«Թելերու Եւ Մեղեդիներու Հիւսուածքով Ալ Կը Շարունակուի՞ Ժառանգութիւնը»
Փրոֆ․ Արա Սայեղ
Սփիւռքի վերաձեւաւորուող նոր համայնքներուն մէջ արտաքին օտար միջավայրի բազմակողմ եւ հրապուրիչ ազդեցութիւնները յաճախ կ՛առաջնորդեն սեփականին հանդէպ անտարբերութեան ու ապազգայնացման եւ կը նպաստեն ինքնութեան թուլացման, մշակութային ձուլման ու գլխաւորաբար հայերէն լեզուի նսեմացման եւ նահանջին։ Յատկապէս այն միջավայրերուն մէջ, ուր չկան հայ համայնքային կառոյցներ կամ արդիւնաւէտ չեն։ Այդտեղ մշակութային ինքնութեան պահպանումը, անոր կենսունակ շարունակականութեան (Sustainability) ապահովումն ու փոխանցումը մշտատեւ մտասեւեռումի արժանի, հրատապ խնդիր կը դառնայ։
Թէեւ թուային հարթակներն ու ընկերային ցանցերը մասամբ մը դիւրացուցած են անհատներու եւ համայնքներու միջեւ հաղորդակցութիւնը, սակայն անոնք չեն փոխարիներ մշակոյթի կենդանի փորձառութիւնն ու անմիջական փոխանցումը։ Հետեւաբար, մշակութային նախաձեռնութիւնները կը պահպանեն իրենց առանձնայատուկ նշանակութիւնը՝ որպէս յիշողութեան, ինքնութեան եւ համայնքային մասնակցութեան կենսունակ հարթակներ սերունդէ սերունդ փոխանցուող փորձառութեամբ։ Մշակութային ինքնութիւնը կը պահպանուի ոչ միայն հաղորդակցութեամբ, այլեւ կենդանի մասնակցութեամբ, ստեղծագործ ներգրաւուածութեամբ։
Ապազգայնացման ճնշումներուն տակ, սփիւռքի վերաձեւաւորուող համայնքներուն մէջ կը ծագի հիմնարար հարցում մը․ ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել, շարունակել եւ փոխանցել մեր նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը։ Յարափոփոխ պայմաններու մէջ ընտանիքը կը մնայ ազգային ինքնութեան եւ մշակութային յիշողութեան առաջին ու անփոխարինելի միջավայրը։ Ծնողներու հայեցի դաստիարակութիւնն ու գիտակից յանձնառութիւնը, զուգորդուած հայ անհատի նախաձեռնողականութեան հետ, կը դառնան մշակութային շարունակականութեան հիմնարար յենարաններ։
Վերոյիշեալ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, համեստ մշակութային նախաձեռնութիւն մը խորհրդածութեան նոր հորիզոններ բացաւ եւ ծնունդ տուաւ սոյն գրութեան, որ տեղեկագրական անդրադարձէ մը անդին՝ կը ծաւալի աւելի լայն վերլուծական հիւսուածքի մը մէջ՝ մտորելու եւ ներկայացնելու հեղինակին սեփական տեսանկիւնը։
Ձեռակերտ կարպետներէն մինչեւ երաժշտական բեմ
Այս մարտահրաւէրներուն գործնական արձագանգներէն մէկը եղաւ 2026 թուականի Յունիս 2-ին Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի «GRAFIT» շքեղաշուք գրադարանին երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռաստեղծ փոքր կարպետներու ցուցահանդէսի բացումն ու երաժշտական երեկոն, մօտ իննը տասնեակ արուեստասէրներու ներկայութեամբ։ Մշակոյթի եւ գիրքերու գրականաշունչ մթնոլորտով առանձնացող սրահը ցուցահանդէսի բացման օրէն սկսեալ՝ մէկ ամսուան ընթացքին, լեհ հանրութեան ներկայացուց հայկական գորգագործութեան մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը։
Պարտք է նշել, որ Լեհաստանի մէջ 2022-էն ի վեր կազմակերպուած բազմաթիւ խմբային տեղական թէ միջազգային ցուցահանդէսներուն մասնակցութեան զուգահեռ, ասիկա հայկական նախշերով փոքրածաւալ կարպետներու՝ Դանիա Սայեղի հինգերորդ անհատական ցուցահանդէսն էր՝ տարիներու քրտնաջան ու բծախնդիր աշխատանքին եւ տեսողական մեծ ճիգին արդիւնքը։
Ցուցահանդէսի հեղինակն է ուսուցչուհի Դանիա Սայեղ, որ Հալէպի Հայ Ազգային նախակրթարաններուն մէջ շուրջ տասնհինգ տարի մանկավարժական փորձառութիւն ձեռք բերելէ ետք, տարիներէ ի վեր Լեհաստանի մէջ հետեւողականօրէն նուիրուած է հայկական կարպետագործութեան ուսուցման, պահպանման եւ հանրահռչակման գործին։ Ան նաեւ Վրոցլաւի մէջ գործող Տօլնէ Շլոնսքի (Ստորին Սիլեզիոյ) արուեստագէտներու միութեան (DSAP) անդամ է։
Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ արուեստով հետաքրքրուող լայն շրջանակներու համար ան կազմակերպած է բազմաթիւ հայկական կարպետներու աշխատանոցներ, դասընթացքներ եւ ցուցահանդէսներ Լեհաստանի՝ Վրոցլաւի, Վարշաւայի, Լոճի, Խոժուֆի, Օպորնիքի Շլոնսքիի եւ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ Վիեննայի եւ Գերմանիոյ Փրենզլաու քաղաքի մէջ։ Անոր գեղարուեստական գործունէութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայկական արուեստն ու մշակութային ժառանգութիւնը սփիւռքեան նոր միջավայրերու մէջ կրնան ոչ միայն պահպանուիլ ու հանրայնացուիլ, այլեւ դառնալ կենդանի հաղորդակցութեան միջոց՝ հայկական նիւթական մշակոյթը ներկայացնելով, ընդլայնելով անոր հանրային տեսանելիութիւնը եւ խթանելով փոխադարձ ճանաչումն ու միջմշակութային երկխօսութիւնը։
Նշեալ ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը յատկանշուեցաւ «GOARM Band» երաժշտական խումբի անդամներ՝ Ճորճ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու, ալթի եւ կիթառի զմայլիչ հնչիւններու ընկերակցութեամբ՝ հայերէն երգացանկէն թովիչ կատարումներով, որոնք հանդիսատեսին պարգեւեցին գեղարուեստական վայելքի անմոռանալի պահեր։ Անոնք իրենց երաժշտական ուսումը սկսած են Հալէպի Բարսեղ Կանանչեան երաժշտանոցին մէջ, ապա զայն շարունակած եւ կատարելագործած են Վրոցլաւի պետական երաժշտանոցին մէջ։ Տարիներէ ի վեր անոնք հայկական երաժշտութիւնը կը ներկայացնեն Լեհաստանի եւ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ։

Անոնց երաժշտական գործունէութիւնը իրենց մօր Դանիայի հետ կը հաստատէ, որ ազգային մշակոյթը կարելի է ոչ միայն պահպանել, այլեւ ապրեցնել, վերաիմաստաւորել եւ փոխանցել սփիւռքի տարբեր մշակութային միջավայրերուն մէջ։ Նման նախաձեռնութիւնները կարելի է դիտարկել նաեւ որպէս հայկական «փափուկ ուժ»-ի գործնական եւ տեսանելի դրսեւորումներ։ Այս առումով, գորգի նախշերն ու հայ երաժշտութեան հնչիւնները միահիւսուեցան եւ ներկայացուցին հայ մշակութային ժառանգութեան գրաւչութիւնը՝ նպաստելով անոր ճանաչման եւ տեղական լեհ հասարակութեան հետ անմիջական մարդկային կապերու ձեւաւորման։
Կրնա՞յ անհատը հաստատութեան դեր ստանձնել
Սփիւռքեան համայնքներու պատմութիւնը բազմաթիւ օրինակներ կը ներկայացնէ, ուր նուիրեալ անհատներ կրցած են այնպիսի գործ կատարել, որ սովորաբար ամբողջ միութեան կամ կազմակերպութեան մը կարողութիւններուն կը վերագրուի։
Անհատի նախաձեռնողականութիւնը, տեսլականը եւ նուիրումը երբեմն կը դառնան համայնքային շարժումի մեկնակէտ՝ իր շուրջը համախմբելով նոր ուժեր եւ ստեղծելով մնայուն արժէքներ։ Դանիա Սայեղի կարպետագործութիւնը, ինչպէս նաեւ Ճորճ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու երաժշտական գործունէութիւնը այս իրականութեան վկայութիւնն է։ Անոնք ոչ միայն կը ներկայացնեն ու կը ծանօթացնեն հայ մշակոյթը, այլեւ կ’ապրեցնեն զայն՝ հայ արուեստն ու մշակութային հիւսուածքը վերածելով հանդիպման, մշակութային երկխօսութեան եւ համայնքային ծառայութեան կենդանի հարթակի։
Այս փորձառութիւնը կը յիշեցնէ, որ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ անհատական պատասխանատուութիւնն ու նուիրումը նոյնքան հիմնարար են, որքան հաւաքական կազմակերպուած ներդրումն ու աջակցութիւնը։ Իրապէս, համայնքային յանձնառութիւն ստանձնելու եռանդը, մշակութային ինքնութեան կենսունակութեան հանդէպ հաւատքը, ստեղծագործ հնարագիտութիւնն ու հետեւողական ծառայասիրութիւնը երբեմն կրնան սփիւռքի մէջ մէկ անհատը վերածել համայնքին համար մշակութային շարժիչ ուժի։
Մշակոյթ, ինքնութիւն եւ պատասխանատուութիւն
Ժամանակակից Եւրոպայի մշակութային քաղաքականութեան կարեւոր սկզբունքներէն մէկը՝ մշակութային բազմազանութեան պաշտպանութիւնն է։ Եւրոպական Միութիւնը փոքրամասնութիւններու բազմաբնոյթ մշակոյթը կը դիտէ որպէս հասարակական հարստութիւն եւ կը խրախուսէ անոր պահպանումն ու հանրային ներկայացումը։
Սակայն մշակութային ժառանգութեան պահպանումը միայն օրէնսդրական պաշտպանութեան կամ պետական աջակցութեան արդիւնքը չէ, ան մեծապէս կախեալ է փոքրամասնութեան՝ տուեալ համայնքի անդամներուն կամքէն, ծառայասիրութենէն, տաղանդներէն, ձեռներէցութենէն, ստեղծագործ ներուժէն եւ մշակութային պատասխանատուութեան գիտակցութենէն։ Սեփական մշակոյթը հիւրընկալ հասարակութեան ներկայացնելու պատրաստակամութիւնը ազգային ինքնութեան նկատմամբ գիտակից յանձնառութեան եւ մշակութային պատասխանատուութեան ամենավառ արտայայտութիւններէն մէկն է։
Երկրի պայմանները, պետական աջակցութիւնն ու ժամանակակից հաղորդակցական միջոցները կրնան հնարաւորութիւններ ստեղծել, սակայն մշակութային շարունակականութիւնը վերջնականապէս մեր գործելակերպով կը որոշուի։ Մենք պարտաւոր ենք մեր կենսունակ գործունէութեամբ այդ ժառանգութիւնը վերածել մշտանորոգ եւ ապագայակերտ ուժի։
Մշակութային շարունակականութիւնը՝ անհատէն դէպի համայնք
Վերոյիշեալ դիտարկումներու լոյսին տակ՝ մշակութային շարունակականութիւնը, որպէս ինքնութեան հիմնարար բաղադրիչներէն մէկը, ինքնին մարտահրաւէր է՝ ուղղուած թէ՛ հայ անհատին եւ թէ՛ համայնքին։ Անոր համոզիչ պատասխանները չեն սահմանափակուիր տեսական ընկալումներով կամ բանաձեւումներով, այլ նախ կը հիմնաւորուին մշակութային ինքնագիտակցութեան վրայ, ապա կը մարմնաւորուին մեր ծառայութեան գիտակցութեամբ, նուիրումով եւ արդիւնաւէտ գործունէութեամբ։
Մենք, իբրեւ հայ անհատներ, կոչուած ենք մեր կենսունակ գործունէութեամբ հայ մշակութային ժառանգութիւնը վերարժեւորելու եւ զայն վերածելու հեռանկարային ու մշտակենսունակ ուժի։
Մեր առջեւ դրուած խնդիրը միայն մեր մշակոյթը ծաղկեցնելու ջանքերուն մէջ չէ, այլ նաեւ՝ թէ ինչպէ՛ս մեր ժամանակը, ճարտարամտութիւնն ու շնորհքները կը ծառայեցնենք համայնքի բարգաւաճման եւ անոր ստեղծարար շարունակականութեան։ Մեր ազգային մշակոյթի գանձատունը սերունդներու խնամքով պահպանուած եւ մեզի աւանդուած է, սակայն անոր ստեղծարար շարունակականութիւնը մեր գործելակերպով կը որոշուի․ զայն կենսունակ պահելը մեր ձեռքն է, իսկ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելը՝ մեր յանձնառութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է՝ ապահովելու մեր մշակոյթի շարունակականութիւնը։
Մշակութային ինքնագիտակցութիւնը ինքնաբերաբար չի ձեւաւորուիր։ Անոր առաջին սերմերը անվիճելիօրէն կը ցանուին ընտանիքին մէջ՝ ծնողքին օրինակով, ծիլ կու տան ծնողական յարկին տակ, կը սնանին ընտանեկան մտերմիկ մթնոլորտին մէջ նախքան համայնքային ու հանրային կեանքին մէջ իրենց լիարժէք արտայայտութիւնը գտնելը։ Մշակութային շարունակականութիւնը կը սկսի ընտանիքէն, կը զօրանայ անհատին միջոցով եւ կը ծաղկի համայնքին մէջ։
Հետեւաբար, հայկական «փափուկ ուժ»-ի կենսունակութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ անհատն ու համայնքը սեփական ժառանգութիւնը ոչ միայն կը պահպանեն, այլեւ կ’ապրեցնեն, կը զարգացնեն եւ կը փոխանցեն՝ վերածելով զայն հայ մշակութային նորարար ու մրցունակ ուժի, վերարտադրող ու շնչող կենդանի երկխօսութեան ։
Մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՞նչ դեր ունեցած է կամ կրնայ ունենալ
Լեւոն Շանթի գաղափարներուն համահունչ կերպով կարելի է հաստատել, թէ ազգ մը կրնայ շատ բան կորսնցնել, սակայն կը շարունակէ ապրիլ, քանի դեռ կը սորվի, կը ստեղծէ եւ մշակոյթ կը փոխանցէ։ Այս երեք հասկացութիւնները՝ սորվիլ, ստեղծել եւ փոխանցել, ինքնութեան պահպանման հիմնական սիւներն են։
Այսօր, սփիւռքեան իրականութեան մէջ, այս միտքը կը հնչէ միաժամանակ որպէս յիշեցում եւ պարտաւորութիւն։ Հայկական բազմոլորտ մշակոյթը պէտք չէ ընկալել որպէս անցեալէն ժառանգուած յիշատակ՝ հպարտութեան եւ գովաբանութեան երեւոյթ։ Անոր իսկական արժէքը կը բացայայտուի այն ատեն, երբ զայն կ՚ապրեցնենք, կը հարստացնենք եւ կը փոխանցենք՝ վերածելով մշտատեւ ու ստեղծարար ուժի։ Նուիրեալ անհատներու ջանքերով եւ համայնքային նախաձեռնութիւններու շնորհիւ՝ հայ մշակոյթի երգերը, արուեստի գոյները եւ թելերով հիւսուած նիւթական ժառանգութիւնը ոչ միայն կը փոխանցուին, այլեւ կը շարունակեն ապրիլ։ Ահա՛ այս ինքնագիտակցութիւնն է, որ մեր ժամանակի մշակութային հիմնական հրամայականը կը կազմէ։
Ի վերջոյ, իւրաքանչիւր մշակութային նախաձեռնութիւն մտածելու հրաւէր մըն է, նոյնիսկ՝ զգաստութեան եւ պատասխանատուութեան անկեղծ կոչ մը հարց տալու՝ թէ ամէն մէկս ի՞նչ դեր ունեցած ենք կամ կրնանք ունենալ մեր համայնքի, հայ մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման գործին մէջ։ Հիմնականը այն է, թէ սփիւռքի վերածնուող համայնքներու մէջ ինչպէ՛ս պահպանել մշակոյթը, յարատեւօրէն ապրեցնել, հարստացնել եւ փոխանցել զայն նոր սերունդներուն։ Այդպէս միայն ազգային ժառանգութեան թելերը կը շարունակեն հիւսուիլ, իսկ հայ մշակոյթի մեղեդիները՝ յաւերժ հնչել։ Եկէ՛ք ընթանա՛նք այս ուղիով։

