ԳլխաւորՀայրենի Աշխարհ
Ջահերով Երթ` Դէպի Ծիծեռնակաբերդ
Հայրենասիրական երգերով ու պահանջատիրական կոչերով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր հասած երթի հազարաւոր մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ եղեռնի աւելի քան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին: Անմար կրակին մօտ հոգեւորականներ աղօթեցին առ Աստուած, խոնարհուեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշակները: Երիտասարդները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ: Երթին կը մասնակցէին բազմահազար երիտասարդներ` տարբեր կուսակցութիւններէ, հասարակական կազմակերպութիւններէ, ուսանողական միութիւններէ, ինչպէս նաեւ անհատ քաղաքացիներ:


