
Մուրատ Մանուկեան
Պոսթըն – Մասաչուսէց
Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք նշանակուած են 7 Յունիս 2026-ին, քաղաքական սովորական մրցակցութենէ մը անդին, պատմական ու գոյաբանական խաչմերուկ մը կը ներկայացնեն։ Հայ ընտրողը այս հանգրուանին կոչուած է կայացնելու որոշում մը, որ պիտի սահմանէ երկրի քաղաքական, ընկերային եւ ինքնութեան ուղեգիծը՝ առնուազն յաջորդ տասնամեակներուն համար։ Այս համատեքստին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան՝ անցնող ութ տարիներու վարած քաղաքականութիւնը կը պահանջէ լուրջ վերլուծութիւն՝ ազգային շահերու, արժանապատուութեան եւ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն։ Այդ վերլուծութիւնը կը բացայայտէ չորս առանցքային խնդիրներ, որոնք կը կազմեն ոչ թէ առանձին երեւոյթներու շարան մը, այլ փոխկապակցուած ամբողջութիւն մը, որ կը մատնանշէ պետականութեան ընթացիկ վերաձեւաւորման ուղղութիւնը։
Այս փոխկապակցուած ամբողջութեան ակունքը կարելի է տեսնել քաղաքական խօսոյթի այն երեւոյթին մէջ, որ վերջին տարիներու ամենէն վիճայարոյցն է. իշխող ուժի դիրքորոշումներու հիմնարար անկայունութիւնը (կարդալ նաեւ՝ փոփոխականութիւնը)։ Այն, ինչ իշխանամէտ շրջանակներ կը բնորոշեն որպէս «իրատեսական ճկունութիւն», քննադատական տեսանկիւնէն կը դիտուի որպէս գաղափարական շփոթ եւ ուղեգիծի բացակայութիւն։ Այս երեւոյթին ամենէն արտայայտիչ դրսեւորումը կը նկատուի Արցախի հարցին առնչուած քաղաքականութեան մէջ. «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» կարգախօսէն մինչեւ Արցախի ամբողջական կորուստն ու զայն այլ պետութեան մաս ճանչնալու դիւանագիտական պատրաստակամութիւնը՝ կը ներփակէ ուղեգիծի այնպիսի կտրուկ շրջադարձ մը, որ կը թուի զուրկ ըլլալ հաստատուն քաղաքական-գաղափարական հիմքերէ։ Այս տատանումը զուտ ձեւական կամ դիւանագիտական հարց չէ. անիկա կը խախտէ պետական դիրքորոշման բուն հիմքը՝ կանխատեսելիութիւնը, որուն վրայ կը կառուցուի թէ՛ ներքին հանրային վստահութիւնը, թէ՛ արտաքին գործընկերներու հաշուարկը։
Արտաքին քաղաքականութեան այս նահանջը զուգահեռաբար կը գտնէ իր ներքին արձագանգը՝ ազգային ինքնութեան հիմքերու վերարժեւորման հետեւողական ճիգին մէջ։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ թիրախաւորումը, պատմութեան դասագիրքերու սրբագրումը եւ ազգային խորհրդանիշներու արժեզրկումը պարզ վարչական որոշումներ չեն. անոնք միասնաբար կը միտին ձեւաւորել «նոր քաղաքացիի» կերպար մը, որ՝ զուրկ ըլլալով իր պատմական արմատներէն՝ պատրաստ պիտի ըլլայ զիջելու ամէն ինչ՝ յանուն անորոշ «խաղաղութեան» մը։ Այսպիսով, արտաքին զիջումներն ու ներքին ինքնահերքումը կը գործեն փոխադարձ ուժով. պատմական յիշողութեան թուլացումը կը նպաստէ քաղաքական տատանումներու ընդունելիութեան, իսկ քաղաքական զիջումները կը պահանջեն ինքնութեան հիմքերու մշտական մաշեցում՝ իբրեւ սեփական արդարացման յենարան։
Ինքնահերքման այս ներքին տրամաբանութիւնը անխուսափելիօրէն կ’ընդարձակուի դէպի Սփիւռք։ Իշխանութիւններու որդեգրած բաժանարար մօտեցումը վերջերս ստացաւ նոր եւ յատկանշական արտայայտութիւն մը. 28 Ապրիլ 2026-ին, Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան նոր նստավայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, հրաւիրեալներու ցանկէն միտումնաւոր զանց առնուեցան փարիզահայութիւնը ներկայացնող ամենազդեցիկ կազմակերպութեան՝ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի (CCAF) ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցիչը։ Այս քայլը արարողակարգային բացթողում չի նկատուիր, այլ Սփիւռքը «իւրայիններու» եւ «օտարներու» բաժնելու հետեւողական ռազմավարութեան մէկ դրսեւորումը։ Կարծէք ոչինչ փոխուած է խորհրդային տարիներու այն շրջանէն, երբ պաշտօնական Երեւանը կը փորձէր պառակտել սփիւռքահայ համայնքները՝ տկարացնելով անոնց հաւաքական ուժն ու ազդեցութիւնը. տարբերութիւնը այն է, որ այս անգամ նմանօրինակ գործելաոճը կը կիրարկուի ինքնիշխան պետութեան անունով, ինչ որ զայն աւելի անհանդուրժելի կը դարձնէ։ Արդիւնքը կրկնակի բացասական է․ կը խորանայ վստահութեան ճգնաժամը Հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ, եւ կը տկարանայ այն համահայկական ներուժը, որ պատմականօրէն ծառայած է որպէս պետականութեան կարեւոր նեցուկ։
Սակայն այս ընդհանուր պատկերին ամենէն շօշափելի վնասները կ’արձանագրուին ոչ թէ հաստատութիւններու կամ խորհրդանիշներու, այլ՝ կենդանի մարդոց եւ մշակութային ժառանգութեան մակարդակին վրայ։ Մինչ ինքնութեան բանավէճը կրնայ թուիլ վերացական, այստեղ կորուստները շօշափելի են ու ցաւալի։ Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած ու խոշտանգուած հայ գերիներու վերադարձին համար չենք տեսներ համարժէք քաղաքական եւ դիւանագիտական ճնշում. գերիներու հարցը, որ որեւէ արժանապատիւ պետութեան համար պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն, վերածուած է երկրորդական նիւթի՝ «խաղաղութեան օրակարգի» անունով։ Նոյնքան դատապարտելի է լռութիւնը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ կատարուող ոչնչացման նկատմամբ. եկեղեցիներու քանդումը, խաչքարերու ոչնչացումն ու պատմական հետքերու ջնջումը կը կատարուին աշխարհի աչքին առջեւ, մինչդեռ Հայաստանի իշխանութիւնները կը նախընտրեն շրջանցել նոյնիսկ այս հոգեւոր ու մշակութային ցեղասպանութեան վաւերագրումը։ Աւելին՝ վարչապետի բերնով իսկ կը լսենք նման քայլերու անուղղակի արդարացումը, երբ ան առաջ կը քաշէ այն տարօրինակ վարկածը, թէ եթէ Հայաստանի տիրապետութեան տակ ազրպէյճանական յուշարձաններ կամ յուշակոթողներ գտնուին, «մենք ինչպէ՞ս պիտի վերաբերինք անոնց հետ». հարցադրում մը, որուն տողատակը կը փորձէ ակնարկել, թէ «մենք ալ նոյնը կ’ընենք»՝ ստեղծելով բարոյական անընդունելի նոյնացում մը զոհին եւ դահիճին միջեւ։ Այսպիսով՝ պետութիւն ըլլալու երկու հիմնարար պարտաւորութիւնները՝ քաղաքացիին պաշտպանութիւնն ու ազգային ժառանգութեան պահպանումը, կը զոհաբերուին օրակարգի մը, որուն բուն փոխհատուցումը մինչեւ օրս անյայտ է։
Արտաքին քաղաքականութեան անկայունութիւնը, ինքնութեան հիմքերու քայքայումը, Սփիւռքի մասնատումը եւ պետական պարտաւորութիւններու անտեսումը չորս առանձին երեւոյթներ չեն, այլ նոյն ընդհանուր ուղեգիծի չորս ճակատներն են։ Հայաստանի քաղաքացիին առջեւ ծառացած ընտրութիւնը, հետեւաբար, պարզապէս քուէարկութիւն չէ, այլ՝ մեր պատմութեան եւ ապագայ սերունդներու հանդէպ պատասխանատուութեան յայտարարութիւն։ Ընտրողը պէտք է կշռադատէ՝ կա՛մ շարունակել ինքնահերքման, պառակտման ու ազգային նուաստացման այս ճանապարհը, կա՛մ վերականգնել ազգային հպարտութիւնը, պահանջատիրութիւնն ու պետական լուրջ հիմքերը։

