Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

 

Թուրքիոյ զիուորական պետական ծախսերը անցեալ տարի հասած են 30 միլիառ տոլարի՝ երկիրը դասակարգելով զինուորական ամէնէն բարձր պիւտճէներ ունեցող 40 պետութիւններու շարքին մէջ։

Թուրքիա անցեալ տարի իր ազգային համախառն աճի 1.9 առ հարիւրը յատկացուցած է զինուորական ծախսերու։ Իսկ թրքական զէնքի գործարաններուն կատարուած պետական օժանդակութիւնը 25 առ հարիւրով բարձրացած է։

Տեղին է նշել, որ համաշխարհային առումով՝ անցեալ տարի զինուորական ծախսերը հասած են 2.9 թրիլիոն տոլարի, որուն 1.48 թրիլիոնը ծախսուած է Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ։

*

Advertisement Subscribe Today

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Քերիմ  Վելիեւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար զօրավար Մեթին Թոքելի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։ Քննարկման առարկայ դարձան թրքական եւ ատրպէյճանական բանակներու միջեւ գործակցութեան կապուած հարցեր եւ խնդիրներ։

*

Ֆիտան կը տեսակցի Աւստրիոյ վարչապետ Քրիսթիան Շթոքըրի հետ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան կը պակսի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու քաղաքական կամքը։

Ըստ Ֆիտանի, Թուրքիա բնաւ չէ պահանջած, որ յատուկ վերաբերման արժանանայ եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցի, առանց նախապայմանները կատարելու։

*

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար յայտարարեց, որ շուտով պիտի հրապարակուի հազուագիւտ նիւթերու վերաբերեալ ռազմավարութիւնը, նշելով,որ անոր հիմնաքարն է Պեյլիքովայի հազուագիւտ հանքային նիւթերու ծրագիրը։

Պայրաքտար նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ ելեկտրուժին աւելի քան 62 առ հարիւրը կը ստացուի վերանորոգելի աղբիւրներէ, աւելցնելով,որ Թուրքիա կը ջանայ հովային եւ արեւային ուժանիւթի ծաւալը մինչեւ 2035 բարձրացնել տարեկան 120 ճիկաուաթի։

*

Թուրքիոյ մէջ հովային արհեստագիտութեամբ ուժանիւթ ստանալու համակարգը տարուէ տարի կը զարգանայ։ Ներկայիս ծովափնեայ 19 շրջաններու մէջ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին՝ ուժանիւթի արտադրութիւնը բարձրացնելու կարելիութիւնները քննելու համար։

Այս մարզը կը գնահատուի շուրջ 15 միլիառ տոլարով եւ արտադրութիւնը՝ տարեկան 5 հազար մեկաուաթ ելեկտրուժով։

*

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Օմէր Չելիք քննադատեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը՝ ի նպաստ Յունաստանի անոր կատարած յայտարարութիւններուն համար։ Մաքրոն յայտարարած էր, որ Ֆրանսա կը կանգնի Յունաստանի կողքին՝ թուրքեւյունական շրջանային լարուածութեան պարագային։

Չելիք նշեց, որ մինչ Աթէնք ունի առիթը՝ Անգարայի հետ իր լարուածութիւնը մեղմացնելու համար, Մաքրոնի յայտարարութիւնը խնդիրներու լուծման չի նպաստեր։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button