Հայաստան
Երեւան՝ «Ցաւդ տանեմ»…
Գէորգ Պետիկեան
Այդ օրերուն երբ տակաւին Երեւան էի: Սեպտեմբերը արդէն կիսուած էր, եւ մեր հայրենիքի քառորդ դարու անկախութեան տօնախմբութիւնները իրենց աւարտին հասած էին: Բայց միւս կողմէ ալ մայրաքաղաքի ծննդեան 2798 ամեակի նախապատրաստական մեծածախս աշխատանքները տեսանելի էին: ՀրաÕ


Սիրելի եւ Յարգելի Գէւորգ Պետիկեան, Կարդացի բոլոր գրութիւններդ, նաեւ ԲԱՐԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, արտայայտիչ, տպաւորիչ եւ յուզիչ։ Ան որ ցաւ ունի թող Հայաստան երթայ, ինչու? Որովհետեւ Աշխարհի վրայ միակ երկիրն է «ցաւդ տանիմ» կ՚ըսեն, հակառակ իրենց կրած զանազան եւ բազմազան ցաւերուն։ Հսկայական աշխատանք կայ տարուելիք, վերականգնելու մեր ազգային գիտակցութիւնը եւ արժանապատուութիւնը, միջազգային տուեալներով տասը միլիառդ տոլար գողցուած է Հայաստանէն եւ կը գտնուին տարբեր դրամատուներու մէջ, փաստուած իրողութիւն, եթէ մեր ղեկավարութիւնը փափաքը ունի Հայրենիք կերտելու ուրեմն այդ կողոպտուած գումարները ետ կը բերուին Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութիւնը զարգացնելու եւ Հայկական բանակները արդիականացնելու, արտագաղթի փոխարէն տեղի կ՚ունենայ ներգաղթ։ Օգտուինք մեր արտագաղթած գիտնականներէն եւ մասնագէտներէն եւ իրենց առիթներ տրուին ստեղծագործելու եւ արտադրելու, այսպիսով միայն կարող ենք Հայրենիք կերտել եւ ոչ թէ պալատներ կառուցելով։ Հայը ճանչցուած է իբրեւ պարկեշտ եւ վեհանձն, ուրեմն ամէն անձ իր պարտականութիւնը թող կատարէ վեհանձնութեամբ։ Կը հպարտանանք իբրեւ Առաջին Քրիտոնեայ պետութիւն, որակաւոր բարձր մշակոյթ, բայց ցաւ ի սիրտ Հայ ժողովուրդը ատոր համապատասխան կեանք մը չունի իր իսկ Հայրենիքին մէջ։ Մենք արժէքներով եւ արժանիքներով Ազգ մըն ենք ուրեմն կարեւոր է արժեւորելու համար այդ հանգամանքը, նշենք, սրբագրենք եւ ճշդենք մեր սխալները եւ յառաջ երթանք դէպի լաւը եւ լաւագոյնը։ Երկրին մէջ կարգ ու կանոնը վերահաստատուի արդարութեամբ։ Վերջերս կարդացի, Իրանի մէջ դատախազ մը երկու առիթներով դրամական մսխում կատարած է եւ արժանացաւ 135 մտրակի։
Յուսամ, մաղթեմ եւ աղօթեմ նորընտիր վարչապետ՝ Կարապետյանը կարգի բերէ այս բոլոր հարցերը։ Ամէն։