
Նոյեմբեր 22-ին, Քէօլնի երաժշտական բարձրագոյն դպրոցի ուսանող, փողահար (սաքսոֆոն) Հայրապետ Առաքելեան Տիւսելտորֆի պալատին մէջ, պետական նախարար Պեռնտ Նոյմանէն ստացաւ հինգ հազար եուրոյի խրախուսական կրթաթոշակ մը, որ սահմանուած է Հիւսիսային Ռայն- Վեսթֆալեան երկրամասի քրիստոնեայ ժողովրդավարներու աւագներու միութեան կողմէ: Տարեկան այս պարգեւը կը տրուի “Պատանի երաժիշտ” մրցումի այն մասնակիցին, որ պիտի շարունակէ երաժշտական խորացեալ ուսուցումը: Հայրապետ Առաքելեան երրորդ երաժիշտն է, որ արժանացած է այս կրթաթոշակին: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին պետական նախարարը խօսեցաւ Գերմանիոյ մէջ բազմաբնոյթ եզակի մշակոյթի առկայութեան մասին` շեշտելով որ քաղաքական գործիչներու համար առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն է խրախուսել այս բազմաբնոյթ մշակոյթը: Երկրամասային երաժշտական խորհուրդի ներկայացուցիչ Միքայէլ Պենտեր խօսք առնելով` ներկայացուց Հայրապետ Առաքելեանը եւ անոր կենսագրութիւնը: Ան շեշտեց, որ մրցանակակիր երաժիշտը բացառիկ տաղանդ է: