Լրահոս

Արցախցիներուն Հարցերուն Վերաբերող Քննարկումին՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի Պատգամաւորները Լքեցին Ազգային ժողովը

ԵՐԵՒԱՆ.- «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի Պատգամաւորները Դուրս Եկան Արցախցիներուն Հարցերուն Վերաբերող Քննարկումէն, Երբ Յիշուեցան Արցախի Պետական Մարմինները
23 Սեպտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ արցախցիներու ընկերային-տնտեսական եւ իրաւական խնդիրներուն վերաբերեալ քննարկում՝ կազմակերպութեամբ Ազգային ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնաժողովին, զոր կը ղեկավարէ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը: Քննարկման ներկայ էին խորհրդարանական երեք խմբակցութիւններու պատգամաւորներ, նաեւ ներկայացուցիչներ պետական գերատեսչութիւններէն։

Քննարկման մեկնարկէն մօտ 20-30 վայրկեան անց «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի պատգամաւորներն ու կառավարութեան ներկայացուցիչները լքեցին նիստերու դահլիճը, երբ յիշատակուեցան Արցախի պետական մարմինները, օրինակ, խորհրդարանական խմբակցութիւնները:

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի պատգամաւորները իբրեւ հեռանալու պատճառ նշեցին քննարկման ընթացքին հնչած ձեւակերպումները` մասնաւորաբար՝ «Արցախի խորհրդարանի ներկայացուցիչներ», «Արցախի խմբակցութիւնները ներկայացնող պատգամաւորներ» եւ նման այլ արտայայտութիւններ:

Քննարկման մեկնարկին Գալստեան յայտարարեց, որ նիստին ներկայ են Արցախի խորհրդարանական խմբակցութիւնները` ներկայացնելով նաեւ անոնց ղեկավարներուն անունները:

Աշխատանքի եւ բարեկեցութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ, «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի պատգամաւոր Մարիամ Պօղոսեան յայտարարեց, որ իրենք բազմիցս յայտնած են, թէ Հայաստանի մէջ երկրորդ պետութիւն չեն հանդուրժեր, հետեւաբար յայտարարութիւնը, թէ` «ներկայ են Արցախի պաշտօնեաները», իրենց համար անընդունելի է:

Advertisement Donate Today

Քննարկման ներկայ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արա Ղազարեան այս դէպքին անդրադառնալով՝ նշեց, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի պատգամաւորներուն քայլը կը յիշեցնէ միջազգային կառոյցներուն մէջ ատրպէյճանցիներուն վարքը, երբ անոնք եւրոպական կառոյցներու մէջ կը պահանջեն չյիշատակել Արցախը։

«16 տարի է Ատրպէյճանի դէմ վարոյթներում եմ, հէնց առաջին գործերից Ատրպէյճանը պահանջում էր Եւրոպական դատարանից չօգտագործել Արցախի հայկական անուանումները, պետական, հանրային մարմինների փաստաթղթերը: Հէնց առաջին օրուանից Եւրոպական դատարանը մերժել է, որովհետեւ գործում էր հանրային իրաւունքը, Եւրոպական դատարանը նոյնիսկ Արցախի դատարանների որոշումներն է ճանաչել լեգիտիմ ակտեր (օրինական որոշումներ) եւ դրանց հիման վրայ որոշումներ կայացրել: Գուցէ զուգահեռս տեղին չէր, բայց կարծում եմ` կան աղերսներ», դիտել տուաւ Ղազարեան:

Քննարկման ընթացքին նախ խօսք առաւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեանը, որ ընդգծեց` արցախցիները մինչեւ իրենց վերադարձի իրաւունքի իրացումը Հայաստանի մէջ պէտք է ապրին բարեկեցիկ պայմաններու մէջ: Այդ առումով ըսաւ՝ թիւ մէկ խնդիրը բնակարանային ապահովման հարցն է:

«Արցախ» միութեան ղեկավար Արտակ Բեգլարեան նոյնպէս շարք մը հարցերու կարգին առանձնացուց բնակարաններու հարցը: Նշեց` իրավիճակը ծայրայեղ վատթարացաւ, երբ պետութիւնը դադրեցուց վարձքերու վճարումներ տրամադրելը: Ըստ անոր` արցախցիներուն մօտ աղքատութեան ցուցանիշը կը հասնի 60-70 տոկոսի: Նոյնքան աշխատունակ արցախցիներ անգործ են:

Բեգլարեան յատուկ կերպով առանձնացուց ատելութեան խօսքն ու արտայայտութիւնները արցախցիներուն նկատմամբ` նշելով, թէ այս հարցը պէտք է ըլլայ պետական հոգածութեան ներքոյ, ոչ թէ պաշտօնատարները իրենք հանրայնացնեն ատելութեան խօսք: Մեղադրեց իրաւապահները՝ այս հարցով ընտրողաբար գործելու մէջ:

Դժգոհելով քաղաքացիութեան ձեռք բերման ժամկէտներէն՝ Բեգլարեան ըսաւ, որ Յունուարին ներկայացուած դիմումները հաստատուած են Յուլիս-Օգոստոսին: Ընդունեց` կայ լիազօր մարմնի ծանրաբեռնուածութեան հարցը, բայց շեշտեց` պետութիւնը պէտք է բաւարար քայլեր գործադրէ, որովհետեւ քաղաքացիութեան ձեռք բերումը ուղիղ կապ ունի բնակարան ձեռք բերելու հարցին հետ:

«Հայաստան» դաշինքէն Գեղամ Մանուկեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ ցարդ հաստատագիր ստանձնած է 8 հազար հոգի, սակայն օգտագործած է ընդամէնը կէսը` 4 հազարը: Ըստ անոր՝ դիւրին ընթացած է հանրակրթական ոլորտին մէջ համարկումը, սակայն վիճակը այնքան ալ յուսադրող չէ բարձրագոյն կրթութեան պարագային:

Լիլիթ Գալստեան  շեշտեց, որ արցախցիներուն հարցերը այնքան լուրջ են, այնքան խորն են, այնքան համատարած են, որ անոնք ամէնօրեայ ուշադրութեան, լուծման անհրաժեշտութիւն ունին:

«Այսօր Ազգային ժողովում քննարկելու ենք մեր ժողովրդի համար շատ կենսական հարցերի մի մեծ շրջանակ, որոնք վերաբերում են արցախահայերի սոցիալական (ընկերային), տնտեսական եւ իրաւական այն մարտահրաւէրներին, որ նրանք դիմագրաւում են այսօր Հայաստանում: Արցախի Հանրապետութիւնում Ատրպէյճանի կողմից իրականացուած հետեւողական ագրեսիայի (յարձակումին) եւ ցեղասպանական գործողութիւնների արդիւնքում մեր հայրենակիցները գրեթէ ուղիղ երեք տարի առաջ ենթարկուեցին ցեղասպանական գործողութեան, բնիկ զտման եւ 120,000 մեր հայրենակիցներ հարկադրուած էին լքել իրենց հազարամեակների բնօրրանը եւ ապաստան գտնել հայրենիքում: Բռնի տեղահանումը բնականաբար մարդասիրական, իրաւական, սոցիալական, տնտեսական, մշակութային, հոգեբանական, բազմաթիւ, բազմաթիւ եւ բազմաշերտ խնդիրներ առաջացրեց», մանրամասնեց ան։

Գալստեան շեշտեց, որ այսօր արցախցիները, հակառակ բազում խնդիրներուն, տակաւին կը շարունակեն գոյատեւել. «Անցնող երեք տարիների ընթացքում այդ խնդիրները արժեւորման, վերլուծման կամ գնահատման չեն ենթարկուել», ընդգծեց ան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button