Առաջնորդարանէն Հարաւ. Ամերիկայի Առաջնորդական փոխանորդ կարգուեցայ Ամերիկա[յ]ի Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան համահաճ հաւանութեամբը։ Եւ սակայն դժբաղդաբար Հայ Ս. Եկեղեցւոյ սահմանադրական օրինաց հակառակ ըլլալով՝ Պ. Այրէսի Հայ Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կողմէ բուռն ընդդիմութեան բաղխեցաւ կազմակերպական այս օգտաշատ կարգադրութիւնը։ Առաջնորդարանի այս օրինաւոր միջամտութիւնը պատճառ եղաւ որ Պ. Այրէսի Հայ Առաքել. Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը իր կապը բոլորովին խզէ՝ Եկեղեցիին վերին իշխանութեան հետ, որով կը դառնայ ան առանց հակակշռի՝ ինքնագլուխ եւ ինքնակամ»[35]։
Ի պատասխան Դուրեանի Յունիս 17ի նամակին, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նախագահ Խորէն արք. Մուրադբէկեանը գրած էր. «Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը իր գոհունակութիւնն է յայտնում Ձեր կատարած աշխատանքի ու վիճակագրական տեղեկութեանց առաքման համար, այլեւ լիազօրում է Ձեզ իբրեւ առաջնորդ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները անել Հարաւային Ամերիկայում բնակութիւն հաստատած վտարանդի հայերի ազգային¬հոգեւոր կեանքը՝ ղեկավարուելով ամերիկահայութեան տրուած սահմանադրութեամբ»[36]։
Նկատի ունենալով, որ Դեկտեմբեր 1931-ին ուրոյն թեմի մը կազմութեան մասին խօսակցութիւնը սկսած էր, մասին, հասկնալի է, թէ ինչո՞ւ Հ. Ա. Ե. Հոգաբարձութիւնը կը մերժէր ընդունիլ Հիւսիսային Ամերիկայի հեղինակութիւնը, որ աւելի ձեւական էր, քան իրական։ Արդարեւ, Օգոստոս 18, 1932ին, Դուրեան կը գրէր պրազիլաբնակ Գիւտ Մխիթարեանին (նախկին Գիւտ եպս. Մխիթարեանը).
«Հարաւային Ամերիկայի թեմերուն հանդէպ մեր հանգամանքը հոգատարական է քան լիազօր առաջնորդական։ Ս. Էջմիածնէ հրահանգի կ՚՚սպասեմ, որ եթէ ստանամ, լիազօրուած պիտի այցելեմ Հարաւային Ամերիկայի բոլոր գաղութները։ Այլապէս եղած բոլոր կարգադրութիւնները աւելի թիւրիմացութիւններ կը ստեղծեն, եւ շա՜տ զգուշաւորութիւն կը պահանջուի մեր իրաւասութիւնը բարձր պահելու եւ օգտակար ընծայելու համար Հարաւային Ամերիկայի մէջ»[37]։
6 Սեպտեմբերին, Խորէն արք. Մուրադբէկեան հարցուցած է Գալիֆորնիոյ առաջնորդ Գարեգին եպս. Խաչատուրեանին, «թէ հնարաւո՞ր է կազմակերպել Հարաւային Ամերիկայում առանձին նոր թեմ, ու եթէ ոչ, Ամերիկայի երկու թեմերից որին նպատակայարմար էք համարում կցելը հաղորդակցութեան եւ այլ պայմանները ուշադրութեան առնելով»[38]։ Վերջինս տեղեկութիւններ խնդրած է Մխիթարեանէն, որ Նոյեմբեր 16ին կը պատասխանէր, թէ վարչութիւնները արդէն կը բանակցէին առաջնորդի մասին եւ թէ ինք թելադրած էր, որ Խաչատուրեան եւս ընդգրկուէր ցանկին մէջ[39]։ Խորէն արք. նոյնպէս դիմած է Դուրեանին, որ 4 Հոկտեմբերին պատասխանած է.
«Հարաւային Ամերիկայի հայ գաղութի մասին խոր ուսումնասիրութիւն կատարելով, հասած եմ այն եզրակացութեան թէ առ այժմ կանխահաս է ուրոյն թեմի մը կազմութիւնը, նախ նիւթական պատճառներով, յետոյ այդ ընդարձակ հողամասին վրայ ցրուած հայութեան անկազմակերպ վիճակին պատճառով։ Ազգային-Եկեղեցական հաստատութիւնք սակաւաթիւ են եւ չափազանց թոյլ։ Կուսակցական կազմակերպութեանց ներգործութիւնը կարի զգալի է ժողովրդեան վրայ եւ վախ կ՚առնէ, որ իրենց ձեռքի տակ եկեղեցին պարզապէս զանազան նկատառումներու եւ ելոյթներու պիտի ծառայեցուի [ի] վնաս եկեղեցւոյ զանազան շահերու»[40]։
Նիւթական եւ աշխարհագրական պայմաններու պատճառաբանութիւնը ձեւական կը թուի, քանի որ Նիւ Եորք-Հարաւային Ամերիկա աշխարհագրական հեռաւորութիւնը դժուար կը դարձնէր արդիւնաւէտ աշխատանքը՝ հաղորդակցութեան դանդաղութեան հետեւանքով, նոյնիսկ՝ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի որոշումով տեղապահ մը հաստատելու պարագային, որ փաստօրէն առաջնորդի դերը պիտի կատարէր։ Միւս կողմէ, համայնքը մինչ այդ ինքնաբաւ կերպով հոգացած էր իր բոլոր կարիքները, իսկ տարածութիւնը վերջին հաշուով պակաս նշանակալից էր քան բուն Հիւսիսային Ամերիկայի պարագային։ Վերջապէս, ամերիկահայ առաջնորդին հարցը կը թուի եղած ըլլալ կուսակցական հակամարտութեան վերելքը, որուն մէջ ինք եւս մխրճուած էր եւ որուն զոհ պիտի դառնար ի վերջոյ։
4 Հոկտեմբերի պատասխանին մէջ, Դուրեան նաեւ գրած է. «Մեր առաջին գործն եղաւ հրահանգել տեղւոյն Հոգաբարձութեանց, որ անմիջապէս ձեռնարկեն Սահմանադրութեան վերաքննութեան, ջնջելով այն բոլորը, որոնք հակառակ [են] Հայաստանեայց Եկեղեցու ժողովրդական ոգոյն եւ սկզբանց։ Մեր այս արդար միջամտութենէ վերջն էր, որ Բուէնոս-Այրէսի Հոգաբարձութիւնը ուրոյն Առաջնորդութեան առաջարկը դրաւ, բայց ընդունելութեան չարժանացաւ միւս քաղաքներու կողմէ»[41]։ Նամակի գրութեան պահուն, նման առաջարկ պաշտօնապէս դրուած չէր։ Դեկտեմբեր 1932-ին, Հ.Ա.Ե.Հ.-ը Սան Փաւլոյի Վարչական Խորհուրդին առաջարկած է թեկնածուներու եռանուն ցանկ մը՝ Գարեգին եպս. Խաչատուրեան, Տիրայր եպս. Յովհաննիսեան եւ Գրիգոր եպս. Շահլամեան[42]£
1933-ի ընթացքին Դուրեան քանիցս պահանջ ներկայացուցած է Հարաւային Ամերիկան իր իշխանութեան ենթարկելու, ինչպէս կ՚արձագանգէր Պուէնոս Այրէսի Հոգաբարձութեան սպաներէն տոմարը.
«Կ՚որոշուի պատասխանել Նիւ Եորքի եպիսկոպոսին։ Մեր նպատակն է Պրազիլ, Ուրուկուայի եւ Արժանթինի հայ եկեղեցիներու առաջնորդ մը հրաւիրել, հետեւաբար Միացեալ Նահանգներու եկեղեցիներու վարչութեան հետ մեզ միացնող որեւէ կապ կամ յարաբերութիւն չկայ» (25 Յունիս)։
«Նիւ Եորքի առաջնորդարանէն նամակ մը ստանալով, անոր ընթացք չի տրուիր, որովհետեւ մեր Հոգաբարձութիւնը սոյն առաջնորդարանը չի ճանչնար եւ, հետեւաբար, անոր հետ յարաբերութիւն չունի» (Հոկտեմբեր 20)։
«Տրուած ըլլալով մեր Հոգաբարձութեան եւ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի միջեւ յարաբերութիւնները, բնաւ չենք ճանչնար սոյն եպիսկոպոսը. մեր Հոգաբարձութիւնը միշտ ինքնիշխան եւ անկախ եղած է, հետեւաբար Վարչական Խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշած է Պուէնոս Այրէսի հայ եկեղեցիներու քահանաներուն հրահանգել, որ Նիւ Եորքի եպիսկոպոսին անունը չյիշեն» (19 Նոյեմբեր)[43]։
Այս կեցուածքը կ՚անտեսէր եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանութեան կարգադրութիւնը, բայց յետադարձ հայեացքով փրկարար եղած է, քանի որ կանխած է ամերիկահայ թեմի պառակտիչ պայքարին ժխտական անդրադարձը հարաւամերիկեան համայնքներու կեանքին վրայ, թերեւս՝ նմանօրինակ բաժանումի մը հեռանկարով։
Դուրեանի հակազդեցութիւնը յայտնի չէ։ Վերջին պատասխանէն հազիւ ամիս մը ետք՝ 24 Դեկտեմբեր 1933ին, ան սպաննուած է Նիւ Եորքի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ, անդարմանելի դարձնելով Հայց. Եկեղեցւոյ պառակտումը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Այսուհետեւ, Նիւ Եորքի Առաջնորդարանը պահանջատիրական գիծէն պիտի հրաժարէր, գոհանալով իր իրաւական կարգավիճակի խորհրդանշական յիշեցումով։ Արդարեւ, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի 22 Հոկտեմբեր 1934-ի նամակը առաջնորդական տեղապահ Մամբրէ Ծ. վրդ. Գալֆայեանին կը հաստատէր, թէ «Հարաւային Ամերիկայի թեմերը ըստ առաջնոյն կապուած են Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդութեան եւ նորանից պիտի ստանան հրահանգներ։ Այս առթիւ Նորին Ս. Օծութեան կողմից նոր կարգադրութիւն չէ եղել եւ եթէ լինէր անշուշտ կը հաղորդուէր Ձեզ»։ Գերագոյն Խորհուրդը կ՚աւելցնէր, թէ «Հարաւ. Ամերիկայի համայնքները անկախ առաջնորդութեան վերածելու հարցը յարուցուել է յիշեալ համայնքների կողմից եւ Նորին Սրբութեան կարգադրութեամբ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը ուսումնասիրում է այդ խնդիրը»։ Զեկուցում մը մշակուած էր, որ «յառաջիկայում քննութեան կը ենթարկուի եւ կը որոշուի Հարաւ. Ամերիկայի համայնքների վարչաձեւը, որին անշուշտ իր ժամանակին իրազեկ կը լինէք նաեւ դուք ստանալով համապատասխան հրահանգ»[44]։ Ամիրեանց ընդօրինակած է Գէորգ արք. Չէօրէքճեանի ստորագրած նամակը եւ 8 Փետրուար 1935-ին պատճէնը ներկայացուցած՝ Պուէնոս Այրէսի Հոգաբարձութեան, որ 3 Մարտին, արձագանգած է, թէ «հաստատութիւնս իր հիմնարկութեան թուականէն ի վեր չէ ճանչցած ո եւ է վերին կրօնական իշխանութիւն՝ բացի Էջմիածնի կաթողիկոսէ. թէ անխախտ կը մնայ իր ուղղութեան վրայ առանց տարուելու այս ու այն ազդեցութիւններէ»[45]։ Միւս կողմէ, ի տարբերութիւն Պուէնոս Այրէսի, Գորտոպայի Հայ Գաղութային Միութիւնը ճանչցած է Ամերիկայի ենթակայութիւնը։ Նոյն օրը, հոգաբարձութեան ատենապետ Յովհաննէս Գրաճեան գրած է Ամիրեանցին, թէ «գաղութս ենթակայ է Ամերիկայի մեր առաջնորդարանին. մինչեւ ցարդ լիովին գործադրած ենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ թէ Առաջն. Տեղապահ Գեր. Տ. Մ. ծ. վրդ. Գալֆաեանին հրահանգները. յետ այսու եւս կը մնանք հաւատարիմ մեր եկեղեցւոյ վերին իշխանութեանց»։ Միաժամանակ, աւելցուցած է, թէ «Ձեր շրջանիս Առաջն. Փոխանորդութիւնը մեր կողմէ ընդունելի է. շնորհաւորելով կը բաղձանք որ ինչպէս մինչեւ ցարդ, այսուհետեւ եւս չէք զլանար Ձեր հայրական աջակցութիւնը երբ կարիքը զգանք»[46]։
Վերջնական որոշումը երեք տարի ուշացած է։ Մայր Աթոռի կողմնորոշուելու դանդաղութիւնը ո՛չ միայն կապուած էր Սփիւռքի, այլեւ Էջմիածնի եկեղեցա-քաղաքական տագնապին, որ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի սպանութեան յանգած է եւ Մայր Աթոռը անհետացման եզրին դրած (1938-1940)։
Ինչպէ՞ս կարելի է մեկնաբանել մերժումները։ 28 Նոյեմբեր 1934-ին, Հոգաբարձութիւնը Խորէն Ա. Ամենայն Կաթողիկոսին գրած էր, թէ «իր աշխարհական պաշտօնը (. . .) չէ կարող մեր քահանաներու վրայ ունենալ այն բարոյական ազդեցութիւնը ինչ որ պիտի ունենար եթէ եկած ըլլար եկեղեցական վերին իշխանութեան մը կողմանէ (. . .)», աւելցնելով. «Սոյն դժուարութիւնք մեզ համար գոյութիւն ունեցած չը պիտի ըլլային եթէ եղած կարգ մը դիմումներու եւ առաջարկներու տեղի տուած ըլլայինք, սակայն, մեր ուղղութիւնը եւ անխախտ սկզբունքը ըլլալով հեռու մնալ բոլոր քաղաքական ազդեցութիւններէ եւ զբաղիլ միայն եկեղեցիով եւ դպրոցով, չենք ուզած կապ պահել ոեւէ առաջնորդական կեդրոններու հետ, մնալով անկախ եւ ազատ, միայն կապուած Էջմիածնայ Մայր Աթոռոյ»[47]։
Ի պատասխան, 4 Փետրուար 1935-ի կաթողիկոսական կոնդակը կ՚առաջադրէր Իրաքի առաջնորդ Ռուբէն եպս. Մանասեանին (1882-1955) «յանուն ժողովրդեան Հայոց բնակելոց ի հանրապետութիւնս Հարաւային Ամերիկայի նշանակել զձեզ ներկայացուչի մեր», ինչ որ Խորէն Ա. Կաթողիկոս հաստատած է 18 Փետրուարի նամակով[48]։ 22 Մարտին, Մանասեան իր նշանակումը տեղեկացուցած է Հ.Ա.Ե.Հ.-ին, որ 14 Ապրիլին նամակին ստացումը արձանագրած է[49], սակայն, 15 Մայիսին թելադրած է չճամբորդել՝ համայնքի զանազան կարծիքներ առնելէ ետք, քանի որ հաստատութիւնս իր որոշ Ծրագիր-Կանոնագրով ամբողջ գաղութիս վերաբերեալ ոեւէ որոշումի մը պատասխանատուութիւնը չէր կարող իր վրայ առնուլ»։ Քննութիւնը ի յայտ բերած է, որ «տեղւոյս մէջ հոսանք մը[50] աննպաստ արտայայտուելու վրայ է այդ ծրագրի իրագործման մասին եւ նոյն իսկ կը կարծուի թէ փոխանակ օգտակար հանդիսանալու պատճառ պիտի ըլլայ մեր խաղաղութիւնը եւ համերաշխութիւնը վրդովելու»[51]։ Մայիս 1934-ի ընտրութիւններուն համաձայնութիւն գոյացած էր, ըստ որուն Վարչական Խորհուրդի կազմը պիտի ճշդուէր կանխաւ, ինչ որ կոչուած է «դաշինքներու եւ պլոքերու դրութիւն»[52]. ութը աթոռները հաւասարապէս բաժնուած էին դաշնակցական եւ ոչ¬դաշնակցական (մէկ հնչակեան, մէկ յառաջդիմական եւ երկու չէզոք) հատուածներուն միջեւ։
19 Յունիսին, Մանասեան գրած է Խորէն Ա. Կաթողիկոսին, թէ «կարծում եմ, որ Ս. Էջմիածնի եւ Հայրապետութեան բարձր հեղինակութիւնը պահպանելու համար չպիտի նահանջել եւ բանակցելով պիտի պնդել եւ համոզել թէ իրենց կարծած խառնակութիւնը երեւակայական է եւ աւելի քան խաղաղ եւ ներդաշնակ բոլոր կուսակցութիւնների համախմբումով իրենց ցանկալի՝ Հայ Եկեղեցու ոգով թեմը կկազմակերպւի»[53]։ Սակայն, ի վերջոյ Մանասեան մնացած է Իրաք, թէեւ Հոկտեմբեր 1936-ին, Կաթողիկոսը կը գրէր ԱՄՆ գտնուող իր նուիրակ Գարեգին արք. Յովսէփեանցին, թէ Հարաւային Ամերիկայի մէջ «առաջին հերթին ցանկալի է որպէս Առաջնորդ տ. Ռուբէն եպիսկոպոսի թեկնածութիւնը յաջողեցնել»[54]։
15 Մայիս 1935-ին, Պուէնոս Այրէսի Հ.Ա.Ե.Հ.-ը գրած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, խնդրելով, որ Յովսէփեանցը, որ Յուլիս 1934-ին անոր նուիրակը եւ լիազօր ներկայացուցիչ նշանակուած էր Սփիւռքի մէջ, նաեւ այցելէր Հարաւային Ամերիկա.
«Արդ խոնարհաբար կը խնդրենք Վեհափառութենէդ որ մեզ չը զրկէ այն բարձր շնորհքէն որու արժանացած [են] Եւրոպայի եւ Հիւսիս. Ամերիկայի հայ գաղութներ, վայելելով Մայր Աթոռոյ Նուիրական Գերապատիւ Տէր Գարեգին Արքեպիսկոպոսի շինարար այցելութիւնը։ Սոյն խնդիրքը Վեհափառութեանդ մատուցանել կը յանդգնինք պարզապէս այն համոզումով որ այդպիսի այցելութիւն մը գաղութիս համար շատ օգտակար պիտի ըլլայ»[55]։
Նոյեմբեր 1935-ին Ամիրեանց գրած է, թէ «ներկայ տարւոյս մէջ երեք անգամ Էջմիածնի սրբազան Կաթողիկոսէն կարեւոր հրահանգներ եկան ¬¬երկուքը կոնդակով¬¬ եւ երեքն ալ մերժուեցան հոգաբարձութեան կողմէ, մինչդեռ Կաթողիկոսի մը կոնդակը հաւասար է կայսերական հրովարտակի, եւ հրամանն ալ իրատէի»։ Երրորդը Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Հոկտեմբեր 1934-ի նամակն էր, ուր կ՚ըսուէր, թէ Հարաւային Ամերիկան արդէն անկախ թեմ դառնալու հարցը յարուցած էր։ Հետեւաբար, Ամիրեանց կը շարունակէր խեղաթիւրումով մը. «Հոգաբարձութիւնը չուզեր ճանչնալ Նիւ Եօրքի Առաջնորդարանը, լաւ, բայց այն ատեն պէտք է ուղղակի կապուի Էջմիածնի հետ, ինչպէս Մանչէսթըր, Լօնտոն եւ Բարիզ որոնք առանց Առաջնորդարան ըլլալու ուղղակի կապուած են հոգեւոր հովուութեամբ։ Այդ ալ չեն ըներ եւ չեն ուզեր անոր համար որ կը փափաքին հակակշիռ (control) չունենալ իրենց վրայ եւ մնալ ինքնագլուխ»[56]։

Ի պատասխան Ամիրեանցին, Գալֆայեան գրած էր Յունիս 1936-ին. «Իսկ Լիազօր Պատուիրակ Գարեգին Սրբազանը չենք խորհիր թէ ի վիճակի ըլլայ այցելել մինչեւ Հարաւ. Ամերիկա, վասնզի մինչեւ Նոյեմբերի վերջերը պէտք է որ վերադարձած ըլլայ Ս. Էջմիածին»[57]։ Նուիըակի այցելութիւնը, սակայն, երկարաձգուած է։ 17 Յուլիսին, Գէորգ արք. Չէօրէքճեան պատասխանած է Ամիրեանցի 7 Մայիսի նամակին, թէ «Նորին Սրբութիւնը պատուէր է տուել իւր Լիազօր Ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոսին Կալիֆորնիա անցնելուց յետոյ այցելութեան գալ Հարաւային Ամերիկայում ապաստանած իւր սիրելի զաւակներին՝ յանձնարարութիւն ունենալով կանոաւորելու եւ կազմակերպելու Ազգային-Եկեղեցական գործերը»[58]։
12 Սեպտեմբերին, Հոգաբարձութիւնը պաշտօնապէս հրաւիրած է Յովսէփեանցը, որու նպատակն էր, ի շարս այլոց, «Հար. Ամերիկայի թեմի կազմութիւնը եւ անոր ձգտած կրօնա-կրթական եւ եկեղեցական կարգապահական ու կազմակերպչական հարցերը, որոնք այլեւս անյետաձգելի եւ հասունցած են»[59]։ Սակայն, այցելութիւնը ջնջուած է[60]։ Ըստ Գալֆայեանի՝ Ամիրեանցին տուած բացատրութեան, Յովսէփեանց «ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ կողմէ, մասնաւոր Կոնդակով, նշանակուած էր նաեւ Պատուիրակ Հարաւ. Ամերիկայի որ ծրագրած էր այցելելու Ձեզ եւ զբաղուելու Ձեր ազգային ու եկեղեցական ներքին խնդիրներով ու դժուարութիւններով եւ ընելու կարգադրութիւններ, այդ իսկ պատճառաւ իր հոս ժամանումէն յետոյ, մեր իշխանութենէն դուրս կը մնար հրահանգներ տալ կամ վճիռներ արձակել Հարաւ. Ամերիկայի մեր Առաջնորդարանիս ենթակայ թեմերուն, այլ եկած բոլոր գրութիւններու պարունակութիւնները կը փոխանցէինք Պատուիրակ Սրբազանին»։ Յովսէփեանց անմիջապէս Ս. Էջմիածին վերադառնալու հրահանգ ստացած էր, «առանց այցելելու Հարաւ. Ամերիկա, եւ ուստի յետ այսու Հարաւ. Ամերիկայի թեմերուն հետ մեր յարաբերութիւններն ու թղթակցութիւնները կը վերահասատուին, մինչեւ նոր տնօրինութիւն», կ՚աւելցնէր նամակը[61]։ Ի դէպ, Գարեգին Յովսէփեանց Էջմիածին վերադարձած չէ, այլ ընտրուած է Ամերիկայի թեմի առաջնորդ (1939-1945) եւ ապա՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս (1945-1952)։
28 Յուլիս 1937-ին, Խորէն Ա. Կաթողիկոս ստեղծած է Հարաւային Ամերիկայի թեմը Պուէնոս Այրէսի Հայաստանեայց Առաքելական դիմումին վրայ եւ Հայրապետական Պատուիրակ նշանակած՝ Հարաւային Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գարեգին եպս. Խաչատուրեանը[62]։ Կաթողիկոսէն արքութեան տիտղոս ստանալէ ետք, Ապրիլ 1938-ին Խաչատուրեան ժամանած է Պուէնոս Այրէս եւ 19 Յունիսին կատարած՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի օծումը։ Այսպէս, նոր էջ մը բացուած է Հարաւային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան տարեգրութեան մէջ։
[1] Տե՛ս Վարդան Մատթէոսեան, Հարաւային կողմն աշխարհի. Հայերը Լատինական Ամերիկայի մէջ սկիզբէն մինչեւ 1950, Անթիլիաս, 2005։
[2] Տիգրան Մկունդ, Հայ կղերն Ամերիկայի մէջ, [Նիւ Ճըրզի], 1945, էջ 89։
[3] The First Armenian Church in America: An Outline and Documents, New York, 1991, p. 105.
[4] Մաղաքիա արք. Օրմանեան, Ազգապատում, Գ. հատոր, Երուսաղէմ, 1927, էջ 5105։
[5] «Ազգային լուրեր», Կոչնակ, Փետրուար 1914, էջ 166։
[6] «Ազգային լուրեր», Կոչնակ, Մարտ 1914, էջ 237։
[7] Christopher Zakian (ed.), The Torch Was Passed. The Centennial History of the Armenian Church of America, New York, 1998, p. 17.
[8] Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան, Ազգապատում, Դ. հատոր, Բ. գիրք (1930-1955), Նիւ Եորք, 1997, էջ 144։
[9] «Հայ գաղթականութիւն», Հայաստանի Կոչնակ, Օգոստոս 1925, էջ 1110։
[10] Արձանագրութեան տոմար Հայ Գաղութային Կեդրոնի, 28 Մայիս 1924։ Նամակը որոշ փոփոխութիւններով վաւերացուեցաւ (նոյն, 11 Յունիս 1924)։ Ի. Արծրունի կեղծանունն էր արժանթինահայ համայնքի կազմակերպիչներէն՝ ճարտարապետ Իսրայէլ Արսլանի (1879-1952), որ 1923-1924-ին եւ աւելի ուշ Հայ Գաղութային Կեդրոնի, իսկ 1925-1935-ին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետը եղած է։
[11]Levón Kilic-Aslan, Los armenios en Córdoba: 100 años de historia, Córdoba, 2001, p. 42.
[12] Աշոտ Արծրունի, Տարեցոյց Հար. Ամերիկահայոց, Պուէնոս Այրէս, 1943, էջ 310։
[13] Տե՛ս «Զեկուցում Հարաւային Ամերիկայի գաղութահայութեան անցեալ եւ ներկայ վիճակի եւ նորա Եկեղեցական¬Վարչական կազմակերպութեան մասին», անթուակիր (1936) (Հայաստանի Ազգային Արխիւներ (ՀԱԱ), ֆոնտ 409, ցուցակ 1, գործ 3743՝ ձեռագիր, գ. 3745՝ մեքենագիր)։
[14] Տե՛ս Տիրայր եպս. Յովհաննիսեանի նամակը Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին, 24 Մարտ 1925 (ՀԱԱ, ֆ. 409, ց. 1, գ. 3766)։
[15] Տե՛ս Տիրայր եպս. Յովհաննիսեանի նամակը Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին, 1 Յունիս 1925 (ՀՀ ՊՊԿԱ, ֆ. 409, ց. 1, գ. 3766)։
[16] «Ազգային կեանք», Հայաստանի կոչնակ, 13 Հոկտեմբեր 1923, էջ 1304։
[17]«Ազգային կեանք», Հայաստանի կոչնակ, 17 Նոյեմբեր 1923, էջ 1464։ Նամակին բնագիրը տե՛ս Գիւտ Մխիթարեան, Պրազիլահայ գաղութը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, Փարիզ, 1938, էջ 23. Եզնիկ քհնյ. Վարդանեան, Պրազիլիոյ հայ գաղութը, Պուէնոս Այրէս, 1948, էջ 83։
[18] Մխիթարեան, Պրազիլահայ, էջ 24. Վարդանեան, Պրազիլիոյ, էջ 84 (կէտադրական եւ լեզուական մանր տարբերութիւններով)։
[19] Մխիթարեան, Պրազիլահայ, էջ 25։
[20]]Վարդանեան, Պրազիլիոյ, էջ 87։
[21] Արձանագրութեան տետրակ Հայ Գաղութային Կեդրոնի, 9 Մայիս 1926։
[22] Նոյն, 6 Օգոստոս 1926։
[23] Նոյն, 1 Հոկտեմբեր 1926։
[24] Նոյն, 15 Հոկտեմբեր 1926։
[25] Արձանագրութեան տետրակ, 13 Յունիս 1930։
[26] Յովհաննէս քհնյ. Ամիրեանցի տեղեկագիր Գարեգին արք. Խաչատուրեանին, 13 Դեկտեմբեր 1937 (Diocese of the Armenian Church of America [DACA], File 294, Argentina)։
[27] Ծրագիր¬Կանոնագիր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, Պուէնոս Այրէս, 1930, էջ 13-14։
[28] Actas de la Institución Administrativa de la Iglesia Armenia [Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան արձանագրութեան տոմար՝ սպաներէն], 29 de agosto de 1931, 20 de septiembre de 1931, 20 de diciembre de 1931, 1o. de mayo de 1932, 30 de octubre de 1932.
[29] Idem, 17 de enero de 1932.
[30]]Վարդանեան, Պրազիլիոյ, էջ 87։ 20 Ապրիլ 1932-ին, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ատենապետ Խորէն արք. Մուրադբէկեան Դուրեանին դիտել տուած է աւանդական կարգի խախտումը նմանօրինակ պարագաներու, քանի որ աւագութեան ու լանջախաչի տուչութեան իրաւասութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կը պատկանէր (Սանդրօ Բեհբուդեան (խմբ.), Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու պատմութեան, գիրք Բ., Երեւան, 1996, էջ 319)։
[31] Ամիրեանցի տեղեկագիր Խաչատուրեանին, 13 Դեկտեմբեր 1937 (DACA, File 294)։
[32] Հմմտ. Ամիրեանցի 27 Յունուար 1932ի նամակը Դուրեանին, ուր ըսուած է, թէ «տեղւոյս հոգաբարձութեան գրուած պաշտօնական նամակին մէջ փափաք յայտնած էք մօտաւոր օրերու մէջ Հարաւ. Ամերիկայ եւ ընդ որս նաեւ Պ. Այրէս այցելել (…)» (idem).
[33] ՀԱԱ, ֆ, 409, ց. 1, գ. 3742։
[34] Վարդանեան, Պրազիլիոյ, էջ 87։
[35] Ամիրեանցի տեղեկագիր Խաչատուրեանին, 13 Դեկտեմբեր 1937 (DACA, File 294)։
[36] Բեհբուդեան (խմբ.), Վաւերագրեր, էջ 315։
[37] Մէջբերումը տե՛ս Վարդանեան, Պրազիլիոյ, էջ 237 (ընդգծումը մերն է)։
[38] Բեհբուդեան, Վաւերագրեր, էջ 327։
[39] Վարդանեան, Պրազիլիոյ, էջ 239-240։
[40] Մէջբերումը տե՛ս ՀԱԱ, ֆ. 409, ց. 1, գ. 3743, գ. 3745։
[41] Մէջբերումը տե՛ս ՀԱԱ, ֆ. 409, ց. 1, գ. 3742։
[42] Actas, 4 de diciembre de 1932.
[43] Actas, 25 de junio de 1933, 20 de octubre de 1933, 19 de noviembre de 1933 (ընդգծումները մերն են)։ 1937-ին, Ամիրեանց ակնարկած է այս վերջին որոշումին. «1933ի Նոյեմբեր ամսոյ ժողովներէն միոյն մէջ Պ. Այրէսի Հայ Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը կ՚որոշէ բացարձակապէս չճանչնալ Ամերիկահայ Առաջնորդարանը, եւ նոյն թուականէն սկսեալ չպատասխանել Առաջնորդարանէն հասած պաշտօնական գըրութիւններուն. ուրիշ ժողովի մը մէջ ալ կ՚առաջարկուի եւ կ՚որոշուի յանձնարարել տողերս արձանագրողին՝ չյիշատակել յետայնու Ամերիկահայ Առաջնորդ Սրբազանին անունը՝ Ս. անմահ Պատարագի ընթացքին, եւ խզել ամէն յարաբերութիւն Ազգ. Առաջնորդարանի հետ։ Հետեւանք տրուելով այդ որոշման՝ վարիչ տնօրէնին միջոցաւ տողերս ստորագրողին նոյնիմաստ պատուէրներ տրուեցան։ Բայց ինքս մերժեցի անսալ նման առաջարկի մը (. . .)» (Ամիրեանցի տեղեկագիր Խաչատուրեանին, 13 Դեկտեմբեր 1937, DACA, File 294)։
[44] DACA, File 294։
[45] Տե՛ս Ամիրեանցի տեղեկագիրը Խաչատուրեանին, 13 Դեկտեմբեր 1937 (DACA, File 294)։
[46] Բնագրի ընդօրինակութիւնը տե՛ս DACA, File 294։
[47] ՀԱԱ, գ. 409, ց. 1, թ. 3744 (ընդգծումը մերն է)։
[48] Նոյն։ Տե՛ս նաեւ Մամբրէ Ծ. վրդ. Գալֆայեանի 15 Մայիս 1935ի նամակը Յովհաննէս Ա. քհնյ. Ամիրեանցին (DACA, File 294)։ Հմմտ. Արմէն Պարտիզեան, Հայ Եկեղեցւոյ տագնապը եւ անոր պատասխանատուները, Պոստըն, 1936, էջ 279։
[49] Actas, 14 de abril de 1935.
[50] Կ՚ակնարկէր Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Ըստ խորհրդային գաղտնի սպասարկութեան դասալիք Գէորգի Աղաբէկովի, 1929-ին Ռուբէն եպս. Մանասեան հաւաքագրուած էր Իրաք մեկնելու նախօրեակին (Georges Agabekov, OGPU: The Russian Secret Terror, translated by Henry W. Bunn, New York, 1931, p. 188)։ Հմմտ. Պարտիզեան, Հայ Եկեղեցւոյ, էջ 88, 279։
[51] ՀԱԱ, գ. 409, ց. 1 , թ. 3744։
[52] Narciso Binayan, La colectividad armenia en la Argentina, Buenos Aires, 1974, p. 44.
[53] Նոյն։
[54] Բեհբուդեան, Վաւերագրեր, էջ 484։ Նոյն նամակին մէջ, Կաթողիկոսը խօսք կ՚ընէր Լոս Անճելըսի հոգեւոր հովիւ Վահրամ վրդ. Նազարէթեանի առաջնորդական տեղապահի թեկնածութիւնը առաջարկելու մասին։
[55] ՀԱԱ, ֆ. 409, ց. 1, թ. 3744։
[56] Յովհաննէս Ա. քհնյ. Ամիրեանցի նամակը Հրանդ Նիքօթեանին, 21 Նոյեմբեր 1935 (պատճէնը տե՛ս DACA, File 294)։
[57] Տե՛ս Մամբրէ Ծ. Վրդ. Գալֆայեանի 2 Յունիս 1936-ի նամակը, ի պատասխան Յովհաննէս Ա. քհնյ. Ամիրեանցի 7 Սեպտեմբեր, 6 ու 13 Դեկտեմբեր 1935-ի եւ 20 Մարտ 1936-ի նամակներուն DACA, File 294)։
[58] ՀԱԱ, գ. 409, ց. 1, թ. 3745։
[59] «Գարեգին Արքեպիսկոպոսի այցելութիւնը», Հայ Կեդրոն, Փետրուար 1937, էջ 3։
[60] Տե՛ս Actas, 18 de marzo de 1937։
[61] Տե՛ս Մամբրէ Ծ. վրդ. Գալֆայեանի Մայիս 18, 1937ի նամակը Յովհաննէս Ա. քհնյ. Ամիրեանցին (DACA, File 294)։
[62] Բեհբուդեան, Վաւերագրեր, էջ 523-524։

