Պաքուի Պատրաստած Դատարկ Յուշամատեանը Եւ Երեւանի Անտարբերութիւնը

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Անընդունելի է լռել, կուլ տալ պատահածը եւ լուսանցքի մէջ դնելով՝ էջը դարձնել, նորը բացած ըլլալու անհիմն եւ անհեթեթ․․․«վարդագոյն» յոյսերով։
Ընդվզեցուցիչ եւ վրդովիչ էր, երբ վերջերս Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժնի ղեկավար Հիքմաթ Հաճիեւի ղեկավարութեամբ 58 երկիրներէ 150 դիւանագէտներ այցելեցին Արցախ, ուր շրջանի վերականգնումն ու Ատրպէյճանի գերիշխանութեան վերահաստատումը ցուցադրուեցաւ ներկայ՝ միջազգային դիւանագիտական համայնքի անդամներուն։
Հայորդիին համար, ամենէն աւելի զարհուրելի պահը այն էր, երբ Գանձասարի վանական համալիր այցելութեան ժամանակ Հաճիեւ շեշտեց, որ այս կառոյցը ոչ թէ հայկական, այլ աղուանական է, եւ դեռ աւելի գրգռելով, ան աւելցուց, թէ տեղւոյն մատենադարանի ցուցասրահին մէջ հայերը հին գիրքերու ցուցադրութիւն մը կազմակերպած են։ Ապա, թերթատելով ձեռագիրներու էջերը, ան դիւանագէտներուն ցոյց տուաւ այդ գիրքերուն դատարկ էջերը։
Բառ առ բառ Հաճիեւ հետեւեալը աւելցուց. «Ասիկա հին քրիստոնէական գիրք մըն է։ Կը բանամ զայն, միայն մէկ էջը… մնացեալը դատարկ է։ Եւ ասիկա է քրիստոնէական ժառանգութիւնը, զոր դուք կրնաք տեսնել…»։ Այս արտայայտութեան արդիւնք, ներկայ պաշտօնեաներն ու հլու կամակատար դիւանագէտներու մէկ մեծ մասը՝ քմծիծաղով արձագանգեցին։
Բնականաբար, ո՛չ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ո՛չ ալ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը ամենադոյզն ընդվզումն ու յայտարարութիւնն իսկ չէին կատարած Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժնի ղեկավար Հաճիեւի՝ Գանձասարի մէջ կատարած ստապատիր պնդումներուն եւ հայ ժողովուրդը ծաղրող մեկնաբանութիւններուն։
Արցախի մշակոյթի նախկին նախարար, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան կը տեղեկացնէ, որ Գանձասարի մատենադարանը, իր տնօրինութեան տակ գտնուող արժէքաւոր գիրքերը, ինչպէս նաեւ այլ տպագիր արժէքաւոր հրատարակութիւններ, ապահով վայր՝ Հայաստանի Մատենադարան տեղափոխած էր 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, եւ միայն քանի մը ոչ ամբողջական կրկնօրինակներ մնացած էին Գանձասար։ Այս «մնացորդաց»-ն էր, զոր Հաճիեւ ամենայն նենգութեամբ օգտագործած ու ցոյց տուած էր դիւանագէտներուն։
Այդ քմծիծաղողներու կարգին էր նաեւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ՝ Մակտալենա Կրոնոն, որ քանի մը օր ետք, Երեւան գտնուած օրերուն, անձամբ ծանօթացաւ տեղւոյն մատենադարան փոխադրուած հայկական հնագոյն ձեռագիրներուն եւ անոնց պատմութեան, ինչպէս նաեւ յատկապէս հին ձեռագիրներու թանգարանային ցուցադրութեան նպատակով կրկնօրինակներ պատրաստելու աւանդոյթին։
Այսուամենայնիւ, ինչ որ ալ ըլլար կացութիւնը կողմնակի վնասը (collateral damage) պատահած էր, մանաւանդ որ այս դատարկ ու սին յուշամատեանին դիմաց, Երեւան թոյլ կեցուածք մը, կամ աւելի ճիշդը՝ սնոտի անտարբերութիւն մը ցուցաբերեց։ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մէկ կիսատ-պռատ յայտարարութիւնը, թէ «անհրաժեշտ քայլերը կատարած է», եւ դեռ աւելի՛ն. Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի անդրադարձը, թէ զգոյշ պէտք է ըլլալ, կրնայ որեւէ սխալ արտայայտութիւն, արգելք հանդիսանալ «խաղաղութեան ճանապարհ»-ին։
Այսպէս, փոխանակ պատշաճօրէն եւ ամենայն արդարութեամբ բողոքելու, թէ որքանո՞վ ցայտուն է իրականութիւնը, ո՞վ կ՛երաշխաւորէ արցախահայութեան սեփականութիւնը, ո՞վ կ՛երաշխաւորէ անոնց կերտած եկեղեցիներն ու քաղաքական եւ մշակութային իրաւունքները, եւ անշուշտ ո՞վ կը վստահեցնէ, որ անոնք խտրականութեան պիտի չենթարկուին։
Այս այցելութեան կամ շրջագայութեան ամենէն մտահոգիչ եւ ազդեցիկ երեւոյթը ստեղծուած պատկերն է։ Անբնակ կառոյցներ՝ բացականեր։ Չկան հայ բնակիչներու բազմութիւններ, որոնք կը դիմաւորեն այդ դիւանագէտները։ Անոնք չեն վերադարձած իրենց հայրենիքը, որպէսզի այդ դիւանագէտներուն պատմեն իրենց գլխին եկածը։ Պատուրակութիւնը կը դիմաւորէ նոյնինքն հրաւիրողը։ Պարզ ու մեկին, անոնք կը ծանօթանան ատրպէյճանական պետական հաստատութիւններուն միջոցով։ Այսինքն, մէկ խօսքով, անոնք Արցախի ամբողջական պատմութեան ականատես չեն ըլլար եւ փոխարէն կը տեսնեն Արցախի մասին Պաքուի տարբերակը։
Օտարերկրեայ դիւանագէտներու մասնակցութիւնը պետութեան կողմէ կազմակերպուած շրջագայութեան մը, կը նշանակէ անոնց կողմէ Ատրպէյճանի բոլոր քաղաքականութիւններու հաւանութիւնը։ Դեռ աւելի՛ն. այս այցելութիւնը կրնայ նշանակել բնականոնացում։ Լուսանկարները, տեսերիզները, կերուխումն ու ազերիական «տոհմիկ» գեղարուեստական յայտագիրը կը նշեն «օրինականութիւն եւ ճանաչում», այնքան մը, որ իրավիճակը «վերջնականապէս կարգաւորուած է»։
Պարզ է։ Ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ այս այցելութիւնը կ՛ապացուցէ երկրի գերիշխանութիւնը, վերականգնումը եւ կայունութիւնը։
Արդեօք հայ ժողովուրդին ապագան վճռող 19 Բաղրամաեան պողոտայի աթոռներուն կառչած պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը չե՞ն գիտակցիր, թէ այսպէս լուռ մնալով, հայկական բնակչութեան անհետացումը գրեթէ անտեսանելի եւ անաղմուկ կը դառնայ։
Անզգայ դարձած ենք բոլորս, Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի վրայ պարապ-սարապ ճեմողէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքահայ օճախներու հայորդիները։
Հայոց պատմութեան էջերը դատարկ չեն։ Հոն փարթամ յուշամատեան կայ։

