Յօդուածներ

ՄԵՐ ԳԻՏՑԱԾ «ԼԻՏԸՐ»-Ը

Գէորգ Պետիկեան
Ուսումնական վերամուտի առաջին շաբաթավերջն էր, երբ տասը տարեկան թոռնուհիս՝ Վանան, հօրը հետ մեր տուն մտաւ, վազելով եւ մեծ ուրախութեամբ: Ու  երբ տակաւին պաչիկներ եւ կարօտագին գրկընդխառնումներ չէինք փոխանակած, գիրկս նետուեցաւ ու հեւալով ըսաւ.-
-Պապի՛կ, հայերէնով «լիտըր» ինչպէ՞ս կ’ըսես …
Ահա քեզի տագնապ-մտահոգութիւն մը, հայ մանուկի մը բերնէն անմեղօրէն դուրս նետուած: Սովորական իր բարեւէն առաջ, հակառակ անոր որ առաւօտէն սկսեալ, ինքնածին զգայնութեամբ, եւ անձկութեամբ իր, մեր մօտ հանդիպելուն կը սպասէի, որուն շնորհիւ հին օրերուս գեղեցիկ թարմացումը պիտի կարենայի վերապրիլ, զիս անժամանակ շուարումի մը մէջ նետած էր: Անհամբեր կ՛ուզէի զինք տեսնել, եւ հարցնել, թէ իր դպրոց յաճախելուն իբրեւ արդիւնք, արդեօ՞ք «ակռաները ոսկի եղա՞ծ էին», թէ ոչ: Եւ ահա իր այս հարցումը, որ զիս զարմացուցած էր: Անմիջապէս նայեցայ դէմքին: Աչքերուն շարժումները քննեցի: Դէմքին վրայ նոր գծած իր ժպիտը փորձեցի «լուծել»: Լաւապէս գիտէի, որ երեւոյթը գեղեցիկ էր: Որովհետեւ, Վանան հետս միայն հայերէն խօսեցաւ, համարձակ, նոյնքան ալ՝ ազատ: Կ’երեւի այդ բառը չէր յիշած, կամ իրապէս՝ մինչեւ հիմա մեզմէ չէր լսած «լիտըր»-ին հայերէնը:
-Պապիկ…,-դարձեալ շարունակեց հեւալով,- «թիչըր»-ս…«սօրի» պապիկ…օրիորդս, ինծի ըսաւ որ ես անգլերէն դասին ընկերներուս «լիտըր»-ը պիտի ըլլամ…որովհետեւ..«եու նօ…». ես անգլերէն շատ գիրքեր կը կարդամ կոր…, անգլերէնով ալ լաւ կը գրեմ կոր, լաւ ալ կը խօսիմ…
Այսչափ: Ինծի համար թէ՛ հասկնալի եւ թէ՛ ալ հպարտալի երեւոյթ էր, որ իր այս տարիքին, դարձեալ իր մանուկ միտքը կրցած էր հայերէնով արտայայտել, եւ իր անսահման ուրախութեան պատճառն ալ, հասկնալի՝ պարզել:
Վանան, հաւանաբար, մինչեւ տուն վերադարձը երկար մտածած ըլլալու էր այս մասին ու առանց նախաբան մը ընելու՝ մտահոգութիւնը շպրտած երեսիս: Նայեցայ դէմքին: Տակաւին հարցումը անկէ կախուած կը մնար ու ինձմէ պատասխանի մը կը սպասէր: Պատասխան մը, որ գոհացում պիտի տար իր այս «մեծ» մտմտուքին:
Կը զգայի, որ իր փոքրիկ ուղեղը հիմա անտէր հայելի մըն էր, ուրկէ անմեղ պատկերներ կ՛անձրեւէին իր հոգիին մէջ: Ճերմակ ու բաց թուղթի մը նման նաեւ կը տեսնէի անոր հոգին: Բայց, ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պէտք էր որ պատասխանէի, որպէսզի որոշ գոհացում մը կարենայի տալ իր մտահոգութեան:: Իրապէս որ շուարած էի:
Ու ինծի համար նորութիւն մը չէր, որ անգլերէնը, նոյնիսկ իր այս տարիքին,  արդէն տիրապետած ու կլանած էր իր մտապաշարն ու խօսակցական լեզուն:
Կարծես, հայերէնը, պապիկին լեզուն էր ու միայն պապիկին ու նանիին հետ խօսելու համար ստեղծուած էր: Ի՜նչ կրնայի ընել…: Նորութիւն մը չէր: Ամերիկայի տարածքին նման ձեւով արտայայտող հազարաւոր իր տարեկիցներու մէջ, ի՛նք, ո՛չ առաջինն էր, եւ ոչ ալ՝ վերջինը:
Ուրեմն,-կը մտածէի,- շատ հաւանաբար, իր դասատու ուսուցչուհին իր դասարանի աշակերտները որոշ խմբակներու բաժնած ըլլալու էր, եւ ահա թոռնիկիս ալ, այդ խմբակներէն մէկուն պատասխանատու նշանակած:
Ի՜նչ ցնծութիւն, եւ ուրախութեամբ խառն հպարտութիւն՝ թէ՛ իրեն, եւ թէ՛ ինծի համար:
Սթափեցայ: Կրկին նայեցայ դէմքին: Մեր աչքերը այս անգամ տարբեր կերպով իրար հանդիպեցան: Իրը՝ անհամբերութեամբ լեցուն էր, իսկ իմս՝ պապիկներու յատուկ ուրախութեամբ: Ու հաւատացէ՛ք, մանաւանդ այս օրերուն պապիկի մը համար որքա՜ն հաճելի է իր թոռնիկին հետ հայերէնով զրուցելը:
Ապա, սկսայ հանդարտ բացատրել.
-Հայերէնով… ճանիկս…քու այդ «լիտըր» բառի՛դ «ղեկավար» կ’ըսենք, «առաջնորդ» ալ կ’ըսենք, նաեւ՝ «խմբապետ»…, ու նաեւ՝ «մեծ»…
Ու այսպէս «նախագահ…հերոս…» ու բաւական այլ հոմանիշներ ալ շարեցի, բացատրեցի իր իսկ հասկցած լեզուով, պարզ եւ խօսակցական ոճով:
Հաւանաբար թերեւս ալ իր այս հեւքին մէջ, վայրկեանին շատ բան չհասկցաւ: Բայց…:
Ապա, ժամանակ մը ետք, այս կարճ եւ հաճելի ու մանաւանդ ինծի համար մեծ գոհունակութիւն պատճառող մեր խօսակցութիւնը յանկարծ ընդմիջեցաւ, երբ կինս զինք իր մօտ կանչելով, իր նախասիրած կերակուրը ուտելու հրաւիրեց:
Իմ կարգիս, ուզեցի առանձնանալ: Ու բաւական ծանր խոհերովս սենեակս մտայ:
***
Տարիներ անցած ու սահած են այս գեղեցիկ «միջադէպէն»: Ու ամէն անգամ երբ յիշեմ, ինքնաբերաբար ինքզինքս, ինքնախօսութեան մը երկար մթնոլորտի մէջ կը գտնեմ: Միտքս պարզեմ: Նախ հարց տամ…արդեօք ի՞նչ ըսել ղեկավար եւ կամ ո՞վ է այս ղեկավարը, կամ առաջնորդը, կամ գաղութի մը «մեծ»-ը…:  Այլ խօսքով. ո՞վ է «լիտըր»-ը․․․
Համեստօրէն ըսեմ, որ ինծի համար ղեկավարը այն մարդն է, կամ՝ անհատը, որ իր աշխատանքը չի սահմանափակեր աթոռին վրայ նստած սոսկ հրահանգներ արձակելով, այլ՝ իր կեանքի օրինակով եւ գործով, իր ծրագիրներուն, իր քայլերուն հետեւող իր ժողովուրդը, իր համակիրները, իր «խումբը», իր պատկանած միութիւնն ու կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդէ միասնական: Իբրեւ հեղիննակութիւն ունեցող անհատ ան նաեւ ունի յատուկ առաքելութիւն եւ գիտակցութիւն՝ իր պաշտօնին:
Դարաւոր մեր պատմութեան ընթացքին, հայրենիքէն ներս կամ մեր ապրած գաղութներուն մէջ, ազգային եւ պատմական անձնաւորութիւններու, ղեկավարներու եւ հերոսներու անուններն ու իրենց թուարկումները, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մտած են եւ հո՛ն, իրենց մտքով եւ հոգիով, պատմական որոշ ու հարազատ կնիք ձգած: Եւ պէտք է աւելցնել թէ նոյն այդ «լիտըր»-ը, կամ «լիտըր»-ները, իրենց գործով եւ անուններով ժամանակին հետ կ’ապրին, իբրեւ մէկական ընտրեալները ազգին։ Անոնք չեն տժգունիր, չեն մաշիր, չեն մոռցուիր ընդհակառակն, աւելի քան երբեք պատգամի մը ուժը եւ թարմութիւնը կը ստանան՝ իբրեւ ազգային պարծանք:
Ու պատիւ բոլոր անոնց, որոնք ապրեցան ու կ՛ապրին ճիշդ կերպով, իրենց ազգային ղեկավարի կոչումով, համոզումով եւ գիտակցութեամբ կատարելով իրենց վստահուած պարտականութիւնը:
Անոնք բոլորն ալ յիշատակելի են, եւ մեծ գնահատանքի արժանի, որովհետեւ իրենց այդ ղեկավարած տարիներուն ընթացքին շահած են մտերմութիւնն ու յարգանքը իրենց հետեւորդներուն, իրենց համակիրներուն, իրենց ժողովուրդին  եւ դարձած մէկական արժանաւորներ:
Որովհետեւ, լաւապէս անոնք գիտցած են, թէ հայապահպանութիւնը ժողովներու սենեակներուն մէջ չէ որ կ’որոշուի, այլ զայն միայն կարելի է պաշտպանել յարատեւ զոհողութիւններով ու զոհաբերութիւններով: Ու այս օրինակելիներն են, որոնք  այս պարտականութիւնը վերցուցած են իրենց գործով, գաղափարներով, բազուկով, քրտինքով, աշխատանքով, եւ նոյնիսկ՝ իրենց կեանքի բարոյական օրինակով եւ զայն արժեւորած: Տակաւին շատեր ալ իրենց գրիչով, նոյնիսկ արիւնով եւ կեանքի նուիրումով, արիութեամբ, նուազագոյն կամ գերագոյն զոհողութեամբ, նիւթական բարերարութիւններով իրենց նպաստը բերած իրենց հայրենիքին, ապրած գաղութին եւ անշուշտ՝ ազգին:
Բայց …չմոռնանք…մենք՝ հայերս, պատմականօրէն կամ կը հերոսացնենք մեր առաջնորդները, մեր ղեկավարները, կամ հերոսները, եւ կամ՝ կը դատապարտենք: Կարծես միայն անցեալով կ’ապրինք, եւ կը հպարտանանք: Ու այսպէս եթէ շարունակենք ապրիլ, մեր ձեռքերով փակած պիտի ըլլանք ապագայի մեր դռները:
Մենք ազգովին ինքնաճանաչումի կը կարօտինք, միշտ շեշտած ենք: Եւ այս մէկը կարելի է իրականացնել, ազգային ոգիով լի եւ արդամիտ ղեկավարներու շնորհիւ, որոնց, այս օրերուն անքա՜ն կարիքն ու կարօտը ունինք ամէն տեղ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button