
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. – «Մարիոթ Պոնվոյ»-ը դադրեցուցած է դէպի Արցախի գրաւեալ հողերը կազմակերպուած զբօսաշրջային այցելութիւններու ծրագիրը: Հայ Դատի Յանձնախումբը միջազգային գործընկերներու եւ դաշնակից կազմակերպութիւններու հետ գործեց եւ հնգօրեայ արշաւէ ետք կրցաւ ճնշում բանեցնել եւ ստիպել, որ ծրագիրը ջնջուի::
14 ժամ տեւողութիւն ունեցող այս այցելութիւնը կը ներառէր ատրպէյճանական բռնագրաւման տակ գտնուող Շուշի եւ Ստեփանակերտ քաղաքները։ Գովազդային նիւթերուն մէջ, սակայն, ոչ մէկ յիշատակութիւն կար Արցախի հազարամեայ պատմութեան՝ որպէս հայկական քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի բնօրրան։ Նաեւ բացարձակապէս չէր նշուեր Ատրպէյճանի յարձակումը, շրջափակումը եւ ցեղային զտումը, որոնց հետեւանքով Արցախի 150 հազար բնիկ հայ բնակիչները բռնի ուժով տեղահանուեցան։
Հայկական Հետազօտութեան եւ Վերլուծութեան Կեդրոնը՝ Յուլիս 27-ին առաջինը հրապարակած էր այս տեղեկութիւնը, ներկայացնելով ուսումնասիրութիւն մը, որ լայն արձագանգ գտաւ թէ՛ աւանդական, թէ՛ ընկերային լրատուամիջոցներուն մէջ։ Այդ հրապարակումէն անմիջապէս ետք, Հայ Դատը գործակցելով Եւրոպայի եւ Սփիւռքի Հայ Դատի մարմիններուն, դաշնակից կազմակերպութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն, նախաձեռնեց համադրուած միջազգային քարոզչական արշաւ մը՝ ընդգրկելով վեց ցամաքամասեր։
«Մարիոթը ոչ մէկ իրաւունք ունէր շահ ստանալու Արցախի ցեղային զտման ենթարկուած հայերու ողբերգութենէն եւ զբօսաշրջական այցելութիւններով բնականացնելու Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանութիւնը բնիկ ժողովուրդի մը դէմ: Քաջալերիչ էր տեսնել, թէ ինչպէս համաշխարհային արագ արձագանգը ընդամէնը հինգ օրուան ընթացքին ստիպեց հեռացնել այս շրջապտոյտը։ Մենք, անշուշտ, պիտի շարունակենք զգօն մնալ բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կը փորձեն ցեղասպանութենէն շահիլ», ըսաւ Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։
Նշենք, որ «Մարիոթ»-ի շուկայական արժէքը կը գերազանցէ 100 միլիառ տոլարը։

