Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը

Հայաստանի մէջ Սեպտեմբեր 25-28-ին պիտի գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովը։
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյին կողմէ հրաւիրուած համահայկական այս հաւաքին պիտի մասնակցին շուրջ քսան երկիրներէ ժամանած՝ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Հ․Յ․Դ․ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Խորհրդաժողովին նպատակն է գնահատել կառոյցներուն նախընթաց աշխատանքները, քննարկել եւ համադրել յառաջիկայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ կատարել մարտավարական որոշ վերանայումներ։
Օրակարգին առանցքը կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած արտաքին քաղաքական հիմնական մարտահրաւէրներու քննարկումը, ինչպէս նաեւ այդ մարտահրաւէրներուն յաղթահարման գործին մէջ Հայ Դատի համակարգին ներուժին նպատակային օգտագործումը։
Միջոցառման պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 25-ին, ժամը 12:00-ին, «Էլիթ Փլազա» գործարարական կեդրոնի «Մանթաշով» սրահին մէջ։

