Յօդուածներ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

Յարութ Սասունեան

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը կ՛առաջարկէ հնգապատկել Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու եւ տասնապատկել քաղաքացիութենէ հրաժարելու համար նախատեսուած պետական տուրքի չափը: 2028 թուականի յունուար 1-էն քաղաքացիութիւն ստանալու վճարումը 138 տոլարէն պիտի բարձրանայ մինչեւ 689 տոլարի, իսկ քաղաքացիութիւնը դադրեցնելու վճարումը՝ 413-էն մինչեւ 4132 տոլար: Նախագիծը նաեւ կը սահմանէ բնակութեան աւելի խիստ պահանջներ: Այս փոփոխութիւնները ուժի մէջ պիտի մտնեն Ազգային ժողովին կողմէ հաստատուելու պարագային:

Ըստ նախագիծին, քաղաքացիութիւն հայցող անձերէն պիտի պահանջուի վերջին հինգ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ ունենալ օրինական բնակութեան կարգավիճակ եւ այդ ժամանակահատուածին փաստացի գտնուիլ երկրին մէջ առնուազն 915 օր: Անոնցմէ պիտի պահանջուի նաեւ ունենալ հայերէնի բաւարար իմացութիւն եւ սահմանադրութեան վերաբերեալ գիտելիքներ: Երդման արարողութիւնը նախատեսուած է կատարել Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի հետ առնուազն երկու տարի օրինական կերպով ամուսնացած, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքացի հանդիսացող զաւակ կամ ծնող ունեցող դիմորդները եւ գաղթականները պարտին ունենալ օրինական բնակութեան երեք տարուան ժամկէտ եւ առնուազն 549 օրուան փաստացի ներկայութիւն Հայաստանի մէջ:

Բնիկ հայերը քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունք պիտի ունենան այն պարագային, եթէ նախորդ երկու տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ հաստատեն օրինական բնակութիւն եւ փաստացի երկրին մէջ գտնուին առնուազն 366 օր: Հայկական ծագումը պիտի հաստատուի ներքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնաժողովին կողմէ՝ հիմնուելով ներկայացուած փաստաթուղթերու, արխիւային տուեալներու, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցիներու կամ համայնքային կազմակերպութիւններու տրամադրած վկայականներու վրայ:

Advertisement Donate Today

Հայաստանի քաղաքացիութենէն նախապէս հրաժարած անձերուն պիտի թոյլատրուի կրկին դիմում ներկայացնել միայն հինգ տարի անց, պայմանաւ, որ նախորդ երկու տարուան ընթացքին առնուազն 366 օր բնակած ըլլան Հայաստանի մէջ:

Քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումը կրնայ մերժուիլ, եթէ անձին գործունէութիւնը վնաս կը հասցնէ (կամ առկայ է հիմնաւոր կասկած, որ կրնայ վնաս հասցնել)՝ պետական եւ հասարակական անվտանգութեան, հասարակական կարգին, հանրային առողջութեան ու բարոյականութեան կամ այլոց իրաւունքներուն ու ազատութիւններուն: Նոր նախագիծին համաձայն, ազգային անվտանգութեան կամ հասարակական կարգի նկատառումներով դիմումը մերժելու մասին նախագահի որոշումը ենթակայ պիտի չըլլայ վարչական կամ դատական վերանայման:

Քաղաքացիութիւն ստանալու ծախսալից եւ աւելի խիստ այս պահանջները կը հակասեն Հայաստանի կառավարութեան՝ երկրի բնակչութեան թիւը աւելցնելու յայտարարած նպատակին: Տրամաբանական պիտի ըլլար ակնկալել, որ կառավարութիւնը քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը աւելի պիտի դիւրացնէ եւ աւելի նուազ ծախսալից դարձնէ:

Իմ կարծիքովս, կան երկու անհիմն պատճառներ այս փոփոխութիւններուն: Վճարումներու բարձրացումը պիտի յանգեցնէ.

1․- Յաւելեալ եկամուտ ապահովել երկրի պիւտճէին

Սակայն ասիկա երբեք անհրաժեշտ չէ: Փոխարէնը՝ կառավարութիւնը պէտք է դադրեցնէ պետական պիւտճէի անիմաստ վատնումը` ոստիկանութեան բոլոր աշխատակիցներուն եւ պետական ծառայողներուն տրուող հսկայական ու անհիմն պարգեւավճարներու, ինչպէս նաեւ փառատօներու ու համերգներու կազմակերպման վրայ: Իշխանութիւնները պէտք է նաեւ դադրեցնեն պետական ​​պարտքի յաւելումը՝ միջազգային ֆինանսական կառոյցներէն միլիառաւոր տոլարներ պարտք առնելով: 1991-2018 թուականներուն Հայաստանի պետական ​​պարտքը կը կազմէր 7 միլիառ տոլար, իսկ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ետք` վերջին ութ տարուան ընթացքին, անիկա կրկնապատկուած է` հասնելով 14 միլիառ տոլարի:

