Գլխաւոր

ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111-ԱՄԵԱԿԸ

Լուսանկարներ՝ Քնար Պետեան

Կիրակի, Ապրիլ 26-ինն, Պոսթընի «Ժառանգութեան պարտէզ»-ին շուրջ տեղի ունեցաւ հաւաք, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան։

Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտական կազմի տողանցքէն եւ աղօթքէն ետք, Սեւան Տիւլկերեան երգեց Ա․Մ․Ն․-ի եւ Հայաստանի քայլերգները։

Օրուան հանդիսավարն էր երիտասարդ Ռաֆֆի Պարսամեան, որ միշտ ալ մեկնաբանութիւններով եւ խօսքերով հրաւիրեց ներկաները հետեւելու այս հաւաքին։

Օրուան բանախօսն էր Նիւ Եորքի «Քոլումպիա» համալսարանի աշակերտ եւ ուսոիմնասիրող Նինա Շահվերտեան։ Ստեփանակերտ ծնած, Նինա երկար ժամանակ ականատես եղած է Ատրպէյճանի կատարած պաշարման։ Ան շեշտեց, թէ 111 տարի առաջ պատահած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2020-ի ահաւոր պատերազմէն ետքն ալ Արցախը պաշարուած եւ ապա բոլորովին պարպուած էր։ Նինա սրտաճմլիկ եւ յուզիչ նկարագրականներ կատարեց, մեծ տպաւորութիւն ձգեց աւելի քան երկու հարիւր ներկաներու վրայ։

Advertisement Subscribe Today

Նոյնանման արտայայտութիւններ ունեցան եւ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Հարվըրտ համալսրան այցելող երիտասարդ ուսանողներ՝ Ասպրամ Իսրայէլեան եւ Արգինէ Յարութիւնեան։

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Անահիտ Մելքոնեան (բանաստեղծութիւն) եւ «Պըրքլի» երաժշտանոցի ուսանող՝ Առնօ Մելքոնեան, իր կողքին ունենալով Լիա Սարգիսեանը։ Մանկապատանեկան «Արմինիա» պարախումբն ալ բեմահարթակ բարձրացաւ խանդավառելով ներկաները։

Նշենք, թէ Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ին, Մասաչուսէցի Նահանգային Տան մէջ, նահանգին Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած էր ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն հանդիսավարն էր Նահանգային Ներկայացուցիչ Տէյվիտ Մուրատեան եւ բանախօսը՝ դոկտ․ Ժերմէն ՄըքՔելփայն։

DSC_3443.JPGDSC_3464.JPGՅայտագիրը ընթացք առաւ՝ կղերականներուն եւ հիւրերուն ժամանմամբ, առաջնորդութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտներուն։ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ ծայր․ վարդապետ Թահանեան օրհնութեան աղօթքէն ետք, հայ աշակերտներ երգեցին ազգային քայլերգները՝ մշակութային ժառանգունութիւնը խորհրդանշելով։ Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Ուաթըրթաունի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ սարկաւագ Ասատուր Պալճեանի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button