Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Յանձնախումբը Զուիցերիոյ Մէջ Քննարկեց Արցախցիներու Վերադարձը

ՊԵՌՆ․- Ապրիլ 29-էն մինչեւ Մայիս 1, Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը՝ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան, իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ միասին, աշխատանքային այցելութեամբ ժամանեց Զուիցերիա։ Միջազգային մարդասիրական կառոյցներու հետ արծարծուեցան արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքի ապահովումը եւ շրջանին մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարումը։ Մասնաւորապէս քննարկուեցան Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման, անհետ կորսուածներու ճակատագիրներու պարզաբանման, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացումը եւ քանդումը կանխելու հրատապ հարցերը։
Ապրիլ 30-ին, տեղւոյն խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախին նուիրուած ձեռնարկ՝զուիցերիացի խորհրդարանականներու, փորձագէտներու, հայկական համայնքի եւ «Քրիստոնէական միջազգային համերաշխութիւն» (CSI) կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Բացման խօսքերով հանդէս եկաւ «Զուիցերիական խաղաղութեան նախաձեռնութիւն յանուն Լեռնային Ղարաբաղի» յանձնախումբի համանախագահներ, երեսփոխաններ Էրիխ Ֆոնթոպել եւ Շթեֆան Միւլըր-Ալթերմաթ։ Խստօրէն դատապարտելով միջազգային համայնքի անգործութիւնը արցախահայութեան դէմ իրականացուած ցեղային զտման ընթացքին՝ երեսփոխան Ֆոնթոպել շեշտեց․ «Զուիցերիան ունի համապատասխան փորձագիտական կարողութիւն, աւանդութիւններ եւ վստահութիւն՝ նման խաղաղ գործընթաց կարելի դարձնելու համար, եւ զայն ստանձնելը մեր պարտքն է»։
Հայկական կողմէն ելոյթ ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան, մշակոյթի նախկին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներ Արմինէ Ալեքսանեան, Գառնիկ Քէրքոնեան եւ Մարիօ Նալպանտեան։ Պատուիրակութեան անդամները ներկայ եղողներուն փոխանցած են արցախահայութեան ներկայ կացութիւնը՝ շեշտելով հայրենիք հաւաքական եւ արժանապատիւ վերադարձի կենսական կարեւորութիւնը։
Ամփոփելով այցելութիւնը՝ հայկական պատուիրակութիւնը վերահաստատած է իր միասնական դիրքորոշումը․ Արցախի հարցը փակուած չէ եւ չի կրնար դուրս բերուիլ միջազգային օրակարգէն, քանի դեռ արցախցիները չեն վերադարձած իրենց բնօրրան, եւ հակամարտութիւնը չէ ստացած արդար՝ միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած լուծում։

