Լրահոս

Ֆրանսա.- Արցախի Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցաւ Փարիզի Եւ Ալֆորվիլի Քաղաքապետարաններուն Մէջ

Ապրիլ 13-ին Ֆրանսա այցելող արցախեան պատուիրակութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանի գլխաւորութեամբ, այցելած է Փարիզի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Փարիզի փոխքաղաքապետ, միջազգային համագործակցութեան գծով պատասխանատու Ատրի Փուլվարին հետ։

Հանդիպման ընթացքին Աշոտ Դանիէլեան երախտագիտութիւն յայտնած է Փարիզի քաղաքապետարանին՝ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած հետեւողական ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար՝ ընդգծելով, որ այդ աջակցութիւնը յատկապէս կարեւոր եղած է թէ՛ Արցախի շրջափակման ընթացքին, թէ՛ անոր յաջորդած ծանր եւ ողբերգական զարգացումներու ժամանակաշրջանին։

Կողմերը քննարկած են Պաքուի մէջ ապօրինաբար  բանտարկուող հայ գերիներու ազատ արձակման հարցին շուրջ միջազգային իրազեկման եւ ճնշման միջոցներու աշխուժացման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ապաստանած արցախցիներու ընկերա-տնտեսական խնդիրները եւ անոնց կարիքներուն հասցէական լուծման ուղիները։ Առանձին անդրադարձ կատարուած է Արցախի ժողովուրդին անվտանգ, արժանապատիւ եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացման կարեւորութեան։

Հանդիպման աւարտին ձեռք բերուած է նախնական համաձայնութիւն՝ մօտ ապագային Երեւանի մէջ համատեղ միջոցառում կազմակերպելու վերաբերեալ։

Նոյն օրը պատուիրակութիւնը այցելած է Ալֆորվիլ քաղաք, ուր հանդիպում ունեցած է քաղաքապետ Լիւք Քարվունասի, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իզապել Սանթիակոյի եւ փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեանի հետ։

Advertisement Subscribe Today

Հանդիպման ընթացքին կողմերը բարձր գնահատած են Ալֆորվիլի քաղաքային խորհուրդի եւ բնակչութեան կողմէ տարիներ շարունակ ցուցաբերուած աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան՝ ընդգծելով, որ այդ աջակցութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցած է նաեւ Արցախի դէմ իրականացուած յարձակումներու ընթացքին։ Քննարկուած են նաեւ հետագայ համագործակցութեան ընդլայնման եւ շարունակականութեան ապահովման կարելիութիւնները։

Հանդիպումներուն մասնակցած են նաեւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, ԱԺ նախագահի խորհրդական, Հ.Յ.Դ. Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան եւ Արցախի թեմական խորհուրդի նախագահ Լեռնիկ Յովհաննիսեան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button