Հայորդիին Մայիս 1-ը

Համաշխարհային տօն մըն է աշխատաւորին, բանուորին, մշակին… քրտինք թափողին Մայիս 1-ը, որ գրեթէ մոռցուած է հոս՝ Ա․Մ․Ն․ի մէջ։ Փոխարէն, Սեպտեմբեր ամսուան առաջին երկուշաբթի օրը կը նշուի իբրեւ Աշխատանքի օր (Labour Day), որ երբեք կարելի չէ բաղդատել Մայիս 1-ին հետ։
Դժբախտաբար, այդ առաջուան «յարգանք»-ն ու «վաստակ»-ը չունի այդ օրը։ Անշուշտ, ասիկա ըսել չէ, թէ այլեւս աշխատաւոր, օգտագործուող եւ շահագործուող գոյութիւն չունի, եւ թէ դրախտային աշխարհ մը կ՛ապրինք։
1991-ին Հայաստանի անկախացումէն ետք, Մայիս 1-ի նշանակութիւնը սկսաւ հետզհետէ փոփոխութիւն կրել։ Երկիրը անցաւ շուկայական տնտեսութեան եւ նոր քաղաքական համակարգի, եւ այդ մեծ պետական շքերթները աստիճանաբար վերացան։ Բայց եւ այնպէս, Մայիս 1-ը մնաց իբրեւ պաշտօնական ոչ աշխատանքային օր։ Դժբախտաբար, այսօր ան աւելի խաղաղ եւ անձնական բնոյթ ունի՝ յաճախ ընկալուելով որպէս հանգստեան օր, այլ ոչ թէ զանգուածային քաղաքական դրսեւորում։
Ժամանակակից Հայաստանի մէջ Մայիս 1-ի խորհուրդը տակաւին կը պահպանէ իր արդիականութիւնը։ Աշխատաւորական իրաւունքները, արդար աշխատավարձը եւ աշխատանքի պայմանները կը շարունակեն մնալ կարեւոր հարցեր, յատկապէս տնտեսական մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ։
Թէեւ արհեստակցական միութիւններ գոյութիւն ունին, անոնց ազդեցութիւնը զգալիօրէն նուազած է խորհրդային շրջանին համեմատ։ Մայիս 1-ին տեղի ունեցող հաւաքները սովորաբար սահմանափակ են եւ կեդրոնացած՝ յատուկ ընկերային կամ աշխատաւորական խնդիրներու վրայ։
Այո՛… աշխատաւորներու օրը ունի յատուկ խորհուրդ, որ միայն շահագործող «ցեցերուն» դէմ պայքարիլը չէ, այլ նաեւ պայքար՝ իրաւունքներու վերականգնման համար։
Հայորդիին համար Մայիս 1-ը միայն աշխատաւորներու, մշակներու եւ բանուորներու դասակարգային իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը չէ։ Այլ՝ շատ աւելին է։ Մայիս 1-ը նաեւ ազգային պետականութեան վերականգնման օրն է։ Չարաչար պարտութիւն մը կրած ենք 44-օրեայ պատերազմին, ապա կորսնցուցած ենք Արցախը՝ թէ՛ իր բնակչութեամբ եւ թէ՛ իր ժառանգութեամբ։ Նոյնիսկ մօտէն, մերթ հեռուէն մշուշապատ, մերթ ջինջ ու «զուլալ» Արարատը կը փորձուի վերածել այլ տեսակի խոր վիրապի։
Բնականաբար, ներկայ իշխանութեան կիրարկած զիջողական եւ պարտուողական ընթացքն ալ կը պարտադրէ հայորդին, որպէսզի պայքարի այս ստեղծուած սարսափելի գոյաբանական սպառնալիքին դէմ։
Յառաջիկայ Յունիս 7-ի ընտրութիւններու սեմին՝ ՊԱՅՔԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ։
«Հայրենիք»

