Լրահոս
Գառնիկ Դանիէլեան. «Հայաստան Դաշինքը Ընտրութիւններէն Ետք Պատրաստ Է Համագործակցելու Ընդդիմադիր Այլ Ուժերու Հետ»

ԵՐԵՒԱՆ.- 14 Ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան ըսաւ, որ այսօր չկայ որեւէ քաղաքական ուժ, ներառեալ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիրը», որ ի վիճակի ըլլայ միայնակ մեծամասնութիւն կազմել խորհրդարանին մէջ։
Դանիէլեան շեշտեց, որ իրենց քաղաքական ուժը պատրաստ է համագործակցիլ բոլորին հետ, բացի գործող իշխանութիւններէն։ Անոր համաձայն՝ դաշինքը բաց է համագործակցութեան համար նաեւ նոր խորհրդարանի ձեւաւորումէն ետք։
«Հաւաքական ընդդիմութիւնը հնարաւորութիւն ունի՝ ճիշդ աշխատանքի դէպքում, հեռացնելու Նիկոլ Փաշինեանին իշխանութիւնից», յայտնեց Դանիէլեան։

