Յօդուածներ

ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԵՒ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉ

Գէորգ Պետիկեան
Կը պատմուի թէ.-
Ֆրանսայի հզօր կայսր՝ Նափոլէոն Պոնափարթմեծ յաղթանակէ մը ետքերբ իր բանակին հետ կանցնէր Փարիզի փողոցներովմիջոցին ծերունի մը մեծ դժուարութեամբ կը փորձէր ճեղքել ամբոխըորպէսզի մօտիկէն կարելիութիւն ունենար տեսնելու իր հպարտ կայսրը:
Սակայն փողոցի կարգապահութեան հսկող զինուորները թոյլ չէին տար որ այս ծերունին ռազմական պատնէշը ճեղքելով աւելի մօտենար կայսրինԵւ ահա այդ վայրկեանին կը ստեղծուէր մեծ իրարանցում մը:
Նոյն պահունձիուն վրայ նստած եւ բանակը առաջնորդող Նաբոլիոնի ուշադրութիւնը կը գրաւէր այս աղմկոտ միջադէպըԱնմիջապէս տեղականալով եղելութիւնըբանակի տողանցքը կասեցնելովխի՛ստ կը հրամայէեւ բարձրաձայն կը հրահանգէ .-
Զինուորներ… Թոյլ տուէք այդ ծերունին … թող մօտենայ… ճամբայ տուէ՛ք… իսկ հիմա ուշադրութի՛ւն… պատրա՛ստ բարեւիՖրանսան է եկողը…-
 
Այդ ծերունինՆափոլէոնի ուսուցիչն էր:
….
Ուսուցչութիւնը մասնագիտութիւն մըն է: Ստեղծագործ միտք: Մեծ կամ փոքր մարդուն թերիները սրբագրող: Անոր նկարագիր կերտող: ճկուն: Նուրբ սէր ունեցող յատկապէս հանդէպ մատղաշ սերունդին: Տակաւին աւելին, նոյնիսկ մեծ դերակատարութիւն՝ նոյն այդ մատղաշի ապագայի կերտումին:
Ու խօսելով այս մասին, յիշենք որ հայ մանկավարժութիւնը երկար տարիներու պատմութիւն ունի։ Ու զայն սերտողըկրնայ ուսանելի էջեր գտնել դպրութեան եւ մանաւանդ հայ ուսուցիչի առաքելութեան մասին։ Եւ իսկապէս պատահական չէ, որ աշխարհի զանազան ժողովուրդներ, ինչպէս նաեւ մենք, տարուան մէջ օր մը անպայման կը պատուենք, եւ կը փառաբանենք մեր երկրէն ներս սերունդներու հին ու նոր դաստիարակները:
Արդ, իբրեւ աւելի քան կէս դարու վրայ երկարող հայ լեզուի ուսուցիչ, կրթական մշակ, նաեւ տակաւին պատնէշի վրայ մնացող համեստ դաստիարակ, մտերմօրէն յայտնեմ, որ ինծի համար ուսուցիչին նուիրուած տօնը, մեծ ցնծութեան օր է: Նաեւ, ուրախութեան տօն է: Որովհետեւ, կը հաւատամ որ ազգի մը արժէքը, իր ուսուցիչներն են: Ուստի պարտաւոր ենք այս մասին խօսիլ, յիշել եւ յիշեցնել ու յատկապէս՝ մեծարել:
Ու մեր մօտ, ուսուցչութիւնը վստահուած առաքելութիւն մըն է, որ դարէ դար, Մեսրոպ Մաշտոցէն մեզի փոխանցուած է իբրեւ սրբազան աւանդ: Որովհետեւ, ազգովին կը հաւատանք որ հայ ուսուցիչը հաստատ սիւնն ալ է հայ դպրոցին: Անոր համար միշտ կրկնած եմ, թէ ուսուցչութիւնը կեա՛նք է, եւ ո՛չ միայնասպարէզ:
Եւ այս առթիւ ըսեմ, որ իսկապէս մեծ գնահատանքի արժանի են մանաւանդ այն բոլոր մարդիկը, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն ուսուցիչներուն, եւ իրենց խորազգաց խորհուրդներով եւ նոյնքան ալ անսակարկ, անոնց կը մատուցեն յարգանքի իրենց տուրքը:
Անոր համար կ’ուզեմ շեշտել, թէ այս օրերուն կարօտը ունինք հայ ուսուցիչներու, որովհետեւ անոնց միջոցով եւ անոնց ճամբով է, որ մերսերունդները պիտի կոփուին գիտութեամբ եւ հայեցի շունչով:
Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, երբ աւելցնեմ որ ուսուցչութիւնը, ընդհանրապէս կը տարբերիմիւս բոլոր ասպարէզներէն: Անիկա կըպահանջէ անսակարկ զոհողութիւն եւանձնուիրում, յատուկ առաքելութեան եւ յանձնառութեան կողքին:
Այսպէս, հայերէնի ուսուցիչը ո՛չ միայն հայոցլեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէ իրաշակերտներուն, այլեւ կը պատրաստէվաղուան իրաւ հայը: Ան հայեցիդաստիարակութեան կողքին, նաեւ կը փորձէանոնց մէջ վառ պահել հայրենասիրութիւնը, մեր մշակութային արժէքներու փոխանցման հետ:
Ուսուցիչ կամ՝ ուսուցչութիւն: Ստեղծագործկոչում: Հին դարերէն ի վեր մարդկութեան հնոցն ու դարբնոցը հանդիսացած է ան: Նկարագիր կռանողն ու կերտողը: Ուսուցիչը անձ մըն է, որ օրինակելի ընծայում ունի, եւ ո՛չ թէ միայն գիտութիւն:
Յաճախ կը մտածեմ, թէ ի՞նչ եղած պիտի ըլլարմեր հայերուս կեանքը, եթէ հայ ուսուցիչներ ու հայ դպրոցներ գոյութիւն ունեցած չըլլային:
Անոր համար յարգանքի որոշ բաժին ունին անոնք բոլորն ալ: Ուստի մեզմէ կը պահանջուիյաւելեալ զգաստութիւն եւ յաւելեալվստահութիւն` հանդէպ մեր կառոյցներուն եւմանաւանդ ու մասնաւորաբար` հայ ուսուցիչին, որովհետեւ անոնց ճամբով է, որ մերսերունդները պիտի լիանան գիտութեանճրագով, պիտի յագենան հայեցի շունչով, պիտիյաղթահարեն տգիտութեան, եւմասնաւորաբար հայ ուսուցիչին մատուցածջերմ սիրով եւ գուրգուրանքով պիտի սնանին, եւ պիտի պարուրուին իմաստութեամբ եւազգային ու հայ արժէքներու գիտակցութեամբ:
Արդ, ազգի մը ներկայացուցած արժէքը իրունեցած ուսուցիչներն են, եւ ո՛չ թէ ուրիշտուեալներ, որոնք առհասարակ կապ ունեցածեն նիւթականին հետ, եւ որոնք գնայուն են, եւ ոչթէ մնայուն:
Ուսուցչութիւնը, կրկնած ենք միշտ, ընդհանրապէս կը տարբերի միւս բոլորասպարէզներէն: Անիկա կը պահանջէանսակարկ զոհողութիւն եւ անձնուիրում: Ու չմոռնանք, ուսուցիչին անհրաժեշտութիւնը միշտ կը մնայ անժխտելի, իսկ անորդերակատարութիւնը մարդակերտման եւհայակերտման աշխատանքներուն մէջ՝
մեծ ու վճռական:
Իսկ ուսուցիչին եւ մանաւանդ հայ ուսուցիչին համար կարեւորը տալն է, ո՛չ միայն ըլլալը: Էականը ցանելն է, ո՛չ միայն ամբարելը:Կենսականը ճառագայթելն է, եւ ո՛չ միայնուսուցիչ անուն կրելը: Ա՛յս է իսկականուսուցիչին առաքելութիւնը.- նուիրո՛ւմ եւ այդնուիրումի արարքին մէջ իսկ գտնելգոհունակութիւն:
Արդ, հայ ուսուցիչը արժեւորել կը նշանակէ արդար վարձքը տալ հայ մշակոյթի սպասաւորին:  Ան է մեր մշակոյթին դուռը բացողը:
Իսկ մեզի համար Էականը, ուսուցիչ գտնելուն կողքին՝ ուսուցիչ պահելն է:
Այս առումով, մեծ է հայ ուսուցիչին ստանձնածգործը՝ մեր ներկայ իրականութեան մէջ, որքանալ փշոտ ու դժուար ըլլայ այդ ճանապարհը, անչի դադրիր փրկարար ըլլալէ:
Մեծարել հայ ուսուցիչը, գնահատել անորկատարած գործը, կը նշանակէ մեծարելժողովուրդը, հայրենիքը, մայրենին, որքան ալ, երբեմն, ապերախտ դառնայ իր կատարածգործը: Ապերախտ՝ բայց ոչ անտեսումիարժանի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button