ԳլխաւորԽմբագրական

ՀԱՊԿ-ը․․․ «Թուղթէ Վագր»-ն ու Հայաստանը

 

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

«Բայց երբ գործելու ժամանակը գայ, ի՞նչ օգուտ ունիք։ Թուղթէ վագր մը տեսնելով՝ վախէն կը ճչաք»;

Չինական իմաստուն խօսք (14-րդ դար)

Դարեր առաջ գործածուած է այս խօսքը, որ վերստին յիշատակեց Համայնավար Չինաստանի ղեկավար Մաօ Ցէ Թունկը 1946-ին, ամերիկացի լրագրողի մը հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ արծարծելով Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի հիւլէական ռումբերու գործածութիւնը: Ան բաղդատած էր հիւլէական ռումբը այդ «թուղթէ վագր»-ին (paper tiger), զոր, ըստ իրեն, ամերիկացի յետադիմականները կը գործածեն ժողովուրդը վախցնելու համար։ Ան սարսափելի կը թուի, բայց իրականութեան մէջ այդպէս չէ։

Advertisement Subscribe Today

Վերջերս, Ա.Մ․Ն.-ի նախագահ Թրամփն ալ գործածած էր այս եզրոյթը՝ արհամարհելով ՆԱԹՕ-ն։

«Թուղթէ վագր»-ը այնպիսի անձի կամ բանի համար գործածուող դարձուածք մըն է, որ արտաքինէն հզօր, կատաղի կամ վտանգաւոր կը թուի, սակայն իրականութեան մէջ տկար, անվնաս եւ մարտահրաւէրի մը դիմաց հակադարձելու անկարող է։

Արդեօ՞ք Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնն ալ կը նմանի «թուղթէ վագր»-ի մը, որ իր ծննդոցէն ի վեր պարզապէս փրոթոքոլային օրէնքներով, թուղթի վրայ արձանագրուած կազմակերպութիւն մըն է:

1992-ին մտայղացուած եւ 1994-ին պաշտօնապէս հիմնուած այս կազմակերպութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Ռուսիան,Պելառուսիան, Ղազախստանը, Տաճիկիստանը, Խըրխզիստանն ու Հայաստանը, մասամբ մը կը նկատուի «Վարշաւիոյ Ուխտ»-ի փոխարինումը։ Տասնեակ մը տարիներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ստեղծուած պայմաններն ու գործունէութեան դաշտը սահմանափակ են։

Յիշատակելի է Յունուար 2022-ին, ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահներու ժամանումը՝ Ղազախստան, ներքին խռովութիւնները կասեցնելու եւ անդորրութիւն հաստատելու համար։

2020-ին, Արցախի պատերազմի օրերուն, ՀԱՊԿ-ն ոչ մէկ օգնութիւն ցուցաբերեց Հայաստանին, ներդրում ալ չունեցաւ, դեռ աւելի՛ն. քաղաքական գնահատական չկատարեց հայկական տարածքներու բռնագրաւման առնչութեամբ:

Այս գծով հարցը այնքան մը բարդ, խրթին եւ պղտոր է, որ կարելի չէ յստակ մեկնաբանութիւններու եւ եզրակացութիւններու յանգիլ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, թէ Արցախի պատերազմին թղթածրարը կը մնայ ոչ ամբողջական եւ անհասանելի:

Դէպքերը ցոյց կու տան, թէ, ՀԱՊԿ-ի անդամ ըլլալով, Հայաստան ոչ մէկ օժանդակութիւն ստացած էր, եւ դեռ աւելի՛ն՝ բաւարար աշխատանք չէր տարած այդ գծով ահազանգ հնչեցնելու այդ կազմակերպութենէն ներս:

Երեւանը արդէն չորրորդ տարին է, որ պոյքոթի ենթարկած է այս ռազմական դաշինքի աշխատանքները, իսկ Փետրուար 2024-էն ի վեր նաեւ սառեցուցած է ՀԱՊԿ-ին իր անդամակցութիւնը, բնականաբար դադրեցնելով նաեւ անդամավճարը, որուն հիման վրայ, կազմակերպութեան անդամ երկիրները կը պատրաստուին Հայաստանի նկատմամբ միջոցներու ձեռնարկել:

Դեռ վերջերս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը տեղեկացուցած էր, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանին ձայնի իրաւունքէն զրկելու հարցը պիտի քննուի յառաջիկայ Նոյեմբերին նախատեսուած գագաթնաժողովին։ Ասոր կողքին, ՀԱՊԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչն ալ շեշտած էր, որ Հայաստանին ՀԱՊԿ-ի մէջ քուէարկելու իրաւունքէն զրկելու որոշումը պիտի կատարուի համախոհութեամբ։

«Ազգընտիր» վարչապետ Փաշինեանն ալ, անցեալ Յունիսին նշած էր, որ զինք չի մտահոգեր ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի հեռացման գործընթացը։

Մոսկուան ունի Հայաստանի դիրքորոշումը յստակեցնելու լուրջ ռազմավարական պատճառներ։ Հայաստանի պաշտօնական դուրս գալը շատ աւելի ուժեղ քաղաքական պատգամ մը կրնայ փոխանցել։

Մոսկուայի ներկայ մօտեցումը միաժամանակ կ՛ընդգրկէ ճնշում եւ գործօն անդամ դառնալու վերադարձի բաց հրաւէր։ Ռուսիոյ գլխաւորած անվտանգային համակարգի անդամ պետութիւն մը հասած է այն եզրակացութեան, թէ այդ դաշինքը այլեւս իրեն համար բաւարար անվտանգային արժէք չի ներկայացներ։ Միաժամանակ, նման քայլ մը կրնայ քաջալերել յետխորհրդային այլ պետութիւններ՝ վերանայելու Ռուսիոյ գլխաւորած կառոյցներու արդիւնաւէտութիւնը, օգտակարութիւնն ու արդիւնքը։

Հետեւաբար, Մոսկուայի համար Հայաստանի հեռացումը կը նշանակէ ոչ միայն անդամի մը կորուստ, այլ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութեան թուլացումը։

Հայաստանի պաշտօնական անդամակցութեան շարունակութիւնը, նոյնիսկ առանց գործօն մասնակցութեան, Ռուսիոյ հնարաւորութիւն կու տայ նշելու, որ Երեւան ամբողջութեամբ չէ լքած դաշինքը։

Յստակ է, թէ Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի յարաբերութիւնները հասած են խաչմերուկի։

Աւելի քան երկու տարի «սառեցուած մասնակցութեան» բանաձեւը Երեւանին հնարաւորութիւն տուած է խուսափելու Մոսկուայի հետ անմիջական առճակատումէ՝ միաժամանակ հեռաւորութիւն պահելով այդ անգործօն եւ ապարդիւն դաշինքէն։ Սակայն արդեօք կարելի պիտի ըլլա՞յ այդ բանաձեւը պահպանել։

Հիմնական հարցը այն է, թէ արդեօք Հայաստան պիտի յաջողի՞ պահել սառեցուած անդամակցութիւնը որպէս դիւանագիտական պատուար, թէ ի վերջոյ պիտի կատարէ վճռական քայլը՝  ՀԱՊԿ-էն պաշտօնապէս դուրս գալ։

Հայաստան կը շեշտէ, որ երբեք մտադիր չէ վերադառնալ աշխուժ մասնակցութեան եւ կ’ակնկալէ, որ այս սառեցուած վիճակը պիտի շարունակուի։ Մինչդեռ ՀԱՊԿ-ն տակաւին Հայաստանը կը նկատէ լիիրաւ անդամ եւ այժմ կը զգուշացնէ, որ երկրին ապագայ դիրքորոշումը պէտք է յստակացուի։

Դժբախտաբար, հայրենի իշխանութիւնները, շարունակ ձգձգելով եւ ժամանակ շահելով, կը կարծեն, թէ դիւրութեամբ պիտի կարենան դիմագրաւել «թուղթէ վագր»-ի անտառի քաղաքականութիւնը, որ ուղղակիօրէն կապուած է Ռուսիոյ կողմէ հայկական ապրանքներու համատարած ներածման արգելքներուն ստեղծած ճգնաժամին:

Սպասողական իրավիճակ մը, որ պիտի լուծուի յառաջիկայ 11 Նոյեմբերին:

Մինչ այդ, տեղին է հարց տալ.- «Միթէ ամբողջ աշխարհը թուղթէ վագրի վերածուելու սեմին չէ՞ հասած»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button