2․- Սահմանափակել Հայաստան ներգաղթել փափաքող օտարներուն (թէ՛ ազգութեամբ հայերու եւ թէ՛ ոչ հայերու) թիւը 

Խորքին մէջ կ՛ակնկալուէր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որդեգրէր հակառակ քաղաքականութիւն` քաջալերելով սփիւռքահայերը ներգաղթել հայրենիք` քաղաքացիութեան ձեռքբերման վճարումը նուազեցնելով կամ զայն ​​լիովին անվճար դարձնելով:

Բայց եւ այնպէս, վերջին հանգամանքը խիստ մտահոգիչ է, քանի որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը միտի սփիւռքահայերը հեռու պահել Հայաստանէն, որովհետեւ անոնցմէ շատերը համաձայն չեն Փաշինեանի հակահայ քաղաքականութեան:

Նկատի առնելով, որ այսօր բազմաթիւ անձեր մեծ շարժունակութիւն կը ցուցաբերեն թէ՛ աշխատանքային, թէ՛ անձնական նպատակներով, տրամաբանական չէ պահանջել, որ անոնք քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմելէ առաջ քանի մը տարի բնակութիւն հաստատեն Հայաստանի մէջ: 7 յունիս 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն փորձեց սահմանափակել արտերկրի մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիներուն ընտրական իրաւունքները: Ակնյայտ նպատակն էր թոյլ չտալ Հայաստան ժամանողներուն մասնակցիլ ընտրութիւններուն, քանի որ պաշտօնատարները կասկածներ ունէին, որ անոնք կրնան քուէարկել ընդդիմադիր կուսակցութիւններու օգտին:

Քաղաքացիութեան վերաբերեալ առաջարկուող նոր կանոններուն ամէնէն անհեթեթ դրոյթը Հայաստանի քաղաքացիներէն մօտ 4000 տոլար գանձելն է` քաղաքացիութենէն հրաժարելու պարագային: Ինչո՞ւ ոեւէ մէկը պէտք է 4000 տոլար վճարէ քաղաքացիութիւնը դադրեցնելու համար, եթէ այլեւս չի փափաքիր ըլլալ Հայաստանի քաղաքացի: Թէեւ խիստ ցաւալի է, որ արտերկրի մէջ բնակող Հայաստանի որոշ քաղաքացիներ կը փափաքին խզել կապը հայրենիքին հետ, բայց եւ այնպէս, անոնք պարզապէս կրնան չօգտագործել իրենց հայկական անձնագիրները` քաղաքացիութենէն հրաժարելու համար 4000 դոլար վճարելու փոխարէն:

Միակ բացառութիւնը կրնայ ըլլալ այն պարագային, երբ իրենց բնակած երկրին պետութիւնը պահանջէ պաշտօնապէս հրաժարիլ երկրորդ քաղաքացիութենէն: Այդ պարագային տուեալ երկքաղաքացիները ոչինչ կրնան ընել՝ բացի վճարելէ 4 հազար տոլարը եւ պաշտօնապէս դադրեցնելէ Հայաստանի քաղաքացիութիւնը` Միացեալ Նահանգներու կամ բնակութեան որեւէ այլ երկրի հետ իրաւական խնդիրներէ խուսափելու համար:

Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուող իմ առաջարկս է` հրաժարիլ քաղաքացիութեան առաջարկուող վերանայուած կանոններէն եւ վերցնել վճարումը` բնակութեան պահանջի հետ միասին: Անոր փոխարէն՝Հայաստանի կառավարութիւնը իր դեսպանութիւններուն եւ հիւպատոսութիւններուն միջոցով, պէտք է համաշխարհային արշաւի նախաձեռնէ` խրախուսելու սփիւռքահայերը դառնալ երկքաղաքացի, ինչ որ որոշ պարագաներու կրնայ պատճառ դառնալ անոնց Հայաստան մնայուն ներգաղթին: Հայկական անձնագիր ունենալը սփիւռքահայերուն համար խոր յուզական կապ կը ստեղծէ հայրենիքի հետ` քաջալերելով զանոնք աւելի յաճախ այցելել Հայաստան, ներդրումներ կատարել երկրին մէջ եւ, ի վերջոյ, մտածել այնտեղ տեղափոխուելու մասին: Սա շատ աւելի խելամիտ տարբերակ պիտի ըլլայ, քան՝ քաղաքացիութեան համար աւելի բարձր վճարումներ գանձելն ու բնակութեան պահանջ սահմանելը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button