Լրահոս
Աթէնքի Մէջ Բացում՝ «Համազգային»-ի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքին

Հինգշաբթի, 30 Ապրիլին, բացումը կատարուեցաւ «Համազգային»-ի Եւրոպայի ուսանողական 6-րդ հաւաքին։Թիւով 28 երիտասարդներ աշխարհի զանազան կողմերէն (Գանատա, Վրաստան, Լիբանան, Հայաստան, Արցախ, Ռուսաստան, Սպանիա, Իտալիա, Աւստրիա, Կիպրոս եւ Յունաստան) համախմբուած են Աթէնքի մէջ եւ քառօրեայ աշխատանոցներու եւ պտոյտներու ընդմէջէն պիտի ծանօթանան իրարու, պիտի լսեն հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ մասնակցին աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ պիտի այցելեն Աթէնքի հայ գաղութի զանազան կեդրոններ եւ տեսարժան վայրեր։ Հաւաքին ներկայ է նաեւ «Համազգային»-ի կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան։ Կազմակերպական աշխատանքներուն կ՚օժանդակէ «Համազգային»-ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը։



Հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւններ տուաւ քառօրեայ ծրագիրին եւ հաւաքին վերաբերող իրադարձութիւններուն մասին։
Ապա խօսք առաւ հաւաքի յանձնախումբի անդամ Արին Գալուստեան եւ հակիրճ ակնարկով ներկայացուց «Համազգային»-ի ծնունդը, զանազան ծրագիրներու՝ յատկապէս երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները։



Խումբը այցելեց Աթէնքի Աքրոփոլիս տեսարժան վայրը, ապա ճաշելէ ետք հայկական «Միսաֆիր» ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Աթէնք քաղաքի շրջագայութիւնը։ Առաջին աշխատանոցը հայկական պարն էր, որ տեղի ունեցաւ «Զաւարեան» ակումբին մէջ, ղեկավարութեամբ պարուսոյց` Անահիտ Սարիբէկեանի։
Ընթրիքէն ետք փակուեցաւ օրուան յայտագիրը։
Հետեւելով մեր ընկերային ցանցերուն կրնաք տեղեկանալ օրը օրին մեր յայտագիրներուն մասին։

