ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Միացեալ Նահանգներ թրքական արտադրութիւններու վրայ յաւելեալ մաքսատուրքեր սահմանեցին՝ 1974-ին հաստատուած Առեւտուրի Օրէնքին 301 բաժնին հիմամբ, որ տուրքեր կը հաստատէ այն մարզերուն արտադրութիւններուն վրայ, որոնք ձեռք բերուած են անարդար եւ ծանր աշխատանքային պայմաններու մէջ։
Այսուհետեւ Միացեալ Նահանգներ արտածուող թրքական հիւսուածեղէնի եւ կերպասեղէնի արտադրութիւնները ենթակայ են 12,5 առ հարիւրի յաւելեալ մաքսատուրքի մը, որմէ զերծ մնացին Պանկլատէշ, Քամպոտիա, Ինտոնեզիա եւ Մալեզիա։
*
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի տեղւոյն Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարաքի հետ քննարկեց մշակութային ժառանգութեան պահպանման, արուեստի գործերու մաքսանենգութեան դէմ պայքարի եւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գործակցութեան հեռանկարները։
Նուրի եւ Պարաք շեշտեցին երկուստէք զբօսաշրջութեան զարկ տալու անհրաժեշտութիւնը եւ քննարկեցին մշակութային երկխօսութիւն կատարելու կարելիութիւնները։
*
Ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան անդամներու կողմէ քաղաքապետերու դէմ պետական արշաւին ծիրին մէջ, ձերբակալուեցաւ Անգարայի Էթիմիսկութ քաղաքի քաղաքապետ Էրտալ Պեշիքճիօղլու՝ կաշառակերութեան մեղադրանքով։ Անոր հետ ձերբակալուեցան քաղաքապետարանի 55 այլ պաշտօնեաներ։
Տեղին է նշել, որ Պեշիքճիօղլու երկու տարի առաջ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել ծայրայեղ ազգայնական Ազգային Շարժում կուսակցութեան թեկնածուն եւ քունէներուն 56.6 առ հարիւրին տիրանալով՝ Էթիմեսկութի քաղաքապետ ընտրուիլ։
*
Թուրքիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ անտառային հրդեհները կը կլանեն կանաչապատ հսկայ տարածութիւններ։ Ամէնէն աւելի վտանգուած շրջաններն են Անթալիան եւ Մուղլան, ուր հրշէջները բուռն պայքար մղեցին՝ հրդեհներուն տարածումը կանխարգիլելու համար։
Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը նախազգշուցում հրապարակած է, թէ մարդիկ անտառներու մէջ կրակ չվառեն, կամ անհոգ կերպով ապակեայ շիշեր եւ այլ դիւրավառ նիւթեր իրենց ետին չձգեն, անտառային հրդեհներ չպատճառելու համար։ Թուրքիա ներկայիս ենթակայ է չոր եւ տաք կլիմայի մը, որ զգալիօրէն կը բարձրացնէ անտառային հրդեհներու հաւանականութիւնը։

