ՏԱԹԵՒԻԿԵԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԵԼՈՅԹ` ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

Սո­վո­րու­թիւն եղած է որ գրե­թէ տա­րին մէյ մը, Տա­թե­ւիկ Յով­հան­նէս­եան իր իւ­րա­յա­տուկ ճազ երաժշ­տու­թեան յայ­տագ­րով ելոյթ ու­նե­նայ Պոս­թը­նի մէջ: Աւե­լին, վեր­ջերս վայրն ալ ան­փո­փոխ մնա­ցած էր:

Ար­դա­րեւ, հան­րա­ծա­նօթ “Ռե­կա­թա“ (“Չարլզ“ պան­դոկ, Քէյմպ­րիճ) սրա­հին մէջ, իր կող­քին ու­նե­նա­լով դաշ­նա­կա­հար Պոպ Ալ­պան­մե­զէն, բամբ-ջու­թա­կա­հար Ճօ Ֆից­ճե­րըլտն ու թմբա­կա­հար Տէյ­վիտ Մի­տըն, Տա­թե­ւիկ ան­գամ մը եւս մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց, իր շուրջ հա­ւա­քե­լով հայ թէ օտար հան­դի­սա­տես­ներ եւ յատ­կա­պէս ճազ երաժշ­տու­թեան սի­րա­հար­ներ:

Ան կա­մուրջ մը ստեղ­ծեց զա­նա­զան երանգ­ներ իրար մի­աց­նե­լով ու ներ­դաշ­նա­կու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով: Ան եր­գեց քա­նի մը լե­զու­նե­րով,նոյ­նիսկ սկսե­լով Պրա­զիլ­ի­ա­կան “սամ­պա“ով եւ ան­շուշտ Կո­մի­տա­սէն ու Սա­յաթ Նո­վա­յէն ալ ար­դի ճազ կշռոյ­թով կտոր­ներ, որոնց մի­ջեւ, մերթ ընդ մերթ վերս­տին կը հնչէր անգ­լե­րէ­նը, սամ­պան ու պո­սա-նո­վան:

Հան­դի­սա­տե­սին հա­մար ան­գամ մը եւս կարճ թուե­ցաւ այս հա­մեր­գը: Այն­քան մը խան­դա­վառ ու ճոխ երաժշ­տու­թեամբ տար­ուած, շտա­պօ­րէն ին­նի­սուն վայրկ­եան­ներ ան­ցած էին ար­դէն իսկ եւ Տա­թե­ւիկ հայ­կա­կան ճոխ տոհ­միկ եր­գով մը կը ներ­կա­յաց­նէր օր­ուան վեր­ջին գոր­ծը:

Յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­ներ եւ հա­մերգ­ներ, աւե­լի գոհ պի­տի պա­հէ Մա­սա­չու­սէ­ցի “Տա­տե­ւիկ“եան ոճով, էթ­նիքճազ երաժշ­տու­թեան սի­րա­հար­նե­րը` հայ թէ օտար:

Շու­տա­փոյթ կը սպա­սենք յա­ջորդ հա­մեր­գին:

Ներ­կայ մը

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles