Գլխաւոր

Ելեկտրականութեան «TANAP»-ը Ճամբայ Ելած Է

 

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Յատուկ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին

Անցնող տասնամեակներուն ընթացքին, միջազգային քաղաքական եւ տնտեսական բեմերուն վրայ հիմնական զարգացումներու շարքին յատուկ կերպով բարձրացաւ ուժանիւթի գործակցութեան ստեղծումը, նաւթի խողովակներու կառուցումը եւ տնտեսական միջանցքներու բացումը: Կովկասը, իբրեւ դուռը Եւրոպայի ու նաեւ դէպի Չինաստան տանող անցք մը, ունի յատկանշական դեր:

Զուգադիպութիւն չէ, որ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ կայսրութիւններ ձգտած են իրենց վերահսկողութիւնը հաստատել այդ տարածքներուն վրայ: Ելեւմտական հոսքերուն վրայ իշխողը կ՛իշխէ նաեւ տեղւոյն քաղաքական ու դիւանագիտական կառոյցներուն կամ ենթակառոյցներուն վրայ: Այս մէկը ճիշդ է նաեւ ներկայիս, որովհետեւ պետութիւններու պայքարը վերածուած է գործակցութիւններու, կառուցումներու եւ բացումներու շուրջ սուր մրցակցութեան՝ տիրանալու համար այս կամ այն առ հարիւրով հաշուուած շահերու կամ ազդեցութեան:

Advertisement Donate Today

Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ նշած ենք, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը այս իմաստով տարբեր չեն այլ պետութիւններէ եւ յատուկ ալ չեն: Իրապաշտ քաղաքական մտածողութիւնը կը հաստատէ, որ պետութիւնները կ՛առաջնորդուին իրենց շահերով: Մշակոյթը կամ կրօնքը շատ անգամ կ՛օգտագործուին իբրեւ քայլերը արդարացնող կամ վաւերականացնող նիւթեր:

Ներկայ ժամանակներուն եւ յատկապէս ուժանիւթի հարցով, պէտք է ըսել, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնը կը նկատուի շրջանի հզօրագոյն դաշինքներէն մէկը: Ատրպէյճանի անկախութենէն ետք, Անգարա եւ Պաքու զանազան առիթներով եւ մնայուն ու հաստատակամ կերպով կառուցեցին բազմամակարդակ գործակցութեան համակարգ: Այս մէկը կարելի չէ պարզացնել ու համարել միմիայն երկու եղբայր ժողովուրդներու միջեւ գործակցութիւն, այլեւ՝ աստիճանաբար երկկողմանի շահերու եւ կախեալութեան վերածուած յարաբերութիւն մը, որ թափանցած է դէպի բազմաթիւ մարզեր:

11 Սեպտեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճան-Թուրքիա Ուժանիւթի 5-րդ համաժողովը, որուն արդիւնքը նոր համաձայնագիրներ չէին, այլեւ՝ պարզապէս քաղաքական առաջնահերթութիւններու յստակացում երեք ուժանիւթային ծրագիրներու շուրջ: Խօսքը կը վերաբերի Նախիջեւան-Թուրքիա ելեկտրական հոսանքի, Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա-Պուլկարիա «կանաչ» ելեկտրականութեան հայթայթման միջանցքի եւ թերեւս թրքական որոշ դերակատարութեան՝ Սեւ Ծովու մէջ ելեկտրականութեան այլ միջանցքի մը մէջ, որուն նպատակն է կցել Հարաւային Կովկասը Ռոմանիոյ եւ Հունգարիոյ հետ:

Այս երեք ծրագիրները ցոյց կու տան, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան ուժանիւթային գործակցութեան մակարդակը կը շարունակէ բարձրանալ: Միւս կողմէ, Անգարա եւ Պաքու կը ձգտին ելեկտրականութեան հայթայթման մարզին մէջ վերստեղծել նախապէս կազի եւ նաւթի մարզերուն մէջ իրենց իրագործած միացեալ յաջողութիւնները եւ ստեղծել դէպի արեւմուտք ուղղուած ենթակառուցուածք՝ կապելով Կասպից ծովը Սեւ Ծովուն եւ բնականաբար հասնելով Եւրոպա: Հետեւաբար, աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը շատ աւելի մեծ է, քան տնտեսական եւ ուժանիւթային տեսանելի ծրագիրները:

Նախիջեւան-Թուրքիա ելեկտրականութեան հայթայթման ծրագիրին շուրջ պէտք է ըսել, որ արդէն իսկ նման համակարգ գոյութիւն ունի եւ 2025-ին ստորագրուած համաձայնութեան հիման վրայ այս համակարգը ունի Նախիջեւանէն Թուրքիա 75 MW եւ հակառակ ուղղութեամբ՝ Թուրքիայէն Նախիջեւան 40 MW կարողականութիւն: Սակայն, նոր ծրագիրը այս իմաստով տարբեր է: Խօսքը կը վերաբերի 1 GW ելեկտրականութեան հայթայթման, որ 13.3 անգամ աւելի բարձր է, քան ներկայ պատկերը:

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնատարները տակաւին կը շարունակեն այս ծրագիրի սերտողութիւնը: Նպատակն է նաեւ հետագային այս ծրագիրը ընդլայնել եւ զայն վերածել Կեդրոնական Ասիա-Ատրպէյճան-Թուրքիա ելեկտրականութեան հայթայթման միջանցքի մը, որ իր կարգին այդ կարողականութեամբ կրնայ հասնիլ մինչեւ Եւրոպա: Սակայն, միաժամանակ, առնուազն ներկայիս, 1 GW պատկերը նպատակ է եւ անոր իրագործումը տակաւին ամբողջութեամբ կայացած չէ:

Այստեղ յատկանշական է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքտարի կատարած համեմատութիւնը: Ինչպէս գիտենք, TANAP ծրագիրը Թուրքիա-Ատրպէյճան գործակցութեամբ իրագործուած, 1,850 քիլոմեթր երկարութեամբ, Ատրպէյճանական բնական կազը դէպի Եւրոպա արտածող համակարգ է: Այսպէս, նախարար Պայրաքտար Նախիջեւան-Թուրքիա ելեկտրականութեան հայթայթման ծրագիրը որակեց իբրեւ «Ելեկտրականութեան TANAP»-ը:

Անցնելով երկրորդ ծրագիրին՝ Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա-Պուլկարիա կանաչ ելեկտրականութեան միջանցքին, պէտք է ըսել, որ Պուլկարիա պարզապէս միջանցքին վերջակէտը չէ, այլեւ՝ Եւրոպական Միութեան դուռն ու բանալին է:

Ներկայիս չորս կառավարութիւնները համաձայնած են արագացնել այս ծրագիրին իրագործումը: Պուլկարիոյ նշանակութիւնը նաեւ կը կայանայ այն քաղաքական վարքագիծին մէջ, որ Սոֆիա որդեգրած է՝ քաջալերելով Արեւելք-Արեւմուտք ուժանիւթային միջանցքներու ստեղծումը եւ առաջարկելով զիրար կցել Թուրքիան, Պուլկարիան, Յունաստանը, Հիւսիսային Մակեդոնիան, Ռումանիան, Քոսովոն, Ալպանիան եւ Մոնթէնէկրոն՝ հասնելով մինչեւ Իտալիա: Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած հետազօտութիւններու համաձայն, միմիայն Թուրքիոյ, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ եւ Ռումանիոյ միջեւ նման գործակցութիւն մը կրնայ իւրաքանչիւր երկրի ելեկտրականութեան հայթայթման կարողականութիւնը բարձրացնել 2,000 MW-ով կամ 2 GW-ով:

Միւս կողմէ, նկատի պէտք է ունենալ նաեւ, որ դէպի Պուլկարիա մատակարարուող Ատրպէյճանական բնական կազը կը կազմէ Պուլկարիոյ կարիքներուն 60 առ հարիւրը, թէեւ մէկ մասը Պուլկարիայէն կը մատակարարուի դրացի շուկաներ: Հետեւաբար, առկայ է նաեւ Ատրպէյճան-Պուլկարիա կախեալութեան որոշ յարաբերութիւն:

Իսկ երրորդ ծրագիրին պարագային, Սեւ Ծովու յատակով արդէն իսկ սկսած է Ատրպէյճան-Վրաստան-Ռումանիա-Հունգարիա ելեկտրականութեան մատակարարման համակարգի ստեղծումը, եւ այդ ծրագիրը իրականացնող ընկերութեան մէջ չորս պետութիւնները ունին պատկանելիութեան համահաւասար համեմատութիւններ: Ելեկտրականութեան մատակարարման կարողականութիւնը կը հասնի 1,300 MW-ի կամ 1.3 GW-ի: Ծրագիրը նկատի առնուած է ամբողջանալու 2030-ին: Ծրագիրը նաեւ ստացած է Եւրոպական Միութեան եւ Համաշխարհային Դրամատան աջակցութիւնը:

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալբարսլան Պայրաքտար 12 Սեպտեմբերին յայտնեց, որ Թուրքիա կրնայ միանալ այս ծրագիրին, բայց այդ մէկը հաստատ չէ:

Միանալու նպատակը յստակ է: Թուրքիան կը ձգտի իր ազդեցութիւնը եւ դերակատարութիւնը պահպանել դէպի Եւրոպա արտածուող ուժանիւթային բոլոր համակարգերուն վրայ, եւ այստեղ կը տեսնենք նաեւ, որ Ատրպէյճանը պարզապէս Թուրքիոյ կամակատարը չէ եւ, ինչպէս որեւէ այլ պետութիւն, կը հետապնդէ իր շահերը, որոնք շատ անգամ, բայց ոչ միշտ, կը համընկնին Թուրքիոյ շահերուն հետ:

Միւս կողմէ, շրջանային իմաստով Ռուսիոյ ազդեցութիւնը եւ ռուսական ուժանիւթային համակարգերը նահանջի մէջ են: Ատրպէյճան-Ռուսիա տակաւին կը պահպանեն 350 MW-ի կամ 0.35 GW-ի ելեկտրականութեան մատակարարում՝ երկկողմանի ձեւով: Սակայն այս նոր ծրագիրներուն մէջ Ռուսիան որեւէ կերպով ընդգրկուած չէ:

Այս անկումը նոր չէ եւ տարիներու ընթացքին աստիճանաբար աւելի տեսանելի դարձած է: 2020-ի Արցախ-Ատրպէյճան պատերազմը, Ուքրայինայի դէմ Ռուսիոյ պատերազմը եւ հետագային Արցախի ամբողջական կցումը Ատրպէյճանին առանձին զարգացումներ էին, որոնք միասին տկարացուցին Հարաւային Կովկասի մէջ Մոսկուայի նախկին կեդրոնական դերակատարութիւնը

Իրանի պարագան տարբեր է: Ատրպէյճան-Իրան ունին 600 MW-ի կամ 0.6 GW-ի հասնող ելեկտրական գործակցութիւն, ինչ որ աւելի բարձր է՝ բաղդատելով Ռուսիոյ հետ: Իրան նաեւ տասնամեակներու ընթացքին բնական կազի արտածում եւ ներածում կատարած է դէպի Նախիջեւան կամ անկէ՝ Իրան: Մասնաւորաբար, Թուրքիոյ հետ Ատրպէյճանի նոր ծրագիրները կրնան նուազեցնել Իրանի նախկին դիրքը՝ իբրեւ Նախիջեւանի արտաքին ուժանիւթային հիմնական կապերէն մէկը

Վերջապէս, Հայաստանի պարագային վիճակը աւելի բարդ է: Հայաստան ներառուած չէ շրջանային այս ծրագիրներուն մէջ, մինչ իր շուրջ աստիճանաբար կը ձեւաւորուին նոր ենթակառուցուածքային եւ ելեկտրական միջանցքներ: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ձգտող Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին կը խօսին Կարս-Գիւմրի շոգեկառքի գիծին վերակառուցման, սահմաններու բացման եւ ելեկտրականութեան մատակարարման շուրջ ծրագիրներու մասին: Սակայն այդ ծրագիրները տակաւին հիմնականօրէն քաղաքական քննարկումներու եւ ապագայ կարելիութիւններու մակարդակին վրայ են:

Միաժամանակ, TRIPP-ի ծրագիրը տակաւին իրականացուած չէ, մինչ Պաքու կը շարունակէ օգտագործել «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը՝ հակադրուելով Հայաստանի այն պնդումներուն, թէ ծրագիրը Հայաստանի ինքնիշխանութեան վտանգ չէ եւ ազերիական հասկացողութեամբ ներկայացուած միջանցք չէ:

Հայաստանի հիմնական խնդիրը այն է, որ անփոխարինելի չէ: Այլ խօսքով, մինչ Երեւան կը սպասէ բնականոնացման միջոցով նոր ուղիներու բացման, շրջանի միւս դերակատարները արդէն իսկ կը զարգացնեն այնպիսի այլընտրանքներ, որոնք կրնան գործել նաեւ առանց Հայաստանի մասնակցութեան Ատրպէյճանը արդէն ունի Վրաստանի միջոցով Թուրքիա եւ Եւրոպա հասնելու կարելիութիւն, մինչ Նախիջեւանը եւ Սեւ Ծովը կը ներկայանան իբրեւ այլընտրանքներ:

Պաշտօնական Երեւանի հեռանկարը այն է, որ բնականոնացումէն եւ շրջափակումներու վերացումէն ետք Հայաստան կրնայ մաս կազմել այս նոր շրջանային համակարգին: Սակայն հիմնական հարցը այն է, թէ այդ գործընթացին մէջ Հայաստան պիտի յաջողի՞ դառնալ անհրաժեշտ գործընկեր, թէ պիտի միանայ արդէն ձեւաւորուած համակարգի մը՝ երկրորդական եւ աւելի կախեալ դիրքէ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button