Երեւանի Մէջ Կայացած Միջազգային Համաժողովին Փաշինեան Հակահայկական Յայտարարութիւններ Կը Կատարէ

Յարութ Սասունեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 17 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ ելոյթ ունեցաւ «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմադրողականութիւն» խորագիրով միջազգային համաժողովին, զոր կազմակերպած էր «Կիներ եւ համաշխարհային ապահովութեան ճարտարապետութիւնը» ուղեղային կեդրոնը: Ներկաներու շարքին էին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆինլանտայի դեսպանները:
Իր ծաւալուն խօսքին մէջ Փաշինեան հանդէս եկաւ շարք մը յայտարարութիւններով, որոնք կը հակասեն Հայաստանի ազգային շահերուն՝ խոստովանելով, որ բազմաթիւ զիջումներու դիմած է՝ ակնկալելով հասնիլ խաբուսիկ խաղաղութեան: Ան իր մօտեցումը բնութագրեց իբրեւ խուսափում «փինկ փոնկի»՝ «մեխանիկական փոխադարձութեան» քաղաքականութենէն:
Փաշինեանի գլխաւոր սխալը այն է, որ ան միամտօրէն կը հաւատայ եւ կը փորձէ համոզել դիւրահաւատ հայ հանրութիւնը, թէ խաղաղութիւն հաստատած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Որքան ալ ան կրկնէ իր կեղծ պնդումը՝ գոյութիւն չունեցող խաղաղութեան մասին, Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կը հրաժարի ստորագրել համաձայնեցուած խաղաղութեան պայմանագիրը՝ նոյնիսկ յայտարարելէ ետք, թէ ինք թելադրած է առաջարկուող բնագիրին բոլոր 17 կէտերը: Ան տակաւին չէ աւարտած Փաշինեանէն զիջումներ կորզելու իր պահանջները: Ինչո՞ւ Ալիեւ կանգ պիտի առնէ, երբ կը տեսնէ, թէ Փաշինեան կ՛ընդունի իր բոլոր պահանջները: Նոյնիսկ 8 Օգոստոս 2025-ին Սպիտակ տուն այցելելէ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի ու Փաշինեանի հետ հանդիպելէն ետք (իբր թէ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու նպատակով)՝ Ալիեւ հրաժարեցաւ ստորագրել զայն: Ան պարզապէս նախաստորագրած է փաստաթուղթը:
Առանց անդրադառնալու, Ալիեւ մեծ ծառայութիւն կը մատուցէ Հայաստանին՝ հրաժարելով ստորագրել այսպէս կոչուած խաղաղութեան պայմանագիրը, որ լի է Ատրպէյճանին կատարուելիք զիջումներով: Ան բազմիցս պահանջած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, պահանջ մը, որուն Փաշինեան հնազանդօրէն համաձայնած է: Այս պահանջը կրնայ վճռորոշ դեր խաղալ խաղաղութեան պայմանագիրի ճակատագիրին հարցով, եթէ Հայաստանի քաղաքացիները հանրաքուէի միջոցով հրաժարին հաստատել նոր սահմանադրութիւնը:
Փաշինեան կեղծօրէն յայտարարեց, թէ՝ «Երկրի արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւնը միջազգայնօրէն ճանաչուած քաղաքական ու իրաւական սկզբունքների վրայ հիմնելը օգնել է վերացնել Հայաստանի` սպառազինութեան միջազգային շուկաներ մուտք գործելու նախկին խոչընդոտները»: Ահա թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ անկարող «ղեկավարը» Հայաստանի Հանրապետութեան անունով տգիտութեան վրայ հիմնուած որոշումներ կայացնէ: Սպառազինութեան միջազգային վաճառքը չի հիմնուիր երկրին սահմաններուն կամ քաղաքականութեան վրայ․ ան գլխաւորաբար հիմնուած է գնումի դիմաց տուեալ երկրի վճարունակութեան վրայ: Ոչ ոք հետաքրքրուած է երկրին ներքին կամ արտաքին խնդիրներով։ Վաճառողը միայն հետաքրքրուած է, թէ՝ դրամ ունի՞ս, թէ՞ ոչ. այսպէս կը գործէ միջազգային առեւտուրը: Զէնք արտադրող երկիրները պատրաստակամ են զանոնք վաճառելու իւրաքանչիւր վճարունակ գնորդի՝ անկախ անկէ, թէ վերջինս կը խախտէ՞ մարդկային իրաւունքները կամ միջազգային իրաւունքը, թէ՞ ոչ:
Համաժողովին ընթացքին Փաշինեանի արտայայտած ամէնէն անմիտ գաղափարը այն էր, թէ՝ «Մենք եղել ենք Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը կորցնելուց 5 վայրկեան պակաս»: Ան նկատի ունէր 2022 թուականի սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի արեւելեան հատուածներու բռնագրաւումը: Ատրպէյճան կրցաւ կատարել այդ յարձակումը, որովհետեւ Փաշինեան՝ իբրեւ զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար, հրամայած էր պատասխան կրակոց չարձակել, երբ Ատրպէյճանցի զինուորները հատած էին Հայաստանի սահմանները:
Հայաստանը այժմ կործանման եզրին է Փաշինեանի՝ Ատրպէյճանին ըրած բազմաթիւ զիջումներուն պատճառով, որոնք միայն կը քաջալերեն Ալիեւը՝ աւելին պահանջելու: Ինչո՞ւ ան կանգ պիտի առնէ, երբ կը տեսնէ, որ Հայաստանի վարչապետը պատրաստ է իրեն տալու ամէն ինչ, զոր ան կը պահանջէ։ Մինչեւ 2018՝ Փաշինեանի իշխանութեան գալը,Հայաստան ի վիճակի էր պաշտպանելու իր տարածքն ու ինքնիշխանութիւնը: Փաշինեանի անկարող ղեկավարման եւ Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած սադրիչ գործողութիւններուն ու յայտարարութիւններուն իբրեւ հետեւանք Արցախը կորսուեցաւ, եւ շուտով, թերեւս, պիտի կորսուի նաեւ Հայաստանը:
Իր ելոյթին մէջ Փաշինեան քննադատութեան թիրախ դարձուց պատմութեան անանուն ուսուցիչ մը, որ, ըստ լուրերու, աշակերտներուն ըսած էր. «Երեխանե՛ր, գիտցէ՛ք, որ դուք պէտք է մեծնաք եւ երթաք Մուշն ու Վանը ազատագրելու»: Ոչ ոք գիտէ՝ արդեօք այս պատմութիւնը ճի՞շդ է, թէ՞ ոչ, բայց հարցը այն է, որ Փաշինեան, որ առանձինն կը կայացնէ երկրին վերաբերող բոլոր որոշումները, այժմ կը փորձէ թելադրել, թէ ուսուցիչը իբր թէ ի՛նչ ըսած է իր աշակերտներուն: Փաշինեան իրաւունք չունի միջամտելու դասարանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն․ ան ունի լուծելիք շատ աւելի կարեւոր խնդիրներ, որոնցմով պէտք է զբաղի: Ան չի գիտակցիր, որ ժողովրդավարական երկրի մէջ անհատները ազատ են արտայայտուելու: Ոչ մէկ պետական պաշտօնեայ պէտք է ճնշում գործադրէ մարդոց վրայ՝ թելադրելով, թէ անոնք ի՛նչ նիւթերու մասին կրնան խօսիլ: Իրավիճակը բոլորովին տարբեր է, երբ խօսքը կը վերաբերի վարչապետին յայտարարութիւններուն: Ան պէտք է Թուրքիայէն ո՛չ հայկական հողեր պահանջէ, ո՛չ ալ յայտարարէ, թէ նման պահանջներ չունի: Սովորական անձի մը ըսածը որեւէ հետեւանք չ՛ունենար, մինչդեռ վարչապետին խօսքը կրնայ քաղաքական եւ ռազմական լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Այդ իսկ պատճառով՝ ան պարզապէս պէտք է լռէ:
Թէեւ Հայաստանի կառավարութիւնը այս պահուն քիչ բան կրնայ ընել Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի կորսուած տարածքներուն հարցով, բայց եւ այնպէս այդ չի նշանակեր, թէ այդ հողերը պէտք է մոռացութեան մատնուին: Օր մը, երբ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը փոխուի, հայերը կրնան ձգտիլ ետ ստանալու իրենց կորսուած տարածքները, սակայն միայն այն պարագային, եթէ հրաժարած չեն անոնցմէ: Նման իրավիճակ կրնայ ստեղծուիլ ապագային, երբ Փաշինեան արդէն վաղուց հեռացած պիտի ըլլայ ասպարէզէն: Մինչ այդ, ան պէտք չէ մնայուն կերպով միտի մեր պատմական իրաւունքները զիջելու թշնամիներուն:

