Գլխաւոր

Բողոքի Ցոյց Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ․- Մայիս 4-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» դաշինքին կողմէ կազմակերպուած «Այո՛ Ժողովրդավարութեան, Ո՛չ Երեսպաշտութեան» բողոքի ցոյցը։

Դաշինքի ներկայացուցիչներն ու անոնց աջակիցները հաւաքուեցան Մերգելեան հիմնարկի պարտէզին մէջ, ապա երթով մեկնեցան դէպի Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր, ուր կը կայանայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովը։

«Եւրոպան պէտք չէ լռէ», «Ազատութիւն Պաքուի մէջ պահուող գերիներուն», «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն», – կը վանկարկէին երթի մասնակիցները։

Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին Հ․Յ․Դ․-ի անդամ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան նշեց, թէ երկրին մէջ կան տասնեակ բանտարկեալներ, որոնք ձերբակալուած են շինծու մեղադրանքներով, մինչդեռ իշխանութեան կողմնակիցներուն գործած ծանր յանցագործութիւնները կը մնան անպատիժ։ Ան կոչ ուղղեց եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն՝ աչք չփակելու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հետընթացին եւ արդէն անթաքոյց միահեծան բռնապետութեան հաստատման։ «Եթէ Եւրոպան իրական բարեկամ է, ապա չի կրնար աչք փակել այս բոլորին վրայ», ըսաւ ան։

Անոր համաձայն՝ իրականութեան հետ աղերս չունի այն պատկերացումը, թէ Հայաստանի իշխանութիւնը կը փորձէ պետութիւնը ներկայացնել որպէս ժողովրդավարութեան ջատագով, իսկ ընդդիմութիւնը՝ ռուսական ազդեցութեան գործակալ։ Արթուր Խաչատրեան նաեւ շեշտեց, թէ Պաքուի բանտերուն մէջ կը գտնուին տասնեակ հայ գերիներ, եւ անհրաժեշտ է օր առաջ հասնիլ անոնց ազատ արձակման։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այսօրուան յայտարարութիւններուն՝ Արթուր Խաչատրեան ըսաւ. «Ալիեւ այս հարթակը օգտագործեց իր թեզերը առաջ տանելու, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ Արցախի բռնագրաւումը արդարացնելու, ինչպէս նաեւ հայկական իրականութիւնն ու պատմութիւնը անգամ մը եւս աղաւաղելու համար։ Ասիկա հերթական անգամ կը ցուցադրէ այդ պետութեան թշնամական դիրքորոշումը»։

Advertisement Subscribe Today

Երթի մասնակիցները մարզահամերգային համալիրին մօտ ուղերձներ յղեցին Եւրոմիութեան ներկայացուցիչներուն՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button