
ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` Քեսապի իրադարձութիւններուն նկատմամբ Մ.Ա.Կ.-ի դրսեւորած անտարբերութեան առիթով, Հինգշաբթի, Մարտ 27-ին : Ցոյցի մասնակիցները Մ.Ա.Կ.-էն կը պահանջէին կատարել իր իսկական առաքելութիւնը, դատապարտել եւ կանխել Թուրքիոյ քողարկուած նախայարձակումը Քեսապի բնակչութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ միջոցներու ձեռնարկել` քեսապցիները իրենց մնայուն բնակութեան վայր անվտանգ տեղափոխելու համար:
«Քեսապը մերն է` մերը պիտի մնայ», «Թուրքիա՛, ձեռքերդ հեռու՛ Քեսապէն» վանկարկումներով գործիչները ու Հայաստանի մէջ բնակող քեսապահայերը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի շէնքէն երթով քալեցին դէպի ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակ, ուր նամակ յանձնեցին կազմակերպութեան ներկայացուցիչին:
Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան բարձրախօսով նշեց, որ Քեսապ հայահոծ տարածքին վրայ Թուրքիա երեք անգամ ոտնձգութիւն կատարած է` 1909, 1915 թուականներուն եւ հիմա: «Այս երեք գործողութիւնները Թուրքիոյ կողմէ միտուած են ոչնչացնելու Քեսապի հայ բնակչութիւնը: Թուրքիա կը շարունակէ հայերու ցեղասպանութիւնը: Միջազգային հանրութիւնը իր կրաւորական կեցուածքով, անտարբերութեամբ, լռութեամբ կը սատարէ Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան, կը խրախուսէ Թուրքիան` շարունակելու ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Վարդանեան` պահանջելով միջազգային հանրութենէն համապատասխան գնահատական տալ, միջամտել եւ պահանջել Թուրքիայէն` զերծ մնալ պատերազմի հրահրումէն, հակահայկական գործողութիւններէն: Վարդանեան ընդգծեց, որ Մ.Ա.Կ.-ը պարտաւոր է ստեղծել պայմաններ, որպէսզի քեսապահայութիւնը վերադառնայ իր բնակավայրը:
Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ նամակը անպայման արձագանգ պիտի գտնէ եւ պիտի ուղարկուի Մ.Ա.Կ.-ի միջազգային գրասենեակ: