Լրահոս

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Կը Գուժէ Կամաւորականներ Կիմ Խաչատրեանի Եւ Մայիս Նազարեանի Նահատակութիւնը


Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը գուժէ Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ընկեր ԿԻՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի եւ Հ․Յ․Դ․ Էջմիածինի «Վաչէ Ռոստոմեան» կոմիտէութեան համակիր ընկեր ՄԱՅԻՍ ՆԱԶԱՐԵԱՆի նահատակութիւնը:

Անոնք Արցախ մեկնած էին Հ․Յ․Դ․ կամաւորական վաշտերէն մէկուն կազմին մէջ, զոհուած են 31 հոկտեմբերին` առաջնագիծին մէջ մղուած մարտերուն ընթացքին:

Հայկական բժշկական հիմնարկի 5-րդ տարուան ուսանող Կիմ Խաչատրեանը արդէն որոշ շրջան մըն է, որ առաջնագիծ էր, ուր մեկնած էր Հ․Յ․Դ․ կամաւորական վաշտերէն մէկուն կազմին մէջ ընդգրկուելով:

Շնորհալի, կեանքին մէջ ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով առաջնորդուող, հայրենիքը անսահման սիրող Կիմը ծնած է 17 մարտ 1995-ին` Վայոց Ձորի մարզի Արենի գիւղին մէջ: 2013-2015 ծառայած է Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ, Մեղրիի շրջանին մէջ:

Հոկտեմբեր 5-ին` Ուսուցիչի օրը, Կիմը հրապարակած էր ուսուցիչի հետ իր լուսանկարը եւ գրած. «Ուսուցչի օրը՝ Իմ կեանքին սթափ նայելու ու հայրենիքի հանդէպ պարտքի զգացում սերմանած ուսուցիչ: Քո դասերից է, որ հիմա ամաչում եմ քաղաքացիական հագուստով ման գալ»: Իսկ ռազմաճակատ մեկնելու օրը Կիմը ընկերային ցանցերու իր էջին մէջ հրապարակած էր հետեւեալ բանաստեղծութիւնը.-

Բախտը մէկն է զինուորի`
Կամ մահ, կամ ազատութիւն:
Վառօդդ պահիր միշտ պատրաստ ու չոր,
Նշանահատիկդ միշտ ճշդուած պահիր,
Որ գնդակն անցնի ճիշդ սրտի միջով,
Եւ նրան յանձնի անաչառ մահին:
Կռուի մէջ չկայ գթութեան խնդիր,
Եւ ոչ էլ խղճի գերակայութիւն,
Խղճիդ հետ երբեք դաշինք մի՛ կնքիր
Այլապէս խիղճդ կը դառնայ քեզ թոյն:
Թշնամուցդ աւելի եղիր անողոք,
Լուծիր հնացող ցաւը վրէժի,
Թող քեզ չյուզեն կական ու բողոք,
Երբ քո խնդիրը մահն է հրէշի:
Թող որ թշնամիդ անիծի զարկդ,
Ոսոխիդ մայրը թող քեզ նզովի,
Բազուկդ սակայն կ՛օրհնի քո ազգը,
Եւ քաջութիւնդ երգով կը գովի:

Advertisement Donate Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button