
Շաբաթ Հոկտեմբեր 25-ին, Ուաթըրթաունի “Հայ Կեդրոն“ին մէջ, նշուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան 124-ամեակը: Օրուան հանդիսավարն էր Ցոլեր Աւետիսեան, որ յայտնեց թէ 124 տարի շարունակ իր հաւատարիմ եւ համեստ անդամներով, երիտասարդներով, ուսանողներով եւ մտաւորականներով կը պաշտպանէ հայ ժողովուրդին բովանդակ շահերը, սկսելով Հայաստանէն եւ Արցախէն մինչեւ սփիւռքահայ զանազան օճախներ:
Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Մեղրիկ Տէր Վարդանեանը, որ մեներգէ Ա.Մ.Ն.-ի եւ Հ.Հ.-ի քայլերգները:
Տեղւոյն “Սարդարապատ“ Կոմիտէի պատգամը փոխանցեց Յովհաննէս Ճանէսեան թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ՛ եւ պիտի շարունակէ՛ մնալ պատնէշի վրայ:
Օրուան բանախօսը՝ Մուրատ Թոփալեան, շեշտեց թէ միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չէ, որ այսօր կը տօնէ իր 124-ամեակը, այլ հայութիւնը: Ան հրահրեց երիտասարդութեան, որպէսզի շարունակեն բարձր պահել հայութեան իրաւունքներուն եւ Հայ Դատին վառ ջահը:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի խօսքը փոխանցեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ արագ ակնարկ մը նետելով անցեալին վրայ, շեշտեց թէ 1890-ին ծնունդ առաւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ այդ մէկը պատմական անհրաժեշտութիւն մըն էր: Գաղափար մը եւ անոր ետին կանգնած մտաւորականութիւն մը, որ կը խօսէր համայն հայութեան խղճին եւ սրտին:
Ան եզրակացուց թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պիտի գործէ յարս հայութեան եւ Հայ Դատին:
Ապա, ճոխ սեղաններու շուրջ, օրուան հաւաքը աւարտեցաւ Գառնիկ Սարգիսեանի ելոյթով, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:
Ուսթըրի “Վալ՛զ“ ճաշարանին մէջ, Կիրակին Հոկտեմբեր 26-ին, նշուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան 124-ամեակը, տեղւոյն “Արամ“ կոմիտէի կազմակերպութեամբ: Հայր Սահակ Եմիշեանի աղօթքէն ետք, օրուան հանդիսավարը՝ Յովիկ Չարշաֆեանը, բեմ հրաւիրեց “Արամ“ կոմիտէութեան ներկայացուցիչը՝ Ճորճ Աղճայեանը, որ իր խօսքին մէջ, փոխանցեց թէ պատմութիւն կերտած այս շրջանը, վերակենդանացման եւ վերաշխուժացման ժամանակաշրջան մը կ՛ապրի: Եւ ասոր արդիւնք վերջին հինգ տարիներուն, հինգ երիտասարդներ շարքերէն ներս, մուտք գործած են:
Օրուան բանախօսն էր Պոսթընէն հրաւիրուած, “Հայրենիք“ի նախկին խմբագիր՝ Խաժակ Մկրտիչեան, որ պատմական հակիրճ զեկուցումէ ետք, ներկայացուց ներկայ իրավիճակը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի մէջ:
Հանդիսութեան աւարտին, Պոսթընէն ժամանած “Արեւ“ խումբը ելոյթ ունենալով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: