Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ուղերձը՝ Եւրոմիութեան Ներկայացուցիչներուն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը հրատարակած է ուղերձ մը՝ Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական միութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու համաժողովի մասնակիցներուն, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, թէ.-
Հիմք ընդունելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները, Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նորմերը՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, որպէս արցախահայութեան առաջնային ներկայացուցչական մարմին, սոյն ուղերձով կը դիմէ Երեւանի մէջ կայանալիք համաժողովի մասնակիցներուն եւ միջազգային հանրութեան։
2020 եւ 2023 թուականներուն Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յարձակումը, որուն ուղեկցած են ցեղասպանական գործողութիւններու ակնյայտ դրսեւորումներ, հանգեցուցած է շուրջ 150,000 հայերու բռնի տեղահանութեան իրենց պատմական հայրենիքէն։ Փաստ է նաեւ, որ միջազգային դերակատարներու եւ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու ոչ համարժէք արձագանգը լիովին նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեց ուժի կիրարկման եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած նոր յանցագործութիւններու համար։
Ներկայիս Ատրպէյճանը, օգտուելով միջազգային հանրութեան լռութենէն, հետեւողական կերպով կ՛իրականացնէ մշակութային ցեղասպանութիւն։ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ համակարգուած կերպով կը ոչնչացուին կամ կը յուրացուին հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան նմուշները՝ եկեղեցիներ, խաչքարեր, գերեզմանատներ, պետականութեան խորհրդանիշ հանդիսացող կառոյցներ, ինչ որ նպատակ ունի վերացնել հայկական հազարամեայ քաղաքակրթական հետքը շրջանին մէջ։
Ելլելով ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակէն եւ հաւատարիմ մնալով արդարութեան ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքներուն՝ Արցախի Ազգային ժողովը կը պահանջէ․
● Միջազգային կառոյցներու կողմէ հասցէական գնահատական տալ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ մշակութային վանտալիզմին՝ զանոնք ճանչնալով որպէս միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներ։
● Կիրարկել գործուն մեքանիզմներ եւ պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ կանխելու հայկական պատմամշակութային արժէքներու հետագայ ոչնչացումը։
Պահանջ կը ներկայացնենք անմիջապէս գործուղել միջազգային անկախ առաքելութիւն՝ Արցախի տարածքին մէջ մշակութային կոթողներու վիճակը արձանագրելու եւ անոնց պահպանութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։
Գործադրել քաղաքական ճնշում Պաքուի վրայ՝ անհապաղ եւ անվերապահ կերպով ազատ արձակելու Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող բոլոր ռազմագերիները, պատանդները, ներառեալ՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։
● Միջազգային իրաւական եւ անվտանգային գործուն երաշխիքներու ներքոյ կազմակերպել արցախահայութեան հաւաքական, անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը հայրենի օճախներ՝ ապահովելով անոնց ինքնորոշման եւ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու անկապտելի իրաւունքը։
Լռութիւնը յանցանք է։ Մենք կ՛ակնկալենք, որ Եւրոպական միութիւնը եւ քաղաքակիրթ երկիրները պիտի գործեն ոչ թէ հռչակագրային յայտարարութիւններու, այլ գործնական քայլերու դաշտին մէջ՝ յանուն արդարութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան։
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողով
3 Մայիս, 2026

