Լրահոս

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՈԳԵԿՈՉԷ ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 277-ԱՄԵԱԿԸ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ ՄԷՋ

 

Կիրակի, 26 Ապրիլին, Մխիթարեան Միաբանութիւնը նշեց հիմնադիրին՝ Մխիթար Աբբահօր մահուան 277-ամեակը, ձեռնարկով մը որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղազարի պատմական գրադարանի դահլիճէն ներս յաւարտ Սուրբ Պատարագի։ Ոգեկոչումը կը կատարուի Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի յոբելենական տարիուայ ծիրէն ներս։

Իր բացման խօսքին մէջ, Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան մէջբերաւ Հայաստանի յայտնի լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանի (1920-2005) գնահատականը Միաբանութեան հիմնադիրին մասին. «Ինչքան հեռանում ենք Մխիթար Սեբաստացու ժամանակներից, եւ խորանում այդ ժամանակների անաչառ քննութեան մէջ, նրա կերպարը այնքան մեծանում է մեր աչքերի առաջ»։ Սրբազան Հայրը նաեւ յուշեց Աբբահօր մասին ուրիշ դրուագ մը, երբ հայրենի ազգային գործիչ Ալեքսան Կիրակոսեանը օրուայ Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի հետ խօսակցութեան ընթացքին Մխիթարին անդրադարձած էր ըսելով, որ «նա հոգեւոր հայրենիք կերտեր է, երբ այս տարածքում հայկական պետականութիւն չկար»։

Լեւոն Արքեպիսկոպոս աւելցուց. «Մխիթար Աբբահայր ոչ միայն հայկական մեծութիւն է… այլ նաեւ համաքրիստոնէական եւ համամարդկային չափանիշով մեծութիւն է Մխիթար Աբբահայր, եւ ասիկա նոր ասպարէզ մըն է, որ կը բացուի մեր առջեւ եւ մաղթենք, որ մեր յառաջիկայ տարիներուն, տասնամեակներուն, հարիւրամեակներուն, յանձնառութիւն ըլլայ ասիկա»։

Սրբազան Հօր խօսքէն ետք, միաբան վարդապետները եւ նորընծաները երգեցին Մխիթար Սեբաստացիի Մարիամ Աստուածածնին նուիրած շարականը.

«Անճառին խորան,
Բանին բնակարան,
Գովեալ Մարիամ սրբուհի,
Դու վարդ անթառամ…
»

Advertisement Subscribe Today

Ապա խօսք առաւ Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան, որ Մխիթար Աբբահօր համապարփակ կենսագրական պատկեր մը ներկայացուց յետ գրաբար լեզուով ներածականի.

«Այսօր, գումարեալք ի միասին ընդ յարկաւ տանն Մեծին Մխիթարայ, ցնծալից ուրախութեամբ եւ հրճուանօք, տօնախմբեմք զՅոբելեան յերկինս ծննդեան Ծառային Աստուծոյ եւ Երանաշնորհ Հիմնադրին մերոյ Մխիթարայ Աբբայի, որ կատարեաց զընթացս կենաց իւրոց յայսմ աշխարհի՝ ծառայելով Փրկչին եւ լուսաւորելով զՀայկազնեայ ազգն նմեր աստուածային բանիւք եւ իմացական եւ հայրեանաւանդ ժառանգութեամբք Հարցն մերոց։ Արդարեւ նա եղեւ լուսաճաճանչ աստղն որ ցոլացոյց ի խաւարամած հայրենիս՝ զլոյս սրբութեան եւ գիտութեան եւ կանգնեաց զազգակիցս իւր զի կեցցեն աստուածահաճոյ վարուք եւ ազգօգուտ գործովք՝ զհետ լինել բարւոյն եւ ճշմարտին։»

Կենսագրական տուեալներուն կողքին, Հ. Համազասպ անդրադարձաւ նաեւ Մխիթար Սեբաստացիի (1676-1749) սրբակենցաղ վարքին եւ իր բացառիկ դատողութեան. «Խոհեմութեամբ զարդարուած՝ ամէն ինչ կշռադատող եւ հետեւաբար հաստատակամ եւ զգուշաւոր, միշտ միջին ճամբան կ՚ընտրէր։ Հիմնադիր Աբբահայրը խոնարհամիտ անձ էր, որ գիտէր հրամայել համեստ եւ բարեշնորհ կերպով, եւ քաղցրահամբոյր վերաբերումով»։

Մխիթարի բեղուն եւ նուաճումներով ու ապրումներով հարուստ կեանքին մէջ, Հ. Համազասպ առանձնացուց Աստուածամօր տեսիլքը Սեւանավանքի մէջ 1693-ին իբրեւ իր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր դէպքը։ Տասնվեցամեայ Մխիթար Սարկաւագը, Սեւանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, «երկարաշունչ աղօթքներէ վերջ… յոգնաբեկ՝ քունի կ՚անցնի Աստուածամօր պատկերին դիմաց»։ Աստուածամայրը իրեն կը յայտնուի երազին մէջ եւ անոր կ՚ըսէ. «Այն կ՚ուզեմ ինչ դուն կ՚ուզես, եւ այն միայն կը խնդրեմ ինչ որ դուն գիտես որ ինծի օգտակար է եւ կ՚ուզես տալ», Տիրամայրէն ստանալով խնդրանքի գոհացման խօսք։ «Աստուածամօր տեսիլքը կը դրոշմէ Մխիթարի ամբողջ կեանքը, աննկուն կամքը, անխոնջ աշխատանքը եւ հաստատուն հաւատքը։ Աստուածամօր խօսքին զօրութեամբ՝ Մխիթար հիմնած է իր միաբանութիւնը, որ առ այսօր կը գոյատեւէ մի միայն ամենասուրբ Կոյսի «Եղիցի»-ով»։

Անխոնջ եւ վեհանձն նուիրումի կեանքը, ինչպէս նաեւ նեղութիւններ ու երկարատեւ հիւանդութիւն մը Մխիթար Սեբաստացին բոլորովին կը հիւծեն, ու «1749-ի Ապրիլի սկիզբը վերջնականօրէն անկողին կը գամուի եւ վերջին օծումն ու հոգեւոր մխիթարութիւնները ստանալէ ետք՝ կ՚աւանդէ հոգին 27 Ապրիլ 1749-ին։

Հ. Համազասպ իր խօսքը աւարտեց յուշելով Միաբանութեան հիմնադիրին մէջբերումներ, անոնք աւարտելով այս խօսքով. «սկիզբէն ի վեր, ինչպէս ես, այս Միաբանութեանն ալ սահմանուած է Հայ Ժողովուրդի մշակութային ծառայութեան եւ Աստուծոյ փառքին»։

Թղթակից

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button