Իշխան Սաղաթէլեանի Ճեպազրոյցը՝ Քաղաքական Օրակարգի Շարք Մը Հարցերու Վերաբերեալ

ԵՐԵՒԱՆ․- Սեպտեմբեր 16-ին, Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի ճեպազրոյցը՝ քաղաքական օրակարգի շարք մը հարցերու վերաբերեալ։
Անդրադառնալով Հայաստանի տարածքէն Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանի դուրսբերման հարցին՝ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Ռազմակայանը որոշակի առաքելութիւն ունի, եւ այս աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ Հայաստանը անպաշտպան ձգելը թշնամիներու երախին մէջ՝ արկածախնդրութիւն է երկրին համար։ Ատիկա պիտի յանգեցնէ անվտանգային նոր սպառնալիքներու։ Չի՛ կարելի երթալ այդ արկածախնդրութեան, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու ուղղութեամբ»։
ՍաղաթԷլեան, մեկնաբանելով իշխող խմբակցութեան ներկայացուցիչ Արման Եղոյեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Հ․Յ․Դ․-ն անհրաժեշտ է «արմատախիլ ընել», նշեց, որ իշխանութիւնները վաղուց կը հետապնդեն այդ նպատակը։
«Այս իշխանութիւնը թուրք-ատրպէյճանական տանդեմի խամաճիկն է եւ այդ պատճառով շատ հետեւողական պայքար սկսած է ազգային գաղափարախօսութեան եւ ընդհանրապէս ազգայինի դէմ։ Ասիկա լոկ Դաշնակցութեան դէմ պայքար չէ՝ որպէս կուսակցութիւն. ասիկա պայքար է հայկականութեան, համահայկականութեան, ազգային նկարագրին ու գաղափարախօսութեան դէմ։ Այն, ինչ որ կ՚ընէ ՔՊ-ն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ապազգայնացման ծրագիր է։ Դաշնակցութիւնը, որպէս համահայկական եւ ազգային քաղաքական ուժ, գլխաւոր թիրախներէն մէկն է, սակայն միակը չէ։ Կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կը կատարուի տարբեր քաղաքական գործիչներու եւ յատկապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ», ըսաւ Սաղաթէլեան։
Ըստ Իշխան Սաղաթելեանի՝ «արմատախիլ պէտք է ըլլայ ՔՊ-ն ամբողջութեամբ», քանի որ, իր բնորոշմամբ, անիկա «դժբախտութիւն, մահ, ողբերգութիւն բերած քաղաքական ուժ է»։
Անդրադառնալով Առուշանեանի՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հետ դաշինքով առաջադրուելու որոշման՝ Իշխան Սաղաթելեան ըսաւ, որ խիստ յուսախաբ եղած է եւ սկզբնական շրջանին չէր հաւատար, որ նման որոշում մը կրնար կայանալ։ Ան Առուշանեանի վարքագիծը անընդունելի եւ անհասկնալի նկատեց՝ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ այլ առումներով։
Սաղաթելեան նշեց, որ ՏԻՄ ընտրութիւններուն Հ․Յ․Դ․-ն պիտի մասնակցի շարք մը համայնքներու մէջ։ «Մեր միւս ուժը՝ «Առաջ» կուսակցութիւնը, եւս պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն։
«Ամբողջ Հայաստանի մէջ խայտառակ բռնաճնշումներ տեղի կ՚ունենան ՏԻՄ ընտրութիւններուն առնչութեամբ։ Ուժային կառոյցները՝ ԱԱԾ-ն, Քննչական կոմիտէն, ոստիկանութիւնը, նոյնիսկ հարկային մարմիններն ու մարզպետարանները, ստեղծած են յանցաւոր խումբ եւ կը հետապնդեն բոլոր այն քաղաքական ուժերն ու աւագանիի անդամները, որոնք պատրաստուին մասնակցելու յառաջիկայ ՏԻՄ ընտրութիւններուն։ Ասիկա համատարած բնոյթ կը կրէ։ Բռնաճնշումներու նոր, խայտառակ մակարդակ մըն է», ըսաւ Սաղաթէլեան։
Ստորեւ, ճեպազրոյցը ամբողջութեամբ

