

Մայիս 3-ը` մամլոյ ազատութեան միջազգային օրն է եւ այս առթիւ Երեւանի մէջ, կազմակերպուեցան զանազան ձեռնարկներ: Հայրենի մամուլի իրավիճակին մասին ձեռնարկներ եւ հաւաքներ կազմակերպուեցան, որոնց ընթացքին, բազմիցս նշուեցաւ թէ Հայաստանի լրատուամիջոցներու իրավիճակը մտահոգիչ է: Երեւանի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, լրատուամիջոցներու խմբագիրները մտահոգիչ համարեցին հայաստանեան մամուլի իրավիճակը: Նշենք թէ, նախապէս ‘‘Լրագրողներ առանց սահմաններու’‘ կազմակերպութիւնը արդէն իր մտահոգութիւնները յայտնած էր հայաստանեան մամուլի դէմ ներկայացուող դատական դիմումներուն գծով, շեշտելով թէ երեւակայական փոխ հատուցման գումարներ, վճարելու պահանջով դատական հայցերը սպառնալիք են հայաստանեան թերթերուն համար:

Այս առթիւ, տեղի ունեցաւ Մամուլի ազատութեան օրուայ` հետ կապուած մրցանակաբաշխութիւնը, եւ ‘‘Մամուլի ազատութեան ժամանակը’‘ մրցանակը շնորհուեցաւ ‘‘Հետք’‘ թերթի խմբագիր Էտիկ Պաղտասարեանին` հետաքննական լրագրութիւնը զարգացնելու եւ աշխատանքի մէջ խիզախութեան դրսեւորելու համար: ‘‘Արդարադատութիւնն ուզում եմ իմ երկրում լինի: Ես չեմ ուզում եւրոպական արդարադատութիւնը բերել, փաթաթել մեր վզին: Դատաւորների մէջ էլ չկան արդարները: Եթէ գոնէ մի երկու դատաւոր եթէ ոչ ըմբոստ, գոնէ ճիշդ վարուեն, գուցէ ինչ–որ բան փոխուի մեր երկրում: Բայց չեն ուզում, բոլորը կարծես մի շրջանակի մէջ են եւ չեն ուզում դրանից դուրս գալ’‘,-ըսաւ Էտիկ Պաղտասարեանը:
‘‘Ինտերնիւս’‘ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Նունէ Սարգսեանի խօսքով, մրցանակը կարելի չէ որակել ամէնամեայ, քանի որ նախորդ երկու տարիներուն նմանատիպ մրցանակ չէ տրուած ոչ մէկուն: Էդիկ Բաղդասարեանն ալ նկատեց, թէ իրեն չեն մտահոգեր մամուլի տարբեր հրապարակումներու պատճառով ընթացող դատական գործընթացները: Անոնք շատ աւելի լաւ են, քան յարաբերութիւններու կարգաւորման այն տարբերակները, որ յաճախ արձանագրուած են մեր լրատուական դաշտի եւ այլ քաղաքական-հասարակական շրջանակներու յարաբերութիւններուն: Դատական համակարգին կարելի չէ վստահիլ, սակայն եւրոպական ատեաններուն մէջ արդարութիւնը հաստատելու պրակտիկան լրագրողին ամէնեւին դուր չի գալիս: ‘‘Ապաքրէականացումն իրականում ճիշդ քայլ է, այլ հարց է, թէ ինչպէ՞ս են իրագործում: Որովհետեւ չի կարելի ասել, որ այս քայլը բերելու էր լուրջ փոփոխութիւնների: Ամէնավտանգաւորը միտումն է այն մարդկանց, ովքեր փորձում են օրէնքը կիրառել: Իհարկէ, նաեւ լրագրողական պարտականութիւններն են շատ կարեւոր: Եւ ես միշտ ասել եմ, որ ցանկացած նման դէպքում ամէնագլխաւոր կռուանը փրոֆեսիոնալիզմն է’‘,- եզրակացուց Նունէ Սարգսեան:
‘‘Ազգ’‘ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանի խօսքով այսօր կարեւոր է լուծել մամուլի, գովազդային եւ սպառման շուկաներու խնդիրը: ‘‘Եթէ կ՛ուզէք ազատ մամուլ, իսկապէս պէտք է այդ ազատութիւններու գիտակցութիւնը ունենալ, բայց ատիկա պէտք է պայմանաւորուած ըլլայ շուկայով: Մենք փաստօրէն շուկայ չունինք: Ի հարկէ, կայ շուկայ, որ պազարի նման է, բայց ո՛չ թէ քաղաքակիրթ: Եւ այս բոլորի մէջ իւրաքանչիւր լրատուամիջոց եւ լրագրող կը մղեն իրենց գոյատեւման պայքարը’‘,- նշեց Աւետիքեան:
‘‘Երկիր Մետիա’‘ հեռուստաընկերութեան լրատուական եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Գեղամ Մանուկեան նշեց, թէ Հայաստանի մէջ ազատ մամուլի կայացման կը խոչընդոտեն մասնագիտացումը, համարձակութիւնն ու նիւթական բաժինը: Ըստ անոր, մամուլի եւ հեռուստատեսութեան վիճակը Հայաստանի մէջ օրէօր կը վատանայ: Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ հեռուստաընկերութիւնները աւելի կաշկանդուած են, քան թերթերը:
‘‘Առաւօտ’‘ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան անդրադարձաւ մամուլի դէմ ուղղուած դատական հայցերուն: ‘‘Եթէ որեւէ անձ կամ կազմակերպութիւն դիմում է փողային պահանջով թերթին, ասենք, երեք միլիոն դրամ է ուզում եւ դրան զուգահեռ յայտարարում է, որ նա այդ փողը կ՛օգտագործի մանկատների կամ Հայաստան հիմնադրամի համար, դատաւորը բոլոր հիմքերը ունի այդ փողային, նիւթական պահանջը մերժելու: Նիւթական փոխհատուցումը բարոյական վնասի այն ժամանակ իմաստ ունի, եթէ վնասուած մարդը ունի դրա կարիքը, այսինքն նա տառապում է նիւթական ինչ–որ անբաւարարութեամբ եւ այդ երեք միլիոնը նրան կը բաւարարի: Ո՛չ Տիգրան Արզաքանցեանը, ո՛չ միւս օլիկարխները, ոչ էլ Քոչարեանի ընտանիքը այդ երեք միլիոնի պահանջը չունեն, հետեւաբար այդ նիւթական պահանջն իմաստազուրկ է դառնում’‘,- ըսաւ ան:
Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուայ կապակցութեամբ, Մ.Ա.Կ.-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի-Մունի ուղերձին մէջ նշուած է թէ ‘‘Անկախ մամուլը հզօրագոյն արտայայտման միջոց է: Համաշխարհային ճնշող մարտահրաւէրներու դարաշրջանին ընթացքին, մամուլի միջոցով տեղեկատուութեան եւ մտքերու ազատ փոխանակութիւնը` ընդհանուր խնդիրներու ծիրէն ներս, կրնայ միացնել մարդիկ ու երկիրներ’‘: