Թուրք-Քրտական Բանակցութիւններու Պատմական Եւ Ժամանակակից Ընթացքը

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին
Անցնող տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ մեծ թափով ընթացք առաւ իշխանութեան եւ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) միջեւ բանակցութիւնը, որ տարիներ առաջ, կամ առնուազն 2015-ի բանակցութիւններու փլուզումէն ետք, հաւանական քաղաքական շարժում մը չէր։
1978-ին հիմնուած Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութիւնը 1984-ին սկսաւ իր զինեալ ապստամբութիւնը թրքական պետութեան դէմ։ Օճալան ձերբակալուեցաւ 1999-ին եւ մնաց բանտարկուած Իմրալը կղզիին վրայ։ Կղզին ունի քաղաքական նշանակութիւն։ 1960-ին Թուրքիոյ մէջ Ժողովրդավար կուսակցութեան դէմ տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջման հետեւանքով իշխանութենէն վար առնուեցան վարչապետ Ատնան Մենտերեսն ու իր կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահ Ճելալ Պայարը։ Իմրալը կղզիին վրայ բանտարկուեցան բոլորը, եւ ի վերջոյ Մենտերես մահուան դատապարտուելով՝ կախահան եղաւ, մինչ դիւանագիտական միջամտութիւնները յաջողեցան փրկել Պայարի կեանքը։ Ներկայիս Իմրալը կղզին կը շարունակէ մնալ զինուորական կեդրոն, որ ունի բանտ, իսկ դէպի կղզի մուտքը քաղաքացիներուն արգիլուած է։
1984-ին սկիզբ առած զինեալ պայքարը մինչեւ օրս պատճառ դարձած է շուրջ 40,000 զոհերու՝ նկատի ունենալով, որ պայքարի ծաւալը ընդարձակուած է նաեւ դէպի Սուրիա եւ Իրաք։ PKK-ն, իր կարգին, Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներուն, Թուրքիոյ եւ ուրիշներու կողմէ ճանչցուած է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն։
Տասնամեակներու ընթացքին ներքին քաղաքական դաշտին մէջ զանազան փորձեր կատարուած են վերջնական լուծում մը գտնելու Քրտական հարցին համար։ Իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը 2009-ին առաջին անգամ սկսաւ Քիւրտերուն եւ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան հետ բանակցութիւններու լուրջ գործընթաց մը, որուն ընթացքին նոյնիսկ գաղտնի տեսակցութիւններ կազմակերպուեցան Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ։ Սակայն 2011-ին այս գործընթացը ձախողեցաւ։
2009-ի գործընթացը լուրջ էր։ Իշխանութիւնները արտօնեցին քրտերէնով պետական հեռատեսիլի կայանի սփռումները, PKK-ի անդամներուն արտօնուեցաւ ապահով վերադառնալ Թուրքիա, իսկ կուսակցութիւնը, իր կարգին, յայտարարեց զինադադար։ Այս գործընթացը նաեւ քաջալերուած էր 2009-ի ներքին ինքնակառավարման մարմիններու ընտրական արդիւնքներով, որոնց շնորհիւ քրտամէտ կուսակցութիւնը, ճանչցուած իբրեւ PKK-ի քաղաքական թեւը, դրական արդիւնք արձանագրեց՝ ունենալով քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ։ Սակայն օրին ընդդիմութիւն սկսաւ Հանրապետական Ժողովրդական եւ Ազգայնական Շարժում կուսակցութիւններուն կողմէ, որոնք բարձրաձայնեցին ազգային շահերու շուրջ մտահոգութիւններ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ այդ ժամանակ իշխող կուսակցութիւնը տակաւին Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան դաշնակիցը չէր։ 2011-ին արդէն վերսկսան զինեալ բախումները, եւ բանակցութիւնները ձախողեցան։
