Յօդուածներ

Պարտաւոր Ենք Նոր Ձեւ, Թափ Եւ Ուժականութիւն Հաղորդել

 

Խաժակ Մկրտիչեան

Սոյն խօսքը, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը փոխանցեց, Ուրբաթ Ապրիլ 24-ին, Նիւ Ճըրզիի Հ․Յ․Դ․ «Դրօ» կոմիտէութեան եւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցուոյ հոգաբարձութեան կազմակերպած ձեռնարկին՝ տեղւոյն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Մենք հաւաքուած ենք ոգեկոչելու 1915-ին սաստկացած ու մինչ օրս շարունակուող ծրագրուած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերուն յիշատակը:

Մենք հաւաքուած ենք նաեւ յարգելու վերապրողներու յիշատակը, որոնք դիմացան անտանելիին եւ իրենց տոկունութեամբ ու պայքարելու կամքով շարունակեցին իբրեւ ազգ գոյատեւել, մշակոյթ եւ հաւատք պահպանել։

Մեր այս հանդիպումը կիսատ պիտի ըլլայ, եթէ չյիշենք Բաքուի, Սումկայիթի ու Արցախի բռնի հայաթափման ոճրային փաստերը, որոնք հարիւրտասնմէկամեայ շարունակուող ցեղասպանական նոյն շղթայի օղակներն են:

Advertisement Subscribe Today

Այո, հաւաքաբար յիշել ու չմոռնալ եւ գիտակցիլ, որ հայ ազգի նկատմամբ գործադրուող ցեղասպանութիւնը կը թիրախաւորէ հայուն՝ արեւելահայուն ու արեւմտահայուն, ողջ հայութեան ազգային գոյութիւնը:

Ես մէջբերեմ տարբեր ժամանակներու մէջ ապրած երկու մեծութիւններու՝ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պարոյր Սեւակի խօսքերը, որոնք անիծելու սաստկութեամբ կը շեշտեն յիշելու պարտաւորութիւնը:

Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք:

Ախ ինչպէ՞ս, ո՞նց մոռանալ արհաւիրքն այն օրերին: Աշխարհում ով մոռանայ, ջուխտ աչքով թող կուրանայ

Մենք հաւաքուած ենք հաստատելու ցեղասպանութիւնը յիշելու մեր վճռակամութիւնը, բայց նաեւ խարանելու բոլոր անոնց, որոնք այսօր դաւաճանաբար կը փորձեն ազդել մեր հաւաքական յիշողութեան վրայ, մոռացութեան մատնել մեր ազգի նկատմամբ անցեալի ու ներկայի ցեղասպանական ոճիրները:

Յիշելը, սակայն, պէտք չէ ընկալել իր սոսկ բառարանային իմաստով, այլ զայն բնութագրել մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի ու քաղաքական ոճրային ծրագրի յստակ գնահատումով:

Այդ մէկը ճշկրիտ կատարելու համար պէտք է գիտակցիլ.

-Հայոց Ցեղասպանութիւնը անցեալ դարասկիզբին գործադրուած ու աւարտած ոճիր մը չէ, այլ մինչեւ այսօր շարունակուող քաղաքական ճիւաղային ու ոճրային ծրագիր, որ կը հասնի Արցախի մէջ ի գործ դրուած ազգային զտման ու բռնի հայաթափման:

-Հայոց Ցեղասպանութեան անպատիժ մնալը, առիթ տուած է, որ այն շարունակուի, նոր ծաւալ ստանայ ու նոր ձեւով վերակիարառուի:

-Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող բազմաթիւ բանաձեւեր, որոնք տքնաջան աշխատանքներով արձանագրուած իրաւական ու բարոյական մեծ նուաճումներ են, բայց անոնք չկրցան պատուարել ու կասեցնել մեր թշնամիներու ցեղասպանական նկրտումները, որովհետեւ անոնց մէջ կը պակսի դահիճի հաշուետուութիւնն ու պատիժը:

Ուստի, յիշատակում՝ առանց խորունկ քննութեան ու պահանջատիրութեան, կը դառնայ յարգանքի արարողակարգ։

Եւ արարողակարգ առանց պայքարի յանձնառութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը դարձնէ անցեալի մէջ փակուած էջ։

Պէտք է յիշել ու տեսնել այն ինչ կատարուած է անցեալին, բայց զայն տեղադրել այսօր կատարուածի կողքին ու տեսնել այն ինչ որ կը կատարուի մեր շուրջ ներկայիս:

Նորագոյն ու ամենաշօշափելի պատկերը ցայտուն կերպով կ’երեւայ Արցախի մէջ գործադրուած ցեղասպանութեամբ։ Աւելի քան 150,000 հայեր բռնի տեղահանուեցան ու արմատախիլ եղան իրենց հազարամեայ հայրենիքէն, քաղաքակիրթ կոչուած անբարոյ աշխարհի աչքին առջեւ:

Այսօր ազգովին կը գտնուինք վճռական հանգրուանի մը մէջ, ուր արտաքին ու ներքին ուժեր, ձեռք ձեռքի տուած կը փորձեն պարտադրել մեզի համակերպիլ ու հաշտուիլ մեր ազգային իրաւունքներու ոտնահարման հետ, մոռնալ մեր ազգին նկատմամբ գործադրուած հին ու նոր ցեղասպանութիւնները, լռել մեր ազգային մշակութային հարստութեան ոչնչացման ի տես, ծափահարել Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու պետականութեան խարխլման:

Եւ այս բոլորը մեզի կը հրամցուի «խաղաղութեան» եւ յարաբերութիւններու «բնականոնացման» շղարշի տակ։

Խաղաղութեան կեղծ լօզունքի տակ.

