Մոռցուած Ամերիկահայեր.- ԳԵՂԵՑԻԿ ՁԱՅՆԻ ՏԷՐ՝ ՔԷԹԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ (1925-1983)
Հայկական երաժշտութեան հանդէպ իր հետաքրքրութենէն մեկնելով, ամերիկահայ մեցօ-սոփրանօ Քէթի Պէրպէրեան դարձած է ժամանակակից երաժշտութեան նորարար անուններէն մէկը թէ՛ իբրեւ երգչուհի եւ թէ՛ իբրեւ երգահան։ 1966-ին հրատարակուած յօդուածի մը մէջ, ան ուրուագծած է ձայնի նոր դերը ժամանակակից երաժշտութեան մէջ, ուր երգիչը պէտք է իր ձայնը գործածէ ձայնային հոլովոյթի բոլոր բաժիններուն մէջ։
Բուն անունով՝ Քէթրին Անահիտ Պէրպէրեան, ծնած է Էթըլպորօ (Մասաչուսէց), 4 Յուլիս, 1925-ին։ 12 տարեկանին, ընտանիքը փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր աւարտած է Ճուլիա Ռիչմըն երկրորդական վարժարանը։ Կանուխ տարիքէն հետաքրքրուած է հայկական ժողովրդական երգ ու երաժշտութեամբ, ինչպէս եւ օփերային երաժշտութեամբ։ Դաշնակի, ձայնամարզութեան եւ հայկական պարի դասերու յաճախած է։ Դպրոցական տարիներուն եղած է հայկական ժողովրդական երգի խումբի մը տնօրէնն ու մեներգիչը։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Նիւ Եորք համալսարանին մէջ, սակայն ուսումը կիսատ ձգած է ու յաճախած՝ Քոլումպիա համալսարանի թատրոնի եւ երաժշտութեան գիշերային դասընթացքներուն։ 1948-ին մեկնած է Փարիզ, ուր երաժշտութեան դասեր առած է նշանաւոր սոփրանօ Մարիա Ֆրէօնտէն։ Յաջորդ տարի տեղափոխուած է Միլան, ուր յաճախած է տեղւոյն նշանաւոր երաժշտանոցը։
1950-ական թուականներու սկիզբներուն քանի մը ուսանողական արտադրութիւններու, ձայնասփիւռի հաղորդումներու եւ անպաշտօն համերգներու մասնակցելէ ետք, 1957-ին Պէրպէրեան առաջին անգամ պաշտօնապէս բեմ բարձրացած է Նափոլիի ժամանակակից երաժշտութեան փառատօնի մը ընթացքին։ Միլանի երաժշտանոցին մէջ, հանդիպած է ուրիշ ուսանողի մը՝ ապագայ աշխարհահռչակ երգահան Լուչիանօ Պերիոյին (1925-2003), որուն հետ ամուսնացած է 1950-1964-ին եւ ունեցած դուստր մը։ Դարձած է Պերիոն ներշնչող մուսան ու աշխատակիցը իրենց ամուսնութեան շրջանին եւ անկէ ետք։ 1950-1970ական թուականներուն, վերջինս քանի մը գործեր գրած է Պէրպէրեանի համար, եւ անոր մահէն ետք յատուկ գործ մը յօրինած է անոր յիշատակին, որ առաջին անգամ ներկայացուած է 1984-ին։
Ապրելով Միլանի մէջ, Քէթի Պէրպէրեան գործակցած է բազմաթիւ նորարար ժամանակակից երգահաններու հետ, ինչպէս Պերիօ, Ճոն Քէյճ, Տարիուս Միլօ, Իկոր Սթրաւինսքի եւ ուրիշներ։ Բազմաթիւ ձայնային սեռեր ներկայացուցած է դասական ծիրին մէջ, ներառեալ «Պիթըլզներ»-ու գործեր։ Մեկնաբանած է դասական եւ օփերային, աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու երգեր, ճազ եւ ռոք երգեր։ Հայկական երգին միշտ տեղ տուած է իր համերգներուն։ Իբրեւ երգահան, գրած է ինքնատիպ գործեր՝ “Stripsody” (1966) եւ “Morsicat(h)y” (1969)։ 1970ական թուականներուն, դասաւանդած է Գանատայի եւ Գերմանիոյ մէջ։ 1957-էն սկսեալ, աւելի քան երկու տասնեակ ձայնապնակներ ձայնագրած է։ Ձայնագրած է նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի «Չեմ կրնայ խաղայ» եւ «Գարուն ա» երգերը, որոնք1970-ին Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով հրատարակուած կրկնակ ձայնապնակի մը մաս կազմած են։
Կեանքի վերջին տարիներուն, Քէթի Պէրպէրեան առողջական լուրջ հարցեր ունեցած է գրեթէ ամբողջութեամբ կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը։ 7 Մարտ, 1983-ին, ծրագրուած էր իր ելոյթը իտալական հեռատեսիլի մէկ յայտագրին, սակայն նախորդ օրը մահացած է սրտի կաթուածէ Հռոմի մէջ։ Տեղի ունեցած է դիակիզում, իսկ Մարտ 13-ին աճիւնը փոխադրուած է Միլան, ուր եկեղեցական արարողութիւն կատարուած է Միլանի Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Յետ մահու, Քէթի Պէրպէրեանի գործերը լոյս տեսած են կամ վերահրատարակուած՝ շուրջ երկու տասնեակ խտասալիկներով։