Իշխող խմբակցութիւնը 2013-ին վերադարձաւ նոր փորձով մը։ Մարտ 2013-ին Ապտուլլահ Օճալան բանտէն կոչ ուղղեց զինադադար մը յայտարարելու եւ PKK-ի զինեալները Թուրքիոյ տարածքէն դէպի հիւսիսային Իրաք յետ քաշելու։ Կառավարութիւնը, իր կարգին, կազմեց 63 անհատներէ բաղկացած խորհուրդ մը, որուն աշխատանքը դարձաւ շրջիլ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքը եւ հաւաքագրել կարծիքներ ու աջակցութեան մակարդակ՝ իրագործուելիք լուծումին մասին։ Սակայն այս նախաձեռնութիւնը անգամ մը եւս ձախողեցաւ՝ առաջին հերթին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, որովհետեւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հռչակուած քրտական ինքնավար պետութիւնը յոյս ներշնչեց քիւրտերուն աւելի նպաստաւոր լուծման մը մասին։ Միւս կողմէ, Յունիս 2015-ին տեղի ունեցած Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին իշխող խմբակցութիւնը կորսնցուց իր բացարձակ մեծամասնութիւնը, իսկ քրտամէտ կուսակցութիւնը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց։ Յուլիս 2015-ին երկու թուրք ոստիկաններու սպաննութիւնը վերջ դրաւ այս գործընթացին։
Այս երկու գործընթացներու դասը իշխանութիւններուն համար եղաւ այն, որ որեւէ խաղաղութեան գործընթաց պէտք չէ սկսի քաղաքական բնականոնացումէն, այլ՝ PKK-ի զինաթափումէն՝ արգիլելու համար հակամարտութիւններու վերսկսման կարելիութիւնը։ Այս դասը ինքնին ցոյց կու տայ, թէ 2025-2026-ի ներկայ գործընթացը ինչո՛ւ տարբեր է։
Այս նոր ընթացքը սկիզբ առաւ Փետրուար 2025-ին, երբ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան բացայայտօրէն կոչ ուղղեց իր զինակիցներուն զինաթափ ըլլալու եւ սկսելու կազմակերպական ինքնալուծարման գործընթաց՝ այսպիսով նաեւ յայտարարելով զինեալ պայքարի աւարտը։
Սակայն այս բոլորէն առաջ քաղաքական դաշտը ինքնին պատրաստութեան մէջ էր։ Հոկտեմբեր 2024-ին քրտամէտ շարժումներուն ամենէն կոշտ ընդդիմադիր՝ Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան ղեկավար եւ իշխանութիւններու դաշնակից Տեւլէթ Պահչելի նախագահ Էրտողանին կոչ ուղղեց Ապտուլլահ Օճալանը ներգրաւելու խաղաղութեան ուղղութեամբ որեւէ գործընթացի մէջ։ Միւս կողմէ, Դեկտեմբեր 2024-ին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը եւ Պաշար Ասատի անկումը յաւելեալ ապացոյց էին, որ շրջանային քարտէսը փոփոխութիւններու եզրին է, եւ Դամասկոսի նոր մեծաւորները ամէն գնով պիտի ենթարկեն հիւսիսային քրտական շարժումները իրենց վերահսկողութեան։
Գործընթացը միայն Օճալանի, PKK-ի եւ թրքական պետութեան միջեւ զարգացող ներքին համաձայնութիւն մը չէ։ Անոր յաջողութիւնը կախուած է նաեւ տնտեսական պայմաններէն, նախկին զինեալներու ապագայ կարգավիճակէն, խորհրդարանի որդեգրելիք օրէնքներէն եւ, ամենակարեւորը, Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող քրտական զինեալ կառոյցներու ապագայէն։ 2025-2026-ի զարգացումները ցոյց տուին, որ Անգարա «Ահաբեկչութենէ զերծ Թուրքիա» գաղափարը միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ չի պատկերացներ։ Անոր համար PKK-ի լուծարումը ամբողջական կրնայ ըլլալ միայն այն պարագային, երբ սահմանակից Իրաքն ու Սուրիան եւս դադրին կազմակերպութեան կամ անոր կապուած կառոյցներուն համար ինքնավար ռազմական տարածքներ ըլլալէ։
Տնտեսական հարցերը եւս ամբողջովին առանձնացած չեն Թուրքիոյ քրտական հակամարտութենէն։ Տասնամեակներ շարունակ, Թուրքիոյ Հարաւարեւելեան նահանգները տնտեսական զարգացման հիմնական ցուցանիշներով ետ մնացած են։ 29 Դեկտեմբեր 2024-ին, Անգարա յայտարարեց մինչեւ 2028 շուրջ 496.2 միլիառ թրքական լիրայի կամ 14 միլիառ տոլարի ներդրում կատարել այդ նահանգներուն մէջ շուրջ 198 ծրագիրներու միջոցաւ։ Ծրագիրը կը ներառէ ոռոգում, երկրագործութիւն, զբօսաշրջութիւն, արդիւնաբերութիւն եւ ենթակառուցուածքներ։ Օրինակի համար, 2023-ին Ուրֆայի մէջ աշխատաւորի միջին տարեկան եկամուտը կը կազմէր 4,971 ամերիկեան տոլար, մինչ ընդհանուր Թուրքիոյ միջինը նոյն տարին 13,243 ամերիկեան տոլար էր: Այս ծրագիրը Օճալանի Փետրուար 2025-ի կոչէն առաջ յայտարարուած էր: Թերեւս սխալ պիտի ըլլայ զայն ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան դիմաց տնտեսական վճարում, սակայն ան ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնները գիտակցեցան, որ ամբողջական բնականոնացումը եւ համարկումը պէտք է նաեւ ունենայ տնտեսական որոշ գին մը։
Այս իրողութիւնը արդարացուց Ելեւմուտքի նախարար Մեհմեթ Շիմշէք երբ ըսաւ, որ Թուրքիան շուրջ հինգ տասնամեակի ընթացքին ահաբեկչութեան պատճառով կրած է մօտ 1.8 թրիլիոն տոլարի հասնող տնտեսական վնասներ: Այսինքն, 14 միլիառ տոլարի ներդրումները փոխան խաղաղութեան այնքան էր սուղ գին մը չէ։ Թիւը կրնայ ճշգրիտ չըլլալ ու քարոզչութեան համար օգտագործուած ըլլայ, սակայն իրողութիւն նաեւ, որ ներքին պատերազմը տնտեսական ամենէն վատ պայմանները կ՛ստեղծէ: Հակամարտութեան վերջը կրնայ նուազեցնել ռազմական ծախսերը, բարձրացնել ներդրումներն ու զբօսաշրջութիւնը եւ ամրապնդել հարաւարեւելեան նահանգներու տնտեսական ու առեւտրական կարողականութիւնը: Սակայն տնտեսական ներդրումները չեն կրնար փոխարինել քաղաքական ու նաեւ մշակութային լուծումը, որովհետեւ քրտական հարցը նաեւ լեզուի, ինքնութեան, ներկայացուցչութեան եւ տեղական կառավարման հարց է։
Կոչէն ետք քրտամէտ կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն արտօնուեցաւ այցելել Օճալանին։ Ասիկա նաեւ նշանակալից փոփոխութիւն էր, որովհետեւ նախապէս Օճալանի կապը Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ էր եւ երբեք ուղղակիօրէն՝ քրտամէտ կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ, առնուազն բացայայտօրէն։ Հետեւաբար, այս պարագային գլխաւոր դերակատարները միայն իշխանութիւնները չեն, այլ նաեւ՝ արտաքին իմաստով Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած փոփոխութիւնները եւ ներքին իմաստով՝ Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան կեցուածքի փոփոխութիւնը։ Օճալան, իր կարգին, քրտամէտ կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ իր երրորդ հանդիպման աւարտին ըսաւ, որ PKK-ի հիմնադրութեան պատմական պայմանները ներկայիս փոխուած են, եւ կուսակցութեան յաջորդ ընդհանուր ժողովը պէտք է որդեգրէ զէնքը վար դնելու եւ ինքնալուծարուելու որոշումը։
Օճալան գոհացուց իշխանութիւնները, որովհետեւ լուծարման եւ զինաթափման կոչերով ինք հարցը ամբողջովին փոխադրեց քաղաքական դաշտ։ 1 Մարտ 2025-ին PKK-ն արդէն իսկ զինադադար յայտարարեց եւ շեշտեց, որ կուսակցութիւնը պիտի արձագանգէ Օճալանի կոչին։
Քրտամէտ կուսակցութեան ներկայացուցիչները այսպիսով սկսան պնդել, որ «գնդակը» ամբողջութեամբ կառավարութեան դաշտին մէջ է, եւ իրաւական երաշխիքներ պահանջուած են՝ փոխհասկացողութեամբ եւ վստահութեամբ շարունակելու գործընթացը։ Միւս կողմէ, իշխանութիւնները պնդեցին, որ գործընթացը սակարկութեան սեղան չէ, եւ թէ պահանջուածը նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ PKK-ի դաշնակից ու ուղեկից բոլոր կառոյցներու զինաթափումն է։
Խորագիրներու մակարդակով եւս տարբերութիւններ գոյութիւն ունէին։ Օճալան զայն կոչեց «Խաղաղութեան եւ Ժողովրդավարական Հասարակութեան» գործընթաց, մինչ իշխանութիւնները՝ «Ահաբեկչութենէ զերծ Թուրքիա»։ Երկու միտքերուն արդիւնքը քաղաքական փոփոխութիւններն ու լուծումն է, սակայն Օճալանի համար խաղաղութիւնն է յայտարարութեան առանցքը, մինչ իշխանութիւններուն համար ամբողջական շրջանային զինաթափումն է խաղաղութեան նախապայմանը։
Քրտամէտ կուսակցութիւնը այսպիսով դարձաւ քաղաքական միջնորդ։ Կուսակցութիւնը բանակցութիւններն ու փոխհասկացողութիւնը որակեց իբրեւ «կառուցողական», իսկ Օճալան պահը՝ իբրեւ «պատմական»։ Իշխանութիւններուն մօտեցումը այս անգամ աւելի ամբողջական էր, որովհետեւ Օճալան քիւրտերուն համար ռազմական բացարձակ հեղինակութիւն է, մինչ քրտամէտ կուսակցութիւնը քաղաքական հեղինակութիւն է եւ միակ ուժը, որ կրնայ բոլոր հարցերը փոխադրել խորհրդարան։
Հետաքրքրական է, որ այս բանակցութիւնները սկսան այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ մէջ ընդդիմութեան դէմ ճնշումները սաստկացած էին։ Օրինակի համար, 19 Մարտ 2025-ին էր, որ ձերբակալուեցաւ Պոլսոյ քաղաքապետ եւ Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութեան գլխաւոր դէմքերէն Էքրեմ Իմամօղլու։ Այս վիճակը բնականաբար պիտի ստեղծէր անվստահութիւն, որովհետեւ քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական համարկման բանակցութիւններու կողքին ընդդիմութիւն մը կար, որ ամէնօրեայ հալածանքի ենթարկուած էր։ Սակայն ծրագիրը շարունակուեցաւ այն տրամաբանութեամբ, որ շրջանային պայմանները չէին ներեր անոր փլուզումը։
5-7 Մայիս 2025-ին հիւսիսային Իրաքի մէջ գումարուեցաւ PKK-ի 12-րդ ընդհանուր ժողովը, եւ 12 Մայիսին յայտարարուեցաւ կուսակցութեան լուծարումը։ Այս քայլը արդէն բանակցութիւններուն ամբողջական տեղաշարժ պատճառեց, որովհետեւ նախկին փորձերը նման արդիւնքի չէին հանգած։ Սակայն այլ խնդիր մը ծագեցաւ․ PKK-ի զինեալները ո՞ւր պիտի հաստատուին։ Անոնցմէ ոմանք կարելիութիւնը ունէին վերադառնալու Թուրքիա եւ քաղաքացիական բնականոն կեանք մը ապրելու, սակայն ուրիշներ ստիպուած էին մնալ հիւսիսային Իրաքի մէջ, ուրիշներ անցան հիւսիսային Սուրիա, իսկ մասնակի լուծման համար տակաւին պէտք էր սպասել աւելի քան մէկ տարի։
9 Յուլիս 2025-ին, հրապարակուեցաւ 1999-ի ձերբակալութենէն ի վեր Ապտուլլահ Օճալանի առաջին ուղերձը։ Օճալան անգամ մը եւս յայտարարեց, որ զինեալ պայքարի փուլը աւարտած է եւ առաջարկեց խորհրդարանական յանձնաժողով մը ստեղծել։ Երկու օր ետք՝ 11 Յուլիսին, PKK-ի երեսուն զինեալներ հիւսիսային Իրաքի Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ հրապարակային ձեւով վերացուցին իրենց զէնքերը։ Թիւը փոքր էր, սակայն իսկական փաստ էր, որ այս անգամ պահը տարբեր է եւ քայլերը իսկական:
Այս հանգրուանը նաեւ աւելի յստակ դարձուց Օճալանի հակասական դիրքը։ Թրքական պետութիւնը կը շարունակէ PKK-ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատել եւ չի ներկայացներ Օճալանը իբրեւ հաւասար բանակցող կողմ, բայց գործընթացին յաջողութիւնը մեծ չափով կախուած է Օճալանէն։ Այսինքն, պետութիւնը Օճալանի հեղինակութեան կարիքը ունի PKK-ի ռազմական հեղինակութիւնը վերացնելու համար։ Քրտամէտ կուսակցութիւնը այս պատճառով Օճալանի հետ հաղորդակցելու աւելի լայն ազատութիւններ պահանջեց, որ մասնակի կերպով իրականացաւ:
Իրաքեան Քիւրտիստանը այս միջոցին դարձաւ զինաթափման հիմնական տարածքը։ Տասնամեակներ շարունակ PKK-ի ռազմական ենթակառոյցը մեծ մասամբ հոն կեդրոնացած էր, իսկ Թուրքիան պարբերաբար օդային եւ ցամաքային գործողութիւններ կը կատարէր կազմակերպութեան դէմ։ Նոր պայմաններուն մէջ նոյն տարածքը սկսաւ գործածուիլ զինաթափման համար: Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան նախագահ Նեչիրվան Պարզանի աջակցութիւն յայտնեց գործընթացին, իսկ թրքական եւ իրաքեան կառոյցները գործակցեցան զինաթափման ու սահմանային անվտանգութեան շուրջ։ Այս դասաւորումը նաեւ PKK-ի անդամներուն առիթ տուաւ Թուրքիոյ տարածքէն դուրս գալու՝ առանց անմիջապէս լուծելու անոնց Թուրքիա վերադարձի դժուար իրաւական հարցը։
Սակայն, Սուրիան մնաց գործընթացին ամենէն կարեւոր շրջանային հարցը։ Թուրքիան, Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար մարզի ուժերը կը նկատէ իբրեւ PKK-ի շարունակութիւնը։ Փետրուար 2025-ի կոչէն ետք Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի ողջունեց գործընթացը, սակայն ըսաւ, որ զինաթափման պահանջը իր ուժերուն չի վերաբերիր։ Անգարան հակառակ դիրք որդեգրեց եւ պահանջեց, որ Սուրիոյ մէջ PKK-ի հետ կապուած զինեալ կառոյցներն ալ վերջ տան իրենց ինքնավար գոյութեան։
Ահմատ ալ-Շարաայի նոր իշխանութեան հաստատումէն ետք Թուրքիան դարձաւ Դամասկոսի գլխաւոր արտաքին գործընկերներէն եւ ամենաազդեցիկ տարածաշրջանային դերակատարներէն մէկը։ 2025-ին ստորագրուեցաւ Թուրքիա-Սուրիա ռազմական գործակցութեան համաձայնագիր, որուն արդիւնքով, Թուրքիան սկսաւ սուրիական բանակին տրամադրել զէնք, զինամթերք, փորձառութիւն եւ ընդհանրապէս աջակցութիւն։
10 Մարտ 2025-ին Դամասկոսն ու Սուրիոյ քրտական ուժերը առաջին համաձայնագիրը կնքեցին քրտական քաղաքացիական եւ ռազմական կառոյցները սուրիական պետութեան մէջ համարկելու նպատակով։ Գործադրութիւնը երկար ժամանակ դանդաղ ընթացաւ, որովհետեւ յստակ չէր, թէ քրտական ուժերը պիտի մնան իբրեւ ինքնավար ռազմական զօրաբաժիններ, թէ պիտի համարկուին Սուրիական նորակազմ բանակին մէջ: Յունուար 2026-ին, Սուրիոյ զինեալ ուժերը յառաջխաղացք արձանագրելով հասան ու մուտք գործեցին Ռաքքայի, Տէր Զորի եւ հիւսիսարեւելքի այլ շրջաններ, տկարացնելով քրտական դիրքերը։
Այս գործընթացը իր վճռական հանգրուանին աւարտին հասաւ 20 Օգոստոս 2026-ին, երբ Մազլում Ապտի Գամիշլիի մէջ յայտարարեց, որ Սուրիոյ քրտական վարչակազմը, ռազմական կառոյցը եւ վարչական մեքենան ամբողջութեամբ Սուրիոյ պետութեան մէջ համարկուած են: Ապտի նաեւ յայտարարեց, որ այսուհետեւ քրտական պայքարին հիմնական ուղղութիւնը պիտի ըլլայ իրենց իրաւունքները ամրագրել Սուրիոյ սահմանադրութեան մէջ։ Սուրիական կողմը իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը լուծարումը եւս մօտ ապագային կ՛սպասուի:
Վերադառնալով Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան, 5 Օգոստոս 2025-ին, Թուրքիոյ Ազգային Ժողովին մէջ ստեղծուեցաւ Ազգային Համերաշխութեան, Եղբայրութեան եւ Ժողովրդավարութեան Յանձնաժողովը։ Գրեթէ բոլոր խորհրդարանական կուսակցութիւնները մասնակցեցան։ Այսպիսով գործընթացը առաջին անգամ ըլլալով տեղափոխուեցաւ նաեւ խորհրդարանական եւ իրաւական դաշտ։
18 Փետրուար 2026-ին խորհրդարանական յանձնաժողովի 50 անդամներէն 47-ի թեր քուէով ընդունուեցաւ զինաթափումն ու իրաւական-ժողովրդավարական քայլերը փոխադարձաբար առաջ տանելու որոշումը եւ PKK-էն անդամ նախկին զինեալներու քաղաքացիական կարգավիճակի լուծում մը գտնելը։ Ոորշումը նաեւ անդրադարձաւ հակաահաբեկչական օրէնքներու, խօսքի ազատութեան, դատական որոշումներու գործադրութեան եւ ընտրուած քաղաքապետներու փոխարինման հարցերուն։
10 Օգոստոս 2026-ին խորհրդարանը 468 թեր քուէներով ընդունեց Ազգային Համերաշխութեան եւ Հասարակական Համարկման Ամրապնդման մասին օրէնքը, որ 18 Օգոստոսին հրապարակուեցաւ իբրեւ Թիւ 7595 օրէնք։ Ան կը ստեղծէ այն իրաւական համակարգը, որով որոշ PKK անդամներու դէմ քննութիւնները, դատավարութիւնները կամ վճիռներու գործադրութիւնը կրնան որոշ պայմաններով յետաձգուիլ՝ զինաթափման պաշտօնական հաստատումէն ետք։ Սակայն, ծանր յանցագներ գործողները դուրս կը մնան այս առիթէն եւ օրէնքը չի փոխեր Ապտուլլահ Օճալանի կարգավիճակը։
Հետեւաբար, ներկայ գործընթացը կրնայ որակուիլ իբրեւ յաջողութեան ճամբուն վրայ գտնուող բանակցային գործընթաց։ Սակայն գործադրութիւնն է, որ պիտի ցոյց տայ այս բոլորին իսկական արդիւնքը։ Օճալան, առնուազն ներկայիս, պիտի մնայ բանտը։ Ծանր յանցագներ կատարած անձերը պիտի մնան կա՛մ երկրէն դուրս, կա՛մ բանտը։ Միւս կողմէ, արդեօք տնտեսական օժանդակութիւնները բաւարար պիտի ըլլա՞ն վերականգնելու քրտական մեծամասնութիւն ունեցող նահանգները։ Պէտք չէ մոռնալ, որ տնտեսական ծրագիրը նախատեսուած է 2024-2028 տարիներուն համար։ 2028-ին տեղի պիտի ունենան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ քիւրտերուն կեցուածքը այս ընտրութիւններուն նկատմամբ, եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ իրավիճակը անկէ ետք։ Այդ է ներկայիս իսկական հարցումը։
Անսպասելի էր Օճալանի յայտարարութիւնը, բայց ոչ զարմանալի։ Զինեալ պայքարը պէտք է ունենայ նաեւ քաղաքական հասկացողութիւն եւ հասունութիւն։ Շրջանային վիճակը, Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը եւ 2028-ի նախագահական ընտրութիւնները ստեղծեցին այնպիսի պայմաններ, որ իշխանութիւնները պէտք է զսպեն կամ համաձայնին լայն ընդդիմութեան այս կամ այն ուժերուն հետ՝ կայունացնելու համար ոչ միայն քաղաքական դաշտը, այլեւ տնտեսական իրավիճակը։ Իսկ PKK-ն պէտք էր ապահովէր որոշ շահեր եւ չուշանար, որովհետեւ շրջանային պայմանները արագ փոփոխութեան մէջ էին, ու այլեւս յոյս չկար Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար պետութեան մը վրայ, ինչպէս նաեւ ներքին քաղաքական մեծ փոփոխութիւններու։ Ասիկա ակնյայտ դարձաւ 2023-ի նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններէն եւ 2024-ի ներքին ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ետք՝ իշխանութիւններուն գործադրած ճնշումներով՝ այլ կուսակցութիւններու քաղաքապետներն ու քաղաքապետական խորհուրդներու անդամները իրենց շարքերուն ներգրաւելու համար՝ տեղական տնտեսական օժանդակութիւններու դիմաց, փոխանակ տարիներ շարունակ անտեսման տարբերակին։
Թուրքիոյ քաղաքական ներքին իրավիճակը, Հանրապետական կուսակցութեան ներքին տագնապը եւ Օզկիւր Օզէլի «Նոր» կուսակցութեան հիմնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան նահանջած վարկը ու «Լաւ» կուսակցութեան որոշակի անկումը ցոյց կու տան, որ ընդդիմութիւնը գրեթէ քայքայուած է։ Պէտք է այստեղ նշել, որ վերջերս քաղաքական դաշտէն հեռացաւ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ վարչապետ Ահմէտ Տաւուդօղլու, որ Էրտողանի դաշնակից կամ ընդդիմադիր էր, որ ձախողեցաւ իշխող կուսակցութեան մէջ հսկայ անջատողական շարժումներ ստեղծել։ Մամլոյ որոշ աղբիւրներ նոյնիսկ նշեցին, որ Տաւուդօղլու փորձած էր իր կուսակցութիւնը վերամիացնել իշխող խմբակցութեան եւ հաշտուիլ, սակայն նախագահ Էրտողան մերժած էր։ Հետեւաբար, քիւրտերը հենարան պէտք ունին։ Զարմանալի թող չըլլայ, եթէ 2028-ի ընտրութիւններուն քիւրտերը որդեգրեն իրենց առանձին թեկնածուն եւ այդպիսով շուրջ 10 առ հարիւր խլեն ընդհանուր ընդդիմութեան քուէներէն ու միասին պարտուին, կամ ալ ամբողջովին թեկնածու չորդեգրէ եւ իր քատրերուն կոչ ուղղէ քուէարկելու իրենց համոզումներուն համաձայն։ Իմ կարծիքով, առաջինը աւելի հաւանական է։

