ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ ընդունեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութը, որ հանդիպումէն առաջ յայտարարեց ,որ Արեւմտեան Զինակցութիւնը իր կարելին պիտի ընէ՝ պաշտպանելու համար անդամները՝ ներառեալ Թուրքիան։
Պետական լաւատեղեակ աղբիւրի մը համաձայն, Ռութ Էրտողանի հետ քննարկած է ՆԱԹՕ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութեան դրդապատճառները։
Նոյն աղբիւրը նկատել տուաւ,որ Անգարայի այս հանդիպումը կը կատարուի այն պահուն, երբ զինակցութիւնը կ՛ապրի զգայուն պահեր՝ Անգարայի մէջ Յուլիսին կայանալիք վեհաժողովին նախօրեակին։
*
Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ Անթալիոյ դիւանագիտական գիտաժողովի ծիրին մէջ կայացած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ՝ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են Թուրքիա – Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, շրջանային եւ միջազգային զարգացումները։
Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան վճռական են խորացնելու համագործակցութիւնը ՝ առեւտուրի, ուժանիւթի եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասին կը կրեն Իրանի պատերազմին ժխտական ազդեցութիւնները, իսկ զարգացումները կը կառավարեն ամենայն ողջախոհութեամբ եւ պաղարիւնութեամբ։
Էրտողան նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու հոլովոյթին՝ նշելով, որ Անգարա գոհունակութեամբ կ՛ընդունի այս իմաստով առնուող քայլերը եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ խաղաղութեան հոլովոյթին։
*
Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային յարաբերութիւններու վարչութան ղեկավար Պուրհանէտտին Թուրան Անթալիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական եւ նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի պետ Հիքմէթ Հաճիեւի հետ։
Անդրադարձ կատարուեցաւ հաղորդակցութեան, լրատու աղբիւրներու եւ հանրային դիւանագիտութեան մարզերուն մէջ միացեալ քայլերուն եւ ծրագրերուն։ Վերահաստատուեցաւ ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի եւ ռազմավարական հաղորդակցութեան մարզին մէջ համակարգման զարկ տալու կարեւորութիւնը։ Նաեւ նշուեցաւ, որ Թուրքիոյ նախագահին ներկայացուցած տեսլականին ծիրին մէջ պիտի շարունակուի սերտ կապերը պահպանելու եւ զարգացնելու թուրքեւատրպէյճանական ամուր համագործակցութիւնը։
*
Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 90 անձեր, որոնք կը գտուին Իսլամական Պետութիւն ահաբեկչական խմբաւորման հետ կապեր ունենալու կասկածներու տակ։
Պոլսոյ մէջ իսրայէլեան հիւպատոսարանին մօտ պատահած կրակոցներէն երկու շաբաթ ետք Անգարայի իշխանութիւնները հաղորդեցին, որ 7 Ապրիլի յարձակման յաջորդ օրը ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին ձերբակալուած են 198 անձեր՝ ՏԱԷՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ։ Իշխանութիւնները սակայն պաշտօնապէս չեն յայտարարած, որ ձերբակալեալները կապ ունին յարձակման հետ, որուն ընթացքին երկու ոստիկաններ վիրաւորուած էին։
*
Թուրքիոյ պողպատի ճարտարուեստի մարզը ընթացիկ տարուան համար կը հետապնդէ տարեկան 17 միլիառ տոլար արժողութեամբ 20 միլիոն թոն պողպատ արտածելու թիրախը։
Թրքական կողմը մեծ թափով կը շարունակէ պողպատի արտածման նոր շուկաներու որոնումը՝ գլխաւորաբար Եւրոպայի տարածքին։
Թուրքիա համաշխարհային առումով եօթներորդ, իսկ Եւրոպական առումով՝ մետաղի արտածող երկիրներու ցանկին վրայ առաջին դիրքի վրայ կը գտնուի։ 2025 Թուրքիա արտադրած է 38 միլիոն թոն պողպատ, որուն 19 միլիոն թոնը արտածուած է։

