Այսօր

«Հայրենիք» շաբաթաթերթը այսօր օժտուած է հրատարակչական համակարգչային արդիական դրութեամբ։ Խմբագրական կազմը ամէն ճիգ կը թափէ պահելու համար շաբաթաթերթի աւանդները։ Իր էջերով «Հայրենիք» կը փորձէ բաւարարութիւն տալ ամէն ճաշակի ու տարիքի, միշտ յատուկ կարեւորութիւն տալով նաեւ ընթերցողին կարծիքին։

«Հայրենիք» շաբաթական յաճախականութեան տուած հնարաւորութիւնների ծիրին մէջ կը փորձէ կեդրոնանալ շաբթուան իրադարձութիւններուն շուրջ եղած վերլուծումներու եւ ամփոփիչ հաղորդումներու վրայ։ Անպայման, սակայն, իր տեղը կը գտնէ գաղութիս, սփիւռքեան կամ հայրենական կարեւոր  իրադարձութիւններու լրատուութիւնը։

Շաբաթաթերթը իր սիւնակներով եւ լրատուական հաղորդումներով կը փորձէ նաեւ միացնող օղակ հանդիսանալ ընթերցողներուն եւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն լծուած կառոյցներուն միջեւ։

2002 տարուան սկիզբը «Հայրենիք»ը միացաւ նաեւ Internet-ին, քայլ պահելու համար ժամանակի թաւալումին հետ։

Սակայն «Հայրենիք»ը կը դիմագրաւէ միեւնոյն դժուարութիւնները, ինչ որ հայ մամլոյ ընտանիքի մնացեալ անդամները, յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Օրէ օր կը նուազի հայ ընթերցողի թիւը։

HAIRENIK Weekly
80 Bigelow Avenue,
Watertown, MA 02472
Telephone: (617) 926-3974
Fax: (617) 926-1750
hairenikweekly@hairenik.com
Ծանուցումներու համար ads@hairenik.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button