Ընտրական Գործընթացը Սկսած Է Հայաստանի Մէջ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Կիրակի, 7 Յունիսին կը կայանան Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները կը կատարուին համամասնական ընտրակարգով. քաղաքացիները կը քուէարկեն ցուցակներու, որոնք ներկայացուած են կուսակցութեան մը կամ երկու կամ աւելի կուսակցութիւններու դաշինքի մը կողմէ: Խորհրդարանին մէջ տեղ ունենալու համար առաջադրուած առանձին կուսակցութիւն մը պէտք է ապահովէ քուէարկողներու ձայներուն գէթ չորս առ հարիւրը, կուսակցութիւններու դաշինքը` ութ առ հարիւրը: Այս համեմատութիւնները չյաղթահարած կուսակցութիւնները կամ դաշինքները դուրս կը մնան խորհրդարանէն, իսկ իրենց ստացած ձայները կը բարդուին, համեմատական եղանակով, անցման սեմը յաղթահարած ցուցակներուն ձայներուն վրայ:
Ցուցակները ներկայացնելու ժամկէտը սկիզբ առաւ 13 ապրիլին: Բազմաթիւ կուսակցութիւններ գումարեցին արտակարգ համագումարներ, ճշդելու համար իրենց կողմէ առաջադրելի թեկնածուները, ինչպէս նաեւ ներկայացուող ցուցակին մէջ անոնց դասաւորումը: Երբ Ընտրական Կեդրոնական յանձնախումբը կը ճշդէ իւրաքանչիւր ցանկէն ընտրուած պատգամաւորներու թիւերը, ընտրուած կը համարուին թեկնածուները ըստ այդ դասաւորումին:
Թեկնածութիւն ներկայացնելու յայտ ներկայացուցած են բազմաթիւ կուսակցութիւններ, ոմանք նորակազմ: Ընդդիմադիր դաշտին մէջ համախմբում յառաջացնելու եւ միասնական մէկ ուժեղ դաշինքով ներկայանալու փորձերը ունեցան մասնակի արդիւնքներ: Ընտրութեան մասնակցողները հանրութեան պէտք է ներկայացնեն ընտրական ծրագիր մը: Դժուար է տարբեր գաղափարաբանութիւն եւ աշխարհահայեացք ունեցող կուսակցութիւններու համախմբումը: Մնաց, որ կուսակցութիւններէն շատերուն աշխարհահայեացքը անգոյ է: Ցարդ յայտնի են, Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հակադրուող երեք ուժեր. վերանորոգուած «Հայաստան դաշինքը» Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան մասնակցութեամբ, «Առաջարկ Հայաստանի» նորաստեղծ դաշինքը Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորութեամբ եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը Սամուէլ Կարապետեանի ղեկավարութեամբ: Այս վերջինը երկքաղաքացի ըլլալով չի կրնար թեկնածու ըլլալ, ցուցակը կը գլխաւորէ իր եղբօրորդին` Նարեկ Կարապետեանը:
Ընտրութեան աւարտէն ու արդիւնքներու հրապարակումէն ետք, Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն ապահոված խմբակցութիւնը կը ներկայացնէ իր վարչապետի թեկնածուն, որ այդ պաշտօնին կը նշանակուի հանրապետութեան նախագահին կողմէ: Եթէ որեւէ խմբակցութիւն չէ ապահոված մեծամասնութիւն, տեղի կ՛ունենան խորհրդակցութիւններ մէկէ աւելի խմբակցութիւններու մասնակցութեամբ դաշինք կազմելու համար: Նոր դաշինքը իւրաքանչիւր մասնակիցի ծրագիրներու համադրումով պէտք է կազմէ կառավարական նոր ծրագիր եւ ճշդէ իր վարչապետի թեկնածուն: Եթէ նման դաշինքի կազմութիւնը կարելի չըլլայ, կը կազմակերպուին խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ:
Նկատի ունենալով վարչապետի պաշտօնին կարեւորութիւնը, բազմաթիւ խմբաւորումներ (կուսակցութիւն կամ դաշինք) այժմէն ճշդած են իրենց վարչապետի թեկնածուն եւ յայտարարած: Ուշագրաւ է «Ուժեղ Հայաստանի» պարագան. թեկնածու ներկայացուած է Սամուէլ Կարապետեանը, որ երկքաղաքացի ըլլալով, չի կրնար ստանձնել պաշտօնը: Նորաստեղծ կուսակցութիւնը կը յուսայ, մեծամասնութիւն ստանալու պարագային, Նոր Ազգային ժողովին փոխել տալ սահմանադրական արգելքը եւ ապահովել իր թեկնածուին առաջադրումը իբրեւ վարչապետ:
Թէեւ ընտրապայքարը պաշտօնապէս չէ սկսած, սակայն բոլոր ուժերն ալ աշխուժ կերպով լծուած են քաղաքացիները համոզելու աշխատանքին: Ընդհանուր առմամբ տարածուած գաղափարը այն է, որ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չյաջողի մեծամասնութիւն ապահովել յառաջիկայ Ազգային ժողովին մէջ: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները պէտք է դաշինք կազմեն այդ պարագային: Ոմանք կ՛ուզեն, որ անոնք այժմէն նման յանձնառութիւն վերցնեն, բան մը, որ ժողովրդավարական դրութեամբ գործող վարչաձեւի մը յատուկ չէ: Իւրաքանչիւրը պիտի յուսայ մեծամասնութիւն ունենալ. անոր բացակայութեան պարագային է միայն, որ դաշինքի կազմութեան կը ձեռնարկուի:
Ընտրական թէժ պայքարի երկու ամիսներ կը սպասեն Հայաստանին:

