Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Բագրատունիի Աշխատանքային Այցելութիւնը Մոսկուա

Ապրիլ 23-27ը, Ռուսաստանի Հայերու Միութեան հրաւէրով, Մոսկուա ժամանեց աշխատանքային այցելութեամբ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու պատասխանատու Յակոբ Բագրատունին։
Այցելութեան ծիրին մէջ Բագրատունին մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշաքարին պսակադրութեան արարողութեան, որմէ ետք, որպէս յատուկ հիւր, ելոյթ ունեցաւ կազմակերպուած միջազգային համաժողովի մը՝ ներկայացնելով բանախօսութիւն եւ յատուկ ուղերձ։ Համաժողովին մասնակցեցան Ռուսաստանի պետական ներկայացուցիչներ, գիտական, հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու աւելի քան 300 ներկայացուցիչներ։
Իր ելոյթին մէջ Բագրատունին ըսաւ․ «111 տարի ետք ալ պատմութիւնը կը կրկնուի Արցախի մէջ, Հայաստանի սահմաններուն եւ Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ ցեղասպան յանցագործը իր պատիժը չէ ստացած։ Այսօր Սփիւռքի եւ Հայաստանի վերջին հարիւրամեայ պատմութեան թերեւս ճակատագրական, անկիւնադարձային եւ ամենավտանգաւոր հանգրուանին առջեւ կը գտնուի հայ ժողովուրդը՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Հայաստանի ապազգային իշխանութիւնները, Արցախը յանձնելէ ետք, կը նպաստեն համաթրքական եւ նէօ-օսմանեան ծրագիրներու շարունակութեան Հայաստանի աշխարհատարածքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Այսօր նաեւ, երբ կը տեսնենք, թէ ինչ ճակատագիրի արժանացաւ Արցախը «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» ըսելէ ետք, երբ կը տեսնենք, որ ատրպէյճանական զօրքերը արդէն կը գրաւեն Մայր Հայաստանի տարածքները, եւ երբ կը նկատենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց զիջողական քաղաքականութեամբ շարունակ Հայաստանը կը տանին պարտութենէ պարտութիւն, ակամայ կը հարցնենք՝ արդեօք ցեղասպան թուրքը չէ՞ արդէն սկսած իր ծրագիրը իրագործել եւ յաջողցնել»։
Ապրիլ 25-ին, Յակոբ Բագրատունին հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Ռուսաստանի կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու, ուղեկից միութիւններու եւ Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներու հետ՝ փոխանցելով Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ուղերձը եւ ներկայացնելով այն առաջնահերթ կատարելիքները, որոնց իրականացումը հրամայական է ներկայ օրհասական հանգրուանին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համահայկական կազմակերպուած աշխատանքի խորացման, ազգային օրակարգի շուրջ համախմբման, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան կառոյցներու աւելի համակարգուած եւ նպատակային գործունէութեան հարցերը։
Ապրիլ 26-ին Հայ Առաքելական եկեղեցական համալիրի թանգարանին մէջ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ ընդլայնուած հանդիպում ընկեր Յակոբ Բագրատունիի հետ, որուն մասնակցեցան համակիր շրջանակներու, Ռուսաստանի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ։
Հանդիպման ընթացքին Բագրատունին անդրադարձաւ հայկական սփիւռքի դերակատարութեան եւ ազգային շահերու պաշտպանութեան գործընթացներուն մէջ անոր մասնակցութեան։ Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքին մէջ Սփիւռքի դերակատարութեան ընդլայնման հեռանկարներուն մասին։
Քննարկուեցան այդ պայմաններուն մէջ հայկական կազմակերպութիւններու, մասնաւորաբար Հ.Յ.Դ. կառոյցներու, Հայ Դատի Մերձաւոր Արեւելքի մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու կողմէ իրականացուող աշխատանքներն ու անվտանգութեան ապահովման ուղղուած նախաձեռնութիւնները։
Հանդիպումը անցաւ հարց-պատասխանի ձեւաչափով, որու ընթացքին մասնակիցները առիթ ունեցան յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու։
Ապրիլ 26-ին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամը հանդիպեցաւ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Եզրաս Սրբազանին հետ։ Հանդիպման ընթացքին Բագրատունին վերահաստատեց Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ կառոյցի գործօն աջակցութիւնը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Հայրապետին՝ դատապարտելով գործող իշխանութիւններուն կողմէ Եկեղեցւոյ եւ անոր առաջնորդներուն դէմ տարուող ապազգային եւ հակաքրիստոնէական պայքարը։ Եզրաս Սրբազանը ողջունեց Բագրատունիի այցելութիւնը Մոսկուա եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց։

