Գլխաւոր

Եւրոմիութեան Վեհաժողովը՝ Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ.- 4 Մայիսի առաւօտեան,  Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը, որուն կը մասնակցին տարբեր երկիրներու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Հայաստան ժամանեցին Ֆրանսայի նախագահը, Մեծ Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Պելճիքայի, Չեխիոյ, Նորվեկիոյ, Լեհաստանի վարչապետները, Եւրոպական Միութեան ղեկավարները, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը: Առաջին անգամ ըլլալով, այս ձեւաչափով հաւաքին իբրեւ հիւր կը մասնակցէր Գանատայի վարչապետը: Եւրոպական Միութեան առանցքային երկիրներէն միայն Գերմանիոյ վարչապետը չժամանեց Երեւան՝ աշխատանքային ծանրաբեռնուածութեան պատճառով:

Հակառակ հրաւէրին` բացակայ էր Թուրքիոյ նախագահը: Անգարան խախտելով վեհաժողովի ձեւաչափը` առանց պատճառաբանութեան հաւաքին գործուղեց փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազը:

Վեհաժողովի բացման խօսքին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց Թուրքիոյ փոխնախագահին մասնակցութիւնը՝ ընդգծելով, թէ Եըլմազ երկրի առաջին փոխնախագահն է, որ կ՛այցելէ Հայաստան:

Պատմական որակելով Երեւանի մէջ կայացող եւրոպացի առաջնորդներու հաւաքը` Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթա յայտարարեց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութիւններուն շնորհիւ բարելաւուած են Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները:

Advertisement Subscribe Today

5-6 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան տարեկան «Երեւանեան երկխօսութիւն» դիւանագիտական ֆորումը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button