ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՄԱՄՏԱՆԻՆ ՆՇԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒՄԸ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նորընտիր քաղաքապետ Զոհրան Մամտանի, Ապ րիլ 24-ին, «Էքս»-ի իր էջին վրայ հրապարակեց ուղերձ մը, որ խոր վրդովում յա ռաջացուց Անգարայի եւ Պաքուի մէջ։ Նիւ Եորքի քաղաքապետին Ապրիլեան ուղերձին մէջ կը շեշտուի.
«Այսօր կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։ Մինչ կը յարգենք Օսմանեան կայսրու թեան կողմէ ներկայի Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տարածքին նահատակուած մէկուկէս միլիոն հայերուն յիշատակը, պարտաւոր ենք թոյլ չտա լու, որ պատմութիւնը կրկնուի։
2020-ին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը յարձակում գործեցին Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակ չութեան վրայ։ 2023-ին, Ատրպէյճան՝ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահա նեց աւելի քան
100 հազար հա յեր՝ շարունակելով ցեղասպանական այն արշա ւը, որ սկիզբ առած էր աւե լի քան դար մը առաջ։
Յիշատա կի այս օրը, մենք կը վերահաստատենք հայ ժո ղովուրդին եւ բո լոր ժո ղովուրդներուն ազատու թեան, անվտանգութեան եւ ինքնո րոշ ման իրա ւունքը»։
Պաքու բռնօրէն քննադատեց այս ուղերձը։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց, նշելով, թէ Զոհրան Մամտանիի խօսքերը սխալ եւ գրգռիչ են:

