Յօդուածներ

Սփիւռքը՝ Հայկական Ինքնիշխանութեան «Ուժի Բազմապատկիչը». Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Օրինակը

Ստորեւ, Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի մամլոյ քա րտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեանի խօսքը Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողովին:

Գոյատեւելու համար, համահայկական աշխարհը պէտք է գործէ որպէս իր սեփական ճակատագրին ինքնիշխան տէրը. զարգացող հայրենիք մը՝ զօրակցուած Սփիւռքով մը, որ ինքնին աշխարհաքաղաքական ուժ է եւ հայ ազգի «Երկրորդ Բանակը»։

Հայ Դատի համաշխարհային ցանցին ռազմավարական խորութիւնը կը հանդիսանայ սփիւռքեան «ուժի բազմապատկիչը»՝ պաշտպանելու հայկական շահերը, պահպանելու մեր ժառանգութիւնը եւ յառաջ մղելու հայկական իղձերը վեց ցամաքամասերու վրայ։ Ան ազգին կենսական սուրն ու վահանն է, որ կը լրացնէ պետական մակարդակի դիւանագիտութեան կառուցողական տարրերը, միաժամանակ բարձրացնելով հայկական հարցերը, պահանջելով հայութեան իրաւունքները եւ ընդլայնելով Հայաստանի հնարաւորութիւններու դաշտը այնպիսի ձեւերով, որոնք պետական դիւանագիտութեան կարողութիւններէն վեր են։
________________________________________

Նախքան Սփիւռքի քաղաքական դերին, ռազմավարութեան կամ քաղաքականութեան մասին խօսիլը, պէտք է պատասխանենք հիմնական հարցումի մը. Ի՞նչ է մեր պատկերացումը Հայաստանի եւ հայ ազգին մասին. մենք մեր սեփական ճակատագիրին Տէ՞րն ենք, թէ՝ օտար տէրերու Ծառան:

Արդեօք պիտի ըլլանք մեր արդար իրաւունքներուն Ինքնիշխա՞նը, թէ՞ պարզապէս վարձակալներ՝ մեր իսկ հողին վրայ։ Պիտի կանգնի՞նք որպէս ինքնիշխան ազգ, թէ՞ պիտի ընդունինք «արգելոցի» մը մէջ ապրող Ծառային դերը. անուանապէս անկախ ու ինքնիշխան, սակայն մեր զարգացումն ու քաղաքական ուղղութիւնը՝ կախեալ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի կամ այլ օտար ուժերու շահերէն։

Ընտրութիւնը ակնյայտ է։
Կրնանք ընդունիլ «Իրական Հայաստանի» տեսլականը՝ աշխարհաքաղաքական վանդակի մը մէջ պարփակուած, շրջափակուած վերապրող պետութիւն մը, որ գոյութիւն ունի միայն իր դրացիներու թոյլտուութեամբ ու թշնամական քմահաճոյքով, մինչ մեր պատմութիւնը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը կամաց-կամաց կը յափշտակուին մեզմէ, կամ աւելի գէշ՝ կը յանձնուին կամաւոր կերպով։ Կայ նաեւ ուրիշ տարբերակ՝ ըլլալ մեր ապագայի Ինքնիշխան Տէրը. Համաշխարհային ազգ մը, որ կը մերժէ վարձուոր ըլլալ իր սեփական հողին վրայ եւ տէր կը կանգնի իր արդար իրաւունքներուն:

Advertisement Subscribe Today

Եթէ կը ձգտինք կերտել մեր ճակատագիրը, ապա հաւաքական «մենք»-ը՝ թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ ազգը, պէտք է ճանչնան Հայ Սփիւռքը այնպէս՝ ինչպէս որ է. ինքնիշխան ուժ մը միջազգային բեմի վրայ։

Հայ Սփիւռքը այսօր աշխարհաքաղաքական ինքնուրոյն ուժ է. որոշ առումներով՝ աւելի ազդեցիկ, քան շատ մը երկիրներու կառավարութիւններ։ Մենք հայանպաստ իրականութիւններ կը կերտենք վեց ցամաքամասերու վրայ՝ միջազգային այնպիսի մրցապայքարի մը մէջ, որ կը բնորոշուի պետութիւններու եւ անդր-ազգային ցանցերու միջեւ սուր բախումներով։ Մենք ուրոյն գոյացութիւն ենք՝ սերունդէ սերունդ ժառանգուած եւ աշխարհի չորս ափերուն վրայ տարածուած, բայց նաեւ հայ ազգի անբաժանելի մէկ մասնիկը, մեր էութեամբ նուիրուած հայկական պետութեան անվտանգութեան ու գոյատեւման։

Հայ Սփիւռքը հայկական պետութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան, ռազմավարական գործընկերն է. իսկ հայկական պետութիւնը, իր կարգին, Սփիւռքի գոյութենական դաշնակիցը։ Ասիկա մեր անխզելի կապն է. երկու սիւներ՝ Պետութիւնն ու Աշխարհասփիւռ Ազգը, որոնք կը գործեն ներդաշնակութեամբ։ Մենք չենք ձգտիր կառավարել, եւ կը մերժենք կառավարուիլ։ Մենք կը գործենք որպէս Հայ Դատի համաշխարհային պահապաններ՝ գիտակցելով, որ հզօր Հայաստանը մեր ազգային իղձերու բանալին է։

Մենք մեր ամենէն զօրեղ վիճակին մէջ կ’ըլլանք, երբ մեր պետական եւ ազգային օրակարգերը զիրար կը լրացնեն՝ ընթանալով զուգահեռ ուղիներով, առաջնորդուած՝ նոյն Նպատակով. Վստահօրէն ապահովել մեր անվտանգութիւնը, մեր երկարատեւ գոյատեւումը եւ ազգերու ընտանիքին մէջ մեր սրբազան տեղը։ Անոնք, որոնք կը փորձեն սեպ խրել Սփիւռքի եւ Հանրապետութեան միջեւ, մեր թշնամիներուն գործը կը կատարեն. անոնք, փաստօրէն, մեր թշնամիներն են։ Չկայ աւելի ստոյգ փորձաքար, չկայ աւելի լաւ միջոց՝ բարեկամը թշնամիէն զատորոշելու համար։ Որովհետեւ բաժնուած՝ չենք կրնար կանգուն մնալ։ Սակայն միացեալ ուժով՝ կրնանք դիմադրել նոյնիսկ մեր ամենակատաղի թշնամիներուն։

Գիշատիչներով լեցուն աշխարհի մը մէջ, շրջափակուած պետութիւնը չի կրնար գոյատեւել միայն յոյսով ու բարի ցանկութիւններով։ Գոյատեւումը կը պահանջէ Ռազմավարական Խորութիւն։ Ան կը պահանջէ հասկնալ Հայ Սփիւռքի դերը՝ որպէս «Ուժի Բազմապատկիչ», որ կրնայ օգնել փոքր ու պաշարուած տարածքը վերածելու համաշխարհային ազդեցութեան կեդրոնի։

Ասիկա կը սկսի օտարածին, քայքայիչ քարոզներու չեղարկումով, որոնք կեղծ ընտրութիւններ կը ստեղծեն Սփիւռքի ձգտումներուն եւ հայրենիքի շահերուն միջեւ, մեր անցեալին հանդէպ նուիրուածութեան եւ ապագայի յոյսերուն միջեւ, համաշխարհային յարձակողական պաշտպանութեան եւ աւելի նրբազգաց պետական դիւանագիտութեան միջեւ։Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ այս արժէքները իրարու դէմ օգտագործուին՝ ի շահ այլոց եւ ի վնաս մեզի։ Ընդհակառակը, անոնք պէտք է համադրուին՝ յառաջ մղելու համար մեր ընդհանուր ազգային օրակարգը։

Քաղաքական ճակատին վրայ, Հայ Դատի համաշխարհային ցանցը այս ինքնիշխան ուժի գործառնական ենթակառոյցն է։ Անիկա համաշխարհային մասնագէտներու եւ տեղական քաղաքական ղեկավարներու համադրուած դաշինք մըն է, որ կը տարածուի տասնեակ երկիրներու մէջ, ուր իւրաքանչիւր յանձնախումբ յարմարած է իր տեղական քաղաքական միջավայրին՝ միաժամանակ ստեղծելով լայն համագործակցութիւններ թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար դաշնակիցներու հետ։

Միացեալ Նահանգներու մէջ, Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCA) այս մեքենայի վաւերական օրինակն է։ Մենք պարզապէս ազդեցութիւն չենք պահանջեր, այլ քաղաքական իրականութիւն կը ստեղծենք երկկողմանի ենթակառոյցի միջոցով։ Նախ՝ Ժողովրդային Ուժի միջոցով. աւելի քան 50 տեղական մարմիններով, մենք կ’ապահովենք, որ Հայ Դատը մնայ մնայուն առաջնահերթութիւն տեղւոյն կառավարութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ։ Երկրորդ՝ Մարդկային Ներուժի միջոցով. այս մեքենային «վառելանիւթը» մեր Մասնագիտական Ցանցն է։ Լէօ Սարգիսեան եւ Յովիկ Ապօ Սաղտըճեան ծրագիրներու միջոցով, մենք կը պատրաստենք մեր ապագայ ղեկավարները. մասնագէտներ, որոնք լաւագոյնը կը բերեն իրենց ասպարէզներուն եւ անոնց հետ միասին կ’ապահովեն հայ ազգին վերելքը։

Սա այն կառոյցն է, որով մենք կը դրսեւորենք մեր ինքնիշխանութիւնը հոն՝ ուր պետութեան ձեռքը չի հասնիր։ Մեր օրակարգը չի չափուիր միայն 29,743 քառակուսի քիլոմեթրով։ Երբ մենք կը համախմբուինք պաշտպանելու Երուսաղէմի «Կովերու Պարտէզը», մենք կը պաշտպանենք 1,600 տարուայ հայկական հողը։ Երբ մենք կը կանգնինք Ջաւախքի հայութեան կողքին՝ իրենց արժանապատուութեան եւ բնիկ ժառանգութեան պահպանման պայքարին մէջ, կամ կ’ապահովենք Պարսկաստանի մեր պատմական համայնքին անվտանգութիւնը, մենք կը գործենք որպէս համաշխարհային ազգի Ինքնիշխան Վահանը։ Երբ մենք կը պաշտպանենք մեր համայնքները Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ, մենք կը պաշտպանենք ազգին հողը, ոգին եւ գոյատեւումը՝ բոլոր ցամաքամասերու վրայ։

Ահա Սփիւռքը՝ «Երկրորդ Բանակը»։

Սփիւռքն ու Պետութիւնը պէտք է գործեն որպէս անկախ դերակատարներ՝ ուղղուած նոյն Նպատակակէտին։ Երբ Պետութիւնը ճնշման տակ «ծռի», Ազգը պէտք է մնայ անդրդուելի։ Մենք կը գործենք անկախաբար՝ շրջանցելու համար այնպիսի քաղաքականութիւններ, որոնք կը հարուածեն մեր երկարատեւ անվտանգութեան։ Մեր կեդրոնացումը կը մնայ մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ քաղաքական պատասխանատուութեան վրայ:

Գործնականօրէն մենք կը հետապնդենք հետեւեալ նպատակները.

• Դէմ դնել TRIPP նախագիծի վտանգաւոր տարրերուն, որոնք կը սպառնան մեր հայրենիքը վերածել օտարի կողմէ վերահսկուող տարանցիկ գօտիի։

• Ապահովել հայ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակումը եւ վերջ տալ Ազրպէյճանի «պատանդներու դիւանագիտութեան»։

• Գործադրել 907-րդ յօդուածը՝ արգիլելու համար ամէն տեսակ զինուորական օժանդակութիւն դէպի Անգարա եւ Պաքու։

• Պատասխանատուութեան ենթարկել ազրպէյճանցի պաշտօնատարները Մակնիցքի պատժամիջոցներու միջոցով։

• Հետապնդել ՄԱԿ-ի բանաձեւ մը՝ Արցախի ժողովուրդի ապահով վերադարձի եւ մեր սրբազան մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան համար։

• Ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ՝ վերջ տալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման եւ մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրի արդարութեան խափանման։

Մենք պէտք է ապահովենք, որ մեր ազգին բուն գոյատեւումը երբեք չսակարկուի կեղծ ու փխրուն խաղաղութեան մը դիմաց։

«Իրական Հայաստանի» անձնատուութեան ռազմավարութիւնը խաղաղութեան տանող ուղի չէ։ Անիկա կառավարուող անկումի, անվերջ նուազող ակնկալիքներու եւ, ի վերջոյ, ազգային ինքնասպանութեան ռազմավարութիւն է, որ չի կրնար երաշխաւորել այսօրուան անվտանգութիւնը, եւ աւելի ողբերգականօրէն՝ կը փակէ ապագայի արդարութեան վրայ հիմնուած իրական խաղաղութեան որեւէ դուռ։ Մեզի կ’ըսեն «ծռեցեք»՝ նեղութենէ խուսափելու համար։ Սակայն մենք գիտենք, որ այն ազգը, որ իր գոյութիւնը կը սահմանէ ուրիշներուն գծած սահմաններով, արդէն իսկ կորսնցուցած է իր ինքնիշխանութիւնը։

Մենք վճռականօրէն կը մերժենք հպատակութեան մտայնութիւնը՝ անկախ թշնամիներու ճնշումներէն, բարեկամներու զգուշացումներէն, կամ նոյնիսկ Հայաստանի պետական պաշտօնեաներու խորհուրդներէն։

Մենք կ’օգտագործենք Սփիւռքին ուժը՝ մեր օրուան աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։

Կ’որդեգրենք ամերիկեան յեղափոխական մտածող Թոմըս Փէյնի իմաստուն խորհորդը՝

«Եթէ պիտի ըլլայ տագնապ, թող իմ օրովս ըլլայ, որպէսզի զաւակս ունենայ խաղաղութիւն»։

Խաղաղութիւն մը, որ հիմնուած է ազատութեան եւ արդարութեան վրայ։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button