-Կ’ամրագրէ Ատրպէյճանի ցեղասպանութեամբ ձեռք բերած պտուղները, կը պարգեւատրէ յանցագործութիւնը, կը քաջալերէ եւ կը լկտիացնէ ոճիրի հեղինակները, կը նախապատրաստէ նոր յարձակումներու։

-Կ’ամրապնդէ Հայաստանի հողային կորուստները, անվտանգութեան զէրոյացումը ինքնիշխանութեան ի սպառ բացակայութիւնը

-Յաւիտեան Արցախցի փախստականները դուրս կը պահէ իրենց տուներէն՝ արգիլելով անոնց վերադարձի իրաւունքը, որ հիմնաւորուած է միջազգային օրէնքով: Արցախի հայերու վերադարձի իրաւունքին պաշտպանութիւնը լոկ մարդկային իրաւունք մը ապահովելու պայքար չէ, այլ՝ ան էական իրաւունքի վերականգնում է՝ կասեցնելու համար ցեղասպանութեան ընթացքը, որ կը շարունակուի իւրաքանչիւր զիջումի հետ։

Յարաբերութիւններու բնականոնացման տակ

-Ցեղասպան թուրքը կը ձերբազատէ պատմական այս ոճիրը գործադրելու պատասխանատուութենէն:

-Կ’անտեսէ Արցախի մէջ իրականացուած ցեղասպանութեան մէջ Թուրքիոյ հիմնական մասնակցութիւնը, ուր Թուրքիա իր հայաջնջման հարիւրամեայ ծրագիրը կը շարունակէր փանթուրանական մեծ երազանքի հետքերով:

-Աշխարհաքաղաքական սխալ հաշուարկներով կ’ամրացնէ տարածաշրջանային մակարդակի վրայ Թուրքիոյ դերի բարձրացման եւ Հայաստանի գոյութիւնը մեծ հարցականի տակ կը դնէ:

-Հայավնաս պայմաններով ստեղծուած միջանցքներ տրամադրելով Հայաստան կը զրկուի իր ինքնիշխանութիւնը պահպանելու կարեւոր լծակներէ:

Հակահայ վերոնշեալ քաղաքականութեան ընդդիմացողները այսօր թիրախ դարձած են ոչ միայն արտաքին թշնամական ուժերու, այլ նաեւ ուղղակիօրէն կը հալածուին ներքին լծակիցներուն կողմէ: Պարտուողական ու նահանջողական մօտեցումներ կրող Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն բացայայտ կը թիրախաւորեն հայ ազգային գաղափարախօսութիւն կրող ուժերը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Հայ Սփիւռքը, մասնաւորաբար Հայ Դատ հետապնդող եւ հայութեան շահերու պաշտպանութեան լծուած կառոյցները:

Ճիշտ ասոր համար կ’ըսէի, որ միայն յիշելը բաւարար չէ եւ անհրաժեշտ է որ հայութեան մէկ մասնիկը հանդիսացող Սփիւռքը շարունակէ իր պայքարը հետեւեալ ուղղութիւններով

-Յիշելու ու ճանաչման գծով տարուած աշխատանքին զուգահեռ, ցուցաբերել պահանջատիրական մօտեցում եւ յառաջ մղել արդար հատուցման խնդիրը:

-Բոլոր ճանաչման բանաձեւեր ընդունած կողմերը դնել այդ ճանաչման տէր կանգնելու պատասխանատուութեան առջեւ, որովհետեւ կեանքը ցոյց տուաւ, որ անհետեւանք ճանաչումները, բաւարար չեն նոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու:

-Տէր կանգնիլ, աջակցիլ ու շուրջը համախմբուիլ ներազգային այդ կառոյցներուն, որոնք հակահայ քաղաքականութեան եւ ուրացման ընդդիմանալը ստանձնած են իբրեւ առաքելութիւն:

-Դատապարտել ու պայքարիլ թշնամական ուժերուն լծակից դարձած ներազգային ուժերուն դէմ, որոնք կը փորձեն սրփել հաւաքական մեր յիշողութիւնը եւ իրենց հայավնաս քաղաքականութեամբ՝ ճամբայ կը բանան մեր ազգի ոչնչացումը հետապնդող ցեղասպանական նոր արարքներու:

Մենք պարտաւոր ենք մեր ազգային իրաւունքներուն համար մղուած պայքարին այսօր նոր ձեւ, թափ եւ ուժականութիւն հաղորդել, որովհետեւ հայութեան վրայ շղթայազերծուած յարձակումը այսօր շատ աւելի բազմաշերտ է, ու հուժկու:